ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Չորեքշաբթի, 1 եւ Հինգշաբթի 2 Դեկտեմբեր 2021-ին, Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովները յաջորդաբար ունեցան իրենց լիակատար նիստերը: Ժողովական աշխատանքներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ կարգ մը թեմերու առաջնորդները:

Կրօնական Ժողովի ատենապետութիւնը վարեցին Օշական եւ Նարեկ արքեպիսկոպոսները: Ժողովի ընթացքին յաջորդաբար քննարկուեցան Դպրեվանքին, քրիստոնէական դաստիարակութեան, ընկերային ծառայութեան, միջ-եկեղեցական ու միջկօրնական յարաբերութեանց, ծիսական բարեկարգութեան, Աստուածաշունչի Արեւմտահայերէնի թարգմանութեան, Կաթողիկոսարանի «ՀԱՍԿ» պաշտօնաթերթի, քահանայից պատրաստութեան առնչուած շարք մը հարցեր: Յատուկ զեկոյցներ տրուեցան վերանորոգուած թանգարանին, մատենադարանին, ձեռագրատան ու հնատիպներու բաժանմունքներուն մասին: «Թռչնոց Բոյն»ի ու տեղեկատուականի բաժանմունքի պատասխանատու հայր սուրբերը, այլ բաժանմունքներու պատասխանատուներու կողքին, զեկոյցներ տուին իրենց աշխատանքներուն մասին: Երիտասարդութեան ու ծիսական բարեկարգութեան հետ աղերս ունեցող հարցերու քննարկումները յատուկ տեղ գրաւեցին ժողովի ընթացքին: Ժողովականները առիթ ունեցան իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերելու բոլոր քննարկումներուն: Կարգ մը ծրագիրներու գծով առնուեցան համապատասխան որոշումներ եւ նշանակուեցան այդ որոշումները գործադրութեան ընթացքի մէջ դնելու կոչուած յանձնախումբեր: Շեշտուեցաւ Կաթողիկոսարան-թեմ սերտ գործակցութիւնը:

Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց կատարուած լուրջ աշխատանքներուն գծով՝ թէ՛ Կաթողիկոսարանի բաժանմունքներուն եւ թէ՛ թեմերուն կողմէ, հակառակ համաճարակին ստեղծած դժուար պայմաններուն: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ մեր միաբանութիւնը վերանորոգ կերպով կը շարունակէ մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր արժէքները ժողովուրդին տանելու առաքելութիւնը՝ զանազան ծրագիրներու մշակումով: Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորապէս ընդգծեց քրիստոնէական դաստիարակութեան ու ընկերային ծառայութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս ներկայ ժամանակներուն եւ թելադրեց թեմերուն առաջնահերթ կարեւորութիւն տալու եկեղեցւոյ առաքելութեան յիշեալ մարզերուն:

Կրօնական Ժողովին յաջորդող Քաղաքական ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ժողովին այլ թեմերու պատկանող անդամները: Ժողովին ատենապետութիւնը յաջորդաբար վարեցին Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր Մահսերէճեան:

Վեհափառ Հայրապետը ժողովին բացումը կատարելով ընդհանուր անդրադարձ մը կատարեց անցող ամիսներուն Կաթողիկոսարանի գործունէութեան՝ վարչական, տնտեսական, յարաբերական, շինարարական եւ այլ երեսներուն: Ան շեշտեց, թէ հակառակ համաճարակին ստեղծած դժուար պայմաններուն, Կաթողիկոսարանը իր համազգային առաքելութիւնը շարունակեց:

Լայն քննարկումի նիւթ դարձաւ Կաթողիկոսարանի ընկերային ծառայութեան առնչուած Ֆանարի ժողովրդային տուներու, Պուրճ Համուտի ժողովրդային բնակարաններու, կարիքաւորներու օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ կրթական ծրագիրներու Կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուած նիւթական ներդրումները: Յիշեալ եւ այլ ծրագիրներ առանցքային տեղ գրաւեցին Կաթողիկոսարանի առաքելութեան մէջ: Ժողովականները գնահատանքով անդրադարձան Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ թէ՛ Կաթողիկոսարանին եւ թէ՛ բարերարներու ներդրումով ընկերային ծառայութեան մարզէն ներս կատարուած աշխատանքներուն: Զեկոյց տրուեցաւ Կաթողիկոսարանի տնտեսական ընդհանուր կացութեան մասին, ուր պարզուեցաւ, թէ Լիբանանէն ներս ստեղծուած տնտեսական եւ դրամատնային տագնապը իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցած է Կաթողիկոսարանին տնտեսական կացութեան վրայ: Այս ծիրէն ներս Կաթողիկոսութեան թեմերու ու բարերարներու օժանդակութիւնը կարեւոր նկատուեցաւ: Նորին Սրբութիւնը յատուկ գնահատանքով անդրադարձաւ զուիցերիաբնակ ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանի կողմէ Կաթողիկոսարանին միջոցաւ Լիբանանի հայութեան կատարուած օժանդակութեանց, յատկապէս ընկերաբժշկական բնագաւառէն ներս:

Իր օրակարգի երկրորդ բաժինին մէջ ժողովը հանդիպումներ ունեցաւ «Թռչնոց Բոյն»ի, Ազգ. Բուժարանի, Ազգ. Ծերանոցի, հայագիտական կեդրոնի, «Խաչեր Գալուստեան» Մանկավարժական Կեդրոնի եւ յարակից այլ կառոյցներու տնօրէններուն ու խնամակալներուն հետ: Ժողովը լսեց անոնց զեկոյցները, իր գնահատանքը յայտնեց ու միաժամանակ անհրաժեշտ թելադրութիւններ կատարեց: Ապա, քննարկուեցան թեմերու առնչուած շարք մը հարցեր: