ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է 11 Յունուարին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէն զինադադարի խախտումին մասին։ Յայտարարութեան մէջ ըսուած է․ «Խստօրէն կը դատապարտենք՝ 11 Յունուարին, ՀՀ արեւելեան սահմանագօտիին ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէն հրետանային միջոցներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու կիրառումով ուղեկցուած հրադադարի կոպիտ խախտումը, որուն հետեւանքով զոհուած են ՀՀ ԶՈւ զինուորական ծառայողներ Արթուր Արտիօմի Մխիթարեան եւ Ռուտիկ Ռաֆիկի Ղարիբեան, եւս երկու զինուորական ծառայողներ վիրաւորուած են: Խորին ցաւակցութիւն կը յայտնենք զոհուած զինուորական ծառայողներու ընտանիքներուն ու հարազատներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք վիրաւորուած զինուորական ծառայողներուն: Ատրպէյճանական զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներուն սադրանքը հերթական դրսուորումն է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի շարունակական ոտնձգութիւններու, որոնք սկիզբ առած են 21 Մայիս 2021-էն ՀՀ ինքնիշխան տարածք ներթափանցումով եւ շարունակել պարբերական զինեալ յարձակումներով։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կը հրաւիրէ այն փաստը, որ պաշտօնական Պաքուն, շարունակելով ոտնձգութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ, խախտած է միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքները՝ ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը եւ խաթարած է տարածաշրջանային անվտանգութիւնը: Հայկական կողմը բազմիցս յայտնած է, որ իրավիճակի հետագայ սրացումէն խուսափելու միջոցներէն մէկը կրնայ ըլլալ հայ-ատրպէյճանական սահմանագիծէն զօրքերու հայելային յետքաշումը եւ սահմանագիծի երկայնքով միջազգային հետեւողականութեան ձեւաչափի գործարկումը: Ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կոչ կ’ուղղենք զերծ մնալու սադրիչ գործողութիւններէն եւ կատարելու Սոչիի եռակողմ յայտարարութեամբ եւ Պրիւքսէլեան հանդիպումին արդիւնքներով ստանձնած՝ տարածաշրջանի մէջ կայունութեան հաստատումի յանձնառութիւնը»։