“Երկիր”._Վրաստան պատրաստ է հարթակ դառնալու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ եռակողմ երկխօսութեան համար։ Այս մասին յայտարարած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Զալքալիան ԵԱՀԿ մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի ընթացքին։ «Համաշխարհային հանրութիւնը շահագրգռուած է Հարաւային Կովկասի մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատումով: Այս առումով մենք նոր նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած ենք, որպէսզի գործենք իբրեւ երկխօսութեան եռակողմ հարթակ, ուր Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան պիտի կարենան քննարկել հարցերը եւ հանդիպումներ կատարել տարբեր մակարդակներով», ըսած է ան: