Երեքշաբթի, 26 Ապրիլ 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ փոխադրամիջոցներու տուրքերուն վերաբերող օրէնքներն ու հրամանագիրները միաւորելու եւ զբօսաշրջային ինքնաշարժներուն տուրքերը փոփոխութեան ենթարկելու նպատակով, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հրապարակեց 2022-ի «21» թուակիր օրէնքը,
որուն համաձայն, փոխադրամիջոցներու արտօնագիրները նորոգուելէ եւ անոնց վերաբերող վաւերաթուղթերու ամբողջացումէն ետք նոր տուրքեր պիտի սահմանուին։