Թուրք­իոյ նա­խա­գահ Ռե­ճէպ Թա­յիպ Էր­տո­ղան կր­կին անի­մաստ սպառ­նա­լիք­ներ հն­չե­ցու­ցած է։ Ան պար­ծե­նա­լով յայ­տա­րա­րած է, որ պի­տի ար­տաք­սէ արեւմտ­եան տա­սը եր­կիր­նե­րու, որոնց շար­քին՝ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու  դես­պան­նե­րը՝ թուրք իրա­ւա­պաշտ­պա­նը ազատ ար­ձա­կե­լու պա­հան­ջով յայ­տա­րա­րու­թիւն հրա­պա­րա­կել­նուն հա­մար։ Վեր­ջինս 2017-էն ի վեր անօ­րի­նա­կան կեր­պով բան­տարկ­ուած է, առանց որե­ւէ դա­տավ­ճի­ռի։
Ահա՛ Էր­տո­ղա­նի զայ­րաց­կոտ խօս­քե­րուն դարձ­դար­ձիկ նկա­րա­գի­րը.
20 Հոկ­տեմ­բե­րին, Էր­տո­ղան կոշտ քն­նա­դա­տու­թեան են­թար­կեց եւ սպառ­նաց ար­տաք­սել օտար եր­կիր­նե­րու տա­սը դես­պան­ներ, որոնք 18 Հոկ­տեմ­բե­րին մի­աց­եալ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը տա­րա­ծած էին՝ կոչ ընե­լով Թուրք­իոյ կա­ռա­վա­րու­թեան, որ ան­յա­պաղ բան­տէն ազատ ար­ձա­կէ բա­րե­րար Օս­ման Քա­ւա­լան։ Տա­սը եր­կիր­ներն են՝ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ, Գեր­ման­իա, Քա­նա­տա, Դան­իա, Ֆին­լան­տա, Ֆրան­սա, Հո­լան­տա, Նոր Զե­լան­տա, Նոր­վեկ­իա եւ Շուէտ: Քա­ւա­լա­յի բան­տար­կութ­եան չոր­րորդ տար­ուան առի­թով, դես­պան­նե­րը քա­ջա­լե­րե­ցին Թուրք­ի­ան՝ գտ­նե­լու «ար­դար եւ արագ լու­ծում մը անոր դա­տին հա­մար»: Անոնք զգու­շա­ցու­ցին, որ Քա­ւա­լա­յի շա­րու­նա­կուող կա­լան­քը «ստ­ուեր կը ձգէ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, օրէն­քի գե­րա­կա­յու­թեան եւ թր­քա­կան դա­տա­կան հա­մա­կար­գին մէջ թա­փան­ցի­կու­թեան նկատ­մամբ յար­գան­քին վրայ»:
2017-ի սկզբ­նա­կան ձեր­բա­կա­լու­թե­նէն ետք, 2020-ին,  Քա­ւա­լա ար­դա­րաց­ուե­ցաւ իրեն դէմ առա­ջադր­ուած մե­ղադ­րանք­նե­րէն, սա­կայն նո­րէն կա­լա­նա­ւոր­ուե­ցաւ ան­հիմն նոր մե­ղադ­րանք­նե­րով։ Թուրք­իա ան­տե­սեց Մարդ­կա­յին Իրա­ւանց Եւ­րո­պա­կան դա­տա­րա­նի 2019-ի որո­շու­մը, ուր Քա­ւա­լան ան­յա­պաղ ազատ ար­ձա­կե­լու կոչ կ’ըլ­լար: Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դը նա­խազ­գու­շա­ցու­ցած է Թուրք­ի­ան, որ եթէ չկա­տա­րէ Եւ­րո­պա­կան դա­տա­րա­նի որո­շու­մը մին­չեւ 30 Նո­յեմ­բեր 2021, ապա կր­նայ դադ­րեց­նել Թուրք­իոյ ձայ­նի իրա­ւուն­քը կամ նոյ­նիսկ անոր ան­դա­մակ­ցու­թիւնը՝ Խոր­հուր­դէն:
Էր­տո­ղան հա­կա­դար­ձեց այս դես­պան­նե­րուն՝ ըսե­լով. «Միթէ՞ ձեր իրա­ւա­սու­թեան շր­ջա­նա­կին մէջ կ’իյ­նայ Թուրք­իոյ այս­պի­սի դաս մը տա­լը։ Ով­քե՞ր էք դուք։ Ես մեր ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին ըսած եմ, որ չենք կր­նար զի­րենք հիւ­րըն­կա­լե­լու շքե­ղու­թիւնը ու­նե­նալ մեր երկ­րին մէջ»։ Էր­տո­ղան աւել­ցուց. «Անոնք կը քնա­նան-կ’արթն­նան՝ Քա­ւա­լա, Քա­ւա­լա կ’ըսեն…: Քա­ւա­լա (Ճորճ) Սո­րո­սի թր­քա­կան մաս­նա­ճիւղն է: Տա­սը դես­պան­ներ անոր հա­մար կու գան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն: Ինչ­պի­սի՜ անա­մօ­թու­թիւն։ Ի՞նչ կը կար­ծէք, դուք ո՞ւր կը գտն­ուիք։ Այս Թուրք­իա է, Թուրք­իա՛։ Հոս այն չէ, ինչ որ դուք կը կար­ծէք՝ ցե­ղախմ­բա­յին պե­տու­թիւն: Այս փա­ռա­պանծ Թուրք­ի­ան է։ Կա­րե­լի չէ ոտ­քի ել­լել եւ գալ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն, հրա­հանգ­ներ տա­լու հա­մար։ Ես մեր ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին տուած եմ անհ­րա­ժեշտ յանձ­նա­րա­րա­կան­ներ։ Ես ըսած եմ անոր, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ: Օրի­նակ՝ ըսի. «Դուք ան­մի­ջա­պէս լու­ծե­ցէ՛ք հար­ցե­րը այս տա­սը դես­պան­նե­րուն հետ՝ զա­նոնք կո­չե­լով Փեր­սո­նա նոն կրա­թա (ան­ցան­կա­լի անձ), որ­քան կա­րե­լի է արագ։ Անոնք պէտք է ճանչ­նան Թուրք­ի­ան։ Այն օրը, որ չեն ճանչ­նար կամ չեն հասկ­նար Թուրք­ի­ան, կը լքեն եր­կի­րը»»։
Տա­սը դես­պան­նե­րու յայ­տա­րա­րու­թեան հրա­պա­րա­կու­մէն ետք, անոնք կանչ­ուե­ցան Թուրք­իոյ ար­տա­քին գոր­ծե­րու նա­խա­րա­րու­թիւն։ Այ­նու­հե­տեւ նա­խա­րա­րու­թե­նէն ըսին, որ «դես­պան­նե­րը զգու­շաց­ուած են»։
Գլ­խա­ւոր հար­ցը այն է, որ Էր­տո­ղան  ինք­զինք  ո՞վ  կը  կար­ծէ, որ պէտք է զգու­շաց­նէ նշ­եալ եր­կիր­նե­րու դես­պան­նե­րը: Այս­պի­սի սպառ­նա­լի­քով Էր­տո­ղան պար­զա­պէս մէկ «կն­ճիռ» եւս  կ’աւելց­նէ նա­խա­գահ Ճօ  Պայ­տը­նի հետ առ­կայ հար­ցե­րուն վրայ՝ Հռո­մի մէջ G20-ի խորհր­դա­ժո­ղո­վի նա­խօ­րէ­ին, ուր կը նա­խա­տես­ուի եր­կու ղե­կա­վար­նե­րու հան­դի­պու­մը։ Հա­կա­ռակ նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փի, որ մեծ ջան­քեր կը գոր­ծադ­րէր Էր­տո­ղա­նի փա­փաք­նե­րը կա­տա­րե­լու հա­մար, Պայ­տըն Թուրք­իոյ նկատ­մամբ շատ աւե­լի կոշտ դիր­քո­րո­շում որ­դեգ­րած է։ Զար­մա­նա­լի չէ, որ «Նիւ Եորք Թայմզ» թեր­թը կը հա­ղոր­դէ, որ «Պայ­տը­նի վար­չա­կազ­մը եղած է նա­մա­կին շար­ժիչ ու­ժը, որ հա­մա­հունչ է մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու խախ­տում­նե­րու գծով պե­տու­թիւն­ներ հրա­պա­րա­կայ­նօ­րէն քն­նա­դա­տե­լու նա­խա­գա­հի քա­ղա­քա­կա­նութ­եան»:
Նա­մա­կը ստո­րագ­րած տա­սը եր­կիր­նե­րէն եօթն ՆԱ­ԹՕի ան­դամ են, իսկ վե­ցը՝ Եւ­րո­միու­թեան։ Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Տէյ­վիտ Սա­սո­լի կո­պիտ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը տա­րա­ծած է այս մա­սին՝ ըսե­լով. «Տա­սը դես­պան­նե­րուն վտա­րու­մը կը վկա­յէ, որ թր­քա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւնը կ’առա­ջա­նայ բռ­նա­պե­տա­կան ուղի­էն։ Մեզ չէք վախց­ներ։ Ազա­տու­թի՛ւն՝ Օս­ման Քա­ւա­լա­յի»։
Սպառ­նա­լով ար­տաք­սել տա­սը դես­պան­նե­րը կը նշա­նա­կէ, որ Էր­տո­ղան կը դի­մէ ամ­բո­խա­վա­րու­թեան  իր սո­վո­րա­կան հնար­քին, քա­նի որ անոր քա­ղա­քա­կան վար­կա­նի­շը կտ­րուկ վայ­րէջք ար­ձա­նագ­րած է՝ վտան­գի են­թար­կե­լով  2023-ի իր վե­րընտ­րու­թիւնը: Ան կը նա­խընտ­րէ բարձ­րաց­նել իր ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւնը՝ վնա­սե­լով Թուրք­իոյ հե­ղի­նա­կու­թեան, ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ: Ան յա­ճախ ար­հես­տա­կան ար­տա­քին ճգ­նա­ժա­մեր կը ստեղ­ծէ՝ հան­րութ­եան ու­շադ­րու­թիւնը ներ­քին ծանր պայ­ման­նե­րէն շե­ղե­լու հա­մար: Մի­եւ­նոյն ատեն, թր­քա­կան տն­տե­սու­թիւնը հա­սած է յա­տա­կին՝ զանգ­ուա­ծա­յին գոր­ծազր­կու­թեան եւ աղ­քա­տու­թեան պատ­ճա­ռով: Թր­քա­կան լի­րան 2003-ին, Էր­տո­ղա­նի վար­չա­պետ դառ­նա­լէն ետք, մէկ տո­լա­րի դի­մաց 1.3 լի­րա­յէն իջած է մր­ցան­շա­յին նուա­զա­գոյ­նի՝ մօ­տա­ւո­րա­պէս 10 լի­րա մէկ տո­լա­րի դի­մաց:
Թէ­եւ Էր­տո­ղան ընդ­հան­րա­պէս կը մեր­ժէ լսել ոե­ւէ մէ­կուն խոր­հուր­դը, սա­կայն այս հար­ցին մէջ ան վեր­ջա­պէս ուշ­քի եկաւ՝ հասկ­նա­լով, որ չի կր­նար առաջ անց­նիլ իր ար­տաքս­ման սպառ­նա­լի­քով։ Ան եր­կընտ­րան­քի առ­ջեւ էր։ Եթէ ջն­ջէր իր որո­շու­մը, ու­րեմն թոյլ պի­տի տար դես­պան­նե­րուն, որ մնան եւ այս­պիսով կը կորսնց­նէր իր վար­կը թուրք հա­սա­րա­կու­թեան առ­ջեւ։ Միւս կող­մէ, եթէ շա­րու­նա­կէր հե­տապն­դել ար­տաքս­ման իր հրա­մա­նը, ապա կր­նար ան­դառ­նա­լի վնաս պատ­ճա­ռել Թուրք­իոյ տն­տե­սու­թեան եւ Արեւ­մուտ­քի հետ իր երկ­րի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն։
21 Հոկ­տեմ­բե­րին, Էր­տո­ղան ըսած է, որ տա­սը դես­պան­նե­րը ազատ պի­տի չար­ձա­կէ­ին իրենց եր­կիր­նե­րու «աւա­զակ­նե­րը, մար­դաս­պան­նե­րը եւ ահա­բե­կիչ­նե­րը»: Այս­պի­սով, Էր­տո­ղան Թուրք­իոյ դա­տա­կան հա­մա­կար­գին չմի­ջամ­տե­լու կոչ կ’ուղ­ղէր արեւմտ­եան եր­կիր­նե­րուն։ Մինչ մէկ կող­մէ Էր­տո­ղան նման սադ­րիչ յայ­տա­րա­րու­թիւն կ’ընէ, միւս կող­մէ սա­կայն, ինք բա­զում ան­գամ ճն­շում գոր­ծադ­րած է նա­խա­գահ Թրամ­փի վրայ՝ կա­րե­նալ ջն­ջե­լու հա­մար թր­քա­կան Halkbankի դէմ բաց­ուած քն­նու­թիւնը: Այս դրա­մա­տու­նը կը մե­ղադր­ուի դրա­մի լուաց­ման եւ դա­ւադ­րու­թեան մէջ՝ օգ­նե­լով Իրա­նին, որ խու­սա­փի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու պատ­ժա­կան մի­ջոց­նե­րէն։ Էր­տո­ղան կը փոր­ձէր թաքց­նել սե­փա­կան կա­պե­րը Halkbank-ի ծրագ­րին հետ։
Էր­տո­ղա­նի օգ­նա­կան­նե­րը բա­ցատ­րած են իրեն՝ տա­սը դես­պան­նե­րու ար­տաքս­ման սպառ­նա­լի­քի աղէ­տա­լի հե­տե­ւանք­նե­րը։ Բնա­կա­նա­բար, այս տա­սը եր­կիր­նե­րը վրէժխն­դիր կ’ըլ­լա­յին՝ ար­տաք­սե­լով Թուրք­իոյ դես­պան­նե­րը։ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու եւ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ լոյս տե­սան զայ­րոյ­թով լե­ցուն քա­նի մը տասն­եակ յօդ­ուած­ներ, ուր կ’ըս­ուէր, որ յոգ­նած են Թուրք­իոյ թշ­նա­մա­կան վե­րա­բե­րու­մէն եւ անօ­րի­նա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն։
Նոյն պատ­գա­մը Թուրք­իոյ յղ­ուած է դիւա­նա­գի­տա­կան յա­տուկ ճամ­բա­նե­րով։ Ի վեր­ջոյ, փոխ­զիջ­ման եզր մը գտն­ուած է, ճգ­նա­ժա­մը թուլց­նե­լու հա­մար։ Ան­գա­րա­յի մէջ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նա­տու­նը հե­տեւ­եա­լը գրած է թուի­թը­րի մէջ, 25 Հոկ­տեմ­բե­րին. «Ի պա­տաս­խան 18 Հոկ­տեմ­բե­րի յայ­տա­րա­րու­թեան մա­սին հար­ցում­նե­րուն, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ կը նշէ, որ այդ յայ­տա­րա­րու­թիւնը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ դիւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մա­սին Վի­են­նա­յի հա­մա­ձայ­նագ­րի 41-րդ յօդ­ուա­ծին»: Այլ դես­պա­նա­տու­ներ, ինչ­պէս՝ Գա­նա­տա­յի, Նոր Զե­լան­տա­յի եւ Հո­լան­տա­յի, տե­ղադ­րած են նմա­նա­տիպ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն­ներ։ Գեր­ման­իա եւ Ֆրան­սա կի­սած են Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նա­տան թուիթը։ Վի­են­նա­յի հա­մա­ձայ­նագ­րի 41-րդ յօդ­ուա­ծը կ’ար­գի­լէ դես­պան­նե­րուն մի­ջամ­տել հիւ­րըն­կա­լող եր­կիր­նե­րու ներ­քին գոր­ծե­րուն:
Թր­քա­կան «Անա­թո­լու» լրատ­ուա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւնը ի պա­տաս­խան ասոր՝ դարձ­եալ թուի­թը­րի մէջ ու­րա­խու­թեամբ գրած է. «Ան­գա­րա­յի մէջ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նա­տու­նը զի­ջած է». աւելց­նե­լով, որ Էր­տո­ղան ող­ջու­նած է Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու թուի­թը։ Իսկ 25 Հոկ­տեմ­բե­րի կա­ռա­վա­րութ­եան նիս­տէն ետք, Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րեց, որ դես­պան­նե­րը հրա­ժա­րած են «մեր դա­տա­կան հա­մա­կար­գի եւ մեր երկ­րին ուղղ­ուած իրենց զր­պար­տու­թե­նէն»:
Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու ոե­ւէ պաշ­տօն­եայ, որ որո­շած է երկ­րորդ թուի­թը ղր­կել, որ պի­տի մեկ­նա­բան­ուէր իբ­րեւ Թուրք­իոյ կող­մէ մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու խախ­տում­նե­րը դա­տա­պար­տե­լէ «հրա­ժա­րում», ան­մի­ջա­պէս պէտք է որ հե­ռաց­ուի աշ­խա­տան­քէն։ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւնը ինչ­պէ՞ս կր­նայ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը ու­ղար­կել, ապա քա­նի մը օր ետք զայն մեր­ժել եւ այդ­պիսով ինք­զինք հա­կա­սել։ Ի՞նչ պա­տա­հած է նա­խա­գահ Պայ­տը­նի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան՝ հրա­պա­րա­կայ­նօ­րէն  քն­նա­դա­տե­լու  հա­մար պե­տու­թիւն­նե­րու մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու խախ­տում­նե­րուն մա­սին: Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Պե­տա­կան բա­ժան­մուն­քի խօս­նա­կը հա­ղոր­դած է, որ իր երկ­րորդ թուի­թը կը նպա­տա­կադ­րէր շեշ­տել, որ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը  հա­մա­պա­տաս­խա­նեն Վի­են­նա­յի հա­մա­ձայ­նագ­րին։
Եթէ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւնը չկա­տա­րէ իր խոս­տու­մը՝ պաշտ­պա­նե­լու մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րը ամ­բողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին, Էր­տո­ղան եւ  ու­րիշ­ներ  կը շա­րու­նա­կեն ան­պա­տիժ ոտ­նա­հա­րել իրենց ժո­ղո­վուր­դին հիմ­նա­կան իրա­ւունք­նե­րը: Այս առու­մով նա­հանջ եւ հա­կա­սա­կան պատ­գամ­ներ պէտք չէ ըլ­լան։ Այժմ Էր­տո­ղա­նի վրայ ճն­շում գոր­ծադ­րե­լը Մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու եւ­րո­պա­կան դա­տա­րա­նին գործն է։
Յարութ Սասունեան
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան