«Էրմէնիհապեր».-Անգարայի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի ղեկավարութեամբ 26 Նոյեմբերին գումարուեցաւ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող կազմակերպութիւններու դէմ գործողութիւնները, թէ երկրի ներսը, թէ ալ Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս: Քննարկուեցան նոր զինուորական գործողութիւնները հետախուզութեան կողմէն  տրամադրուած զեկոյցներու հիման վրայ:

խօսուեցաւ Արցախի, Արեւելեան Միջերկրականի, Աֆղանիստանի, Սուրիոյ, Լիպիոյ մէջ տիրող իրավիճակին մասին: