Պրիւքսէլ, 14 Դեկտեմբեր 2021- Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ընթացիկ գագաթաժողովին եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի ու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու հանդիպումին մասին: ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակը եւ Եւրոպական երկիրներու մէջ գործող իր յանձնախումբերը, իբրեւ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին կոչ կ’ուղղեն․ -վերահաստատել ԵՄ աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու միջնորդական ջանքերուն եւ հիմնարար սկզբունքներուն, ներառեալ Արցախի/ Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքը, -որդեգրել յստակ դիրքորոշում Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան նկատմամբ ատրպէյճանական շարունակուող սադրանքներուն անընդունելիութեան մասին, -կոչ ուղղել Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն` անյապաղ եւ ամբողջութեամբ դուրս բերելու իրենց զինեալ ուժերը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն, -կոչ ուղղել Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ձեռնամուխ ըլլալու հայկական բնակավայրերուն շուրջ, Արցախի մէջ, ապառազմականացած անվտանգութեան գօտիի ստեղծմանը, -Արձանագրել, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանազատման որեւէ գործընթաց չի կրնար պարտադրուիլ ուժի կիրառումով, մարդու իրաւունքներու ոտնահարումով` ի հաշիւ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան եւ -կանխորոշել Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը` ատրպէյճանական պահանջներու շուրջ, -ճնշում գործադրել Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն վրայ` անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակելու հայ ռազմագերիները եւ պահուող անձերը, -ընդգծել, որ 2020-ի պատերազմին հետեւանքով ատրպէյճանական զինուժի կողմէն վերահսկուող Լեռնային Ղարաբաղի բնակավայրերու բնիկ հայ բնակչութեան էթնիկ զտումները հանդուրժելի չեն, -փաստել, որ Թուրքիոյ աջակցութեամբ Ատրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգին կողմէն սանձազերծուած պատերազմը, վարձկան -ահաբեկիչներու տեղակայումով, չի կրնար յանգեցնել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով յատուկ կարգավիճակ ունեցող -որեւէ երթեւեկային կապի սահմանումը` ի հաշիւ Հայաստանի անվտանգութեան եւ տնտեսական շահերուն, Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն վրայ ճնշում գործադրել` դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան իւրացման եւ/կամ ոչնչացման քաղաքականութիւնը, -Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղել դադրեցնելու հայատեացութեան եւ պատերազմական հռետորաբանութեան քաղաքականութիւնը:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակ

14 Դեկտեմբեր 2021