Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ 2003-էն սկսեալ իւրաքանչիւր տարի մեր ժողովուրդի կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող արժէք մը լուսարձակի տակ առնելու առաջադրանքով, 2022 տարին հռչակեց «Սփիւռքի Տարի», թեմերուն, ազգային մարմիններուն, միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն կիզակէտը դարձնելու Սփիւռքի վերակազմակերպումը:
Արդարեւ, Կիրակի, 9 Յունուար 2022-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւորապէս տեղի ունեցաւ հայրապետական հռչակագիրի ընթերցում:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ընթերցեց Նորին Սրբութեան «Սփիւռքի Տարի» հռչակագիրը, ներկայութեամբ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Ճորճ Շահինեանի եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:
«Սփիւռքի Տարի» հռչակագիրը կը բացուի Նորին Սրբութեան հայրական ողջոյնով եւ նոր տարուան բարեմաղթութիւններով, ապա անդրադարձ կը կատարուի 2021 ԱՐՑԱԽԻ ՏԱՐՈՒԱՆ, հաստատելով, որ Արցախի անկախութեան ու անվտանգութեան նկատմամբ կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը կը շարունակուի՝ որպէս Սուրբ Աթոռին համազգային առաջնահերթութիւններէն մէկը։
Վեհափառ Հայրապետը կը հաստատէ. «Նկատի ունենալով Սփիւռքի պարզած ներկայ պատկերը ու հայ կեանքէն ներս անոր ունեցած առանցքային կարեւորութիւնը, այսու Հայրապետական Գիրով 2022 տարին կը հռչակենք ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ»:
«ՍՓԻՒՌՔԸ ԵՐԷԿ – ԳՈՅԱՒՈՐՈՒՄ ՈՒ ՀՈԼՈՎՈՅԹ» վերանագիրին տակ, Վեհափառ Հայրապետը հպանցիկ ակնարկ մը կը նետէ Սփիւռքի յառաջացման հոլովոյթին վրայ եւ հինգ կէտերու մէջ կ’ընդգծէ Սփիւռքի գոյաւորման պատմական պատճառներն ու հանգրուանները, զանազան երկիրներու մէջ հաստատուած հայերուն համայնք կազմելու եւ ազգային դիմագիծը պահելու համար թափած գերագոյն ճիգը, գաղութներու կազմաւորման ու հայապահպանման մէջ եկեղեցւոյ առաջնորդողի դերը, իրենց հաստատուած երկիրներուն մէջ հայերուն մասնակցութիւնը ընկերութեան կեանքին, Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ գաղութներուն կեդրոնական դերը Սփիւռքի մէջ եւ վերջապէս ժամանակի ընթացքին կարգ մը գաղութներու ձուլումը եւ միայն աղօտ կերպով անոնց հայկական ծագումի պահպանումը։
«ՍՓԻՒՌՔԸ ԱՅՍՕՐ – ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ» վերնագիրով Նորին Սրբութիւնը 11 կէտերով լուսարձակի տակ կ՚առնէ ներկայ Սփիւռքը բնութագրող կարգ մը յատկանշական երեւոյթներ, մտահոգութիւններ եւ մարտահրաւէրներ: Վեհափառ Հայրապետը կը յայտնէ թէ. «Եկեղեցի, դպրոց ու ակումբ վճռորոշ դեր ունեցան Սփիւռքի կազմաւորման ու անոր ինքնութեան պահպանման մէջ։ Սփիւռքը գոյատեւեց համախմբուելով իր ստեղծած կառոյցներուն շուրջ ու դարձաւ արդարութիւն պահանջող եւ ազատ, անկախ եւ ամբողջական Հայաստանի երազով ապրող ու պայքարող գաղութներու ամբողջութիւն»:
«ԴԷՊԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ- ՄԱՐԶԵՐ ԵՒ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՔ» խորագիրով Վեհափառ Հայրապետը կը յայտնէ, թէ Սփիւռքին պարզած ներկայ գոյավիճակին իրապաշտ արժեւորումը եւ ապա ծրագրումը պէտք է դառնան մեկնակէտը ու մղիչ ուժը մեր աշխատանքներուն։ Այս ուղղութեամբ, Նորին Սրբութիւնը գաղութին մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն, ինչպէս նաեւ զանազան մարզերու մասնագէտ ու փորձառու մտաւորականներուն դերը առանցքային կը նկատէ, կարեւորելով Թեմական եւ Համայնքային կառոյցներուն բարեկարգումը եւ ներդաշնակ գործակցութիւնը:
Վերակազմակերպումի հսկայ աշխատանքին ձեռնարկելու համար, Նորին Սրբութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ մթնոլորտի պատրաստութիւնը, նախաձեռնութիւնը եւ ապա ծրագիրներու գործադրութիւնը:
Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ խօսքով եւ ապա թեմերը այս ուղղութեամբ ծրագրումի մղող թելադրանքով կը փակէ հռչակագիրը. «Հաւատարիմ իր անցեալին, հայ ժողովուրդը կոչուած է ինքզինք յարատեւօրէն վերարժեւորման ու վերանորոգման ենթարկելու՝ համահունչ փոխուող ժամանակներուն, պայմաններուն ու մարտահրաւէրներուն։ Ա՛յս տեսլականով ու յանձնառութեամբ Սփիւռքը պէտք է վերակազմակերպէ ու վերաշնչաւորէ ինքզինք։ Սփիւռքը իր ներկայ վիճակին թողուլ, կը նշանակէ անոր ինքնամաշումը արագացնել։ Սփիւռքի վերակազմակերպումը՝ անոր հզօրացումն է, իսկ Սփիւռքի հզօրացումը Հայաստանին ու Արցախին հզօրացումն է. եւ սա համազգային առաջնահերթութիւն է ու մարտահրաւէր։ Հարկ է անյապաղ լծուիլ աշխատանքի»։
Վստահ ենք, որ Հայրապետական պատգամի լոյսին տակ, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր մարմինները 2022 տարուան ընթացքին սերտուած ծրագիրներ մշակելով իրենց ներդրումը պիտի բերեն Սփիւռքի վերակազմակերպման եւ վերակենսաւորման գործընթացին: