Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձած է 10 Յունուար 2022-ին ատրպէյճանական կողմէն զինադադարի դրութեան հերթական կոպիտ խախտումին։ Ատրպէյճանցիները թիրախաւորած են Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի շրջանի Կարմիր շուկայ-Թաղավարդ եւ Ասկերանի շրջանի Նախիջեւանիկ համայնքներու քաղաքացիները եւ քաղաքացիական կառոյցներ: «Նման գործողութիւններ Ատրպէյճանի մէջ պետական մակարդակով վարուող հայատեաց եւ նացիական քաղաքականութեան դրսեւորումներ են, որոնք անգամ մը եւս կ՛ապացուցեն, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն «խաղաղասիրական» յայտարարութիւնները ոչ մէկ աղերս ունին այդ երկրի իրական` Արցախի, հայ ժողովուրդի եւ շրջանի նկատմամբ ահաբեկչական եւ ծաւալապաշտական նպատակներուն հետ», նշուած է յայտարարութեան մէջ: Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան գնահատումով` զինուորական գործողութիւններու դադրեցումէն ի վեր Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ պահուածքը ձեռք բերուած համաձայնութիւններու, միջազգային իրաւունքի չափանիշներու եւ մարդասիրութեան սկզբունքներու կոպիտ խախտում է` միտուած Արցախի Հանրապետութեան հասարակութեան ահաբեկման եւ ռուս խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութեան խափանման: «Անհրաժեշտ կը նկատենք անգամ մը եւս ընդգծել, որ նման քայլերով Ատրպէյճան չի կրնար սասանել արցախցիի վճռականութիւնը` ապրելու եւ արարելու Արցախի մէջ, որուն համար բացարձակապէս անընդունելի է որեւէ կարգավիճակ Ատրպէյճանի կազմին մէջ», յայտարարած է Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Մենք պիտի շարունակենք զարգացնել եւ զօրացնել մեր հայրենիքը»: Միւս կողմէ, Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը հաղորդեց, որ դէպքին առնչութեամբ համապատասխան տեղեկատուութիւն տրամադրուեցաւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան եւ միջոցներու ձեռնարկուեցաւ «ատրպէյճանական կողմը հրադադարի պահպանման դրութեան վերադարձնելու ուղղութեամբ»: