18 Հոկտեմբերին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Հայ Դատի խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան շնորհաւորական այցելութեամբ հանդիպած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարք Գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս 21-րդ Մինասեանին:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի ներքաղաքական եւ բարոյաhոգեբանական վիճակին առնչուող հարցեր: Կարեւոր համարուած է յետպատերազմական շրջանին Արցախի Հանրապետութեան համազգային ճիգերով վերականգնողական աշխատանքներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը:
Անդրադարձ կատարուած է Սփիւռքի, մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի հայութեան անվտանգութեան մարտահրաւէրները դիմակայելու առաջնահերթութիւններուն եւ համահայկական ծրագրերու ընթացքին ու արդիւնքներուն: