«Ատրպէյճանական զինուորական ծառայողները Ստեփանակերտ-Շուշի ճամբուն վրայ հրազէն ուղղած են ՀՀ քաղաքացիական բնակիչի մեքենային վրայ, քարով հարուածած են մեքենան, որուն մէջ կին մը եւ 3 տարեկան մանուկ մը եղած են։ 2 Յունուար 2022-ին, ժամը՝ 14:00-15:00-ի սահմաներուն, երբ ՀՀ Լոռիի մարզի բնակիչը կնոջ եւ 3 տարեկան մանուկին հետ իր Nissan Teana մակինիշի ինքնաշարժով Արցախէն կը վերադառնար, Ստեփանակերտ-Շուշի բաժինի ատրպէյճանական շարք մը զինուորական ծառայողներ յարձակումով, գոռգոռոցներով զէնքը ուղղած են դէպի իր մեքենան, այնուհետեւ՝ մեծ քարով հարուածած են մեքենան: Քարի հարուածէն վնասուած է մեքենային առջեւի մասը: Ատրպէյճանական զինուորական ծառայողներու յանցաւոր արարքներուն հետեւանքով արձանագրուած է 200.000 ՀՀ դրամէն աւելի վնաս: Այս մասին ՀՀ Մարդու Իրաւունքներու պաշտպանին տեղեկացուցած է ՀՀ Լոռիի մարզի Վանաձոր քաղաքի բնակիչը, որ վարած է մեքենան: Քաղաքացին նշեալ դէպքին մասին տեղեկացուցած է Արցախի Հանրապետութեան եւ ՀՀ իրաւասու մարմինները: Այս միջադէպին փաստը Արման Թաթոյեանին պաշտօնապէս յայտնած է նաեւ Արցախի մարդու իրավունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան: Այս դէպքը հերթականօրէն ապացուցած է, որ ատրպէյճանական ծառայողներ Հայաստանի կամ Արցախի գիւղերու անմիջական հարեւանութեան ու ճամբաներուն վրայ պէտք չէ ըլլան: Հայաստանի ու Արցախի դէմ ատրպէյճանական խախտումները բնոյթով նոյնն են: Անոնց ներկայութիւնը այդ սահմաններուն իրողապէս կ’ոտնահարէ քաղաքացիական բնակչութեան կեանքի իրաւունքն ու անվտանգութիւնը եւ այլ կենսական իրաւունքները: Այս փաստերը պիտի ներկայացուին միջազգային կառոյցներուն՝ ատրպէյճանական յանցաւոր արարքներուն քողազերծման եւ ատրպէյճանական ուժերուն հրատապ հեռացումին պահանջով»:

Արման Թաթոյեան

ՀՀ ՄԻՊ