Պաքուի մէջ 23 Յունիսի երեկոյեան տեղի ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը։ Այս մասին յայտնած է ատրպէյճանական «Azertac» լրատուական գործակալութիւնը: Զրոյցի ընթացքին Լաւրով յայտնած է, որ Մոսկուան պատրաստ է ամեն ձեւով նպաստելու Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու կողմէն ստորագրուած երեք՝ 9 Նոյեմբեր 2020_ի , 11 Յունուար 2021_ի եւ 26 Նոյեմբերի փաստաթուղթերու իրագործումին։

«Հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման եռակողմ աշխատանքային խումբը, մեր գնահատումով որոշակի յառաջընթաց ունի։ Մենք հայկական կողմին հետ քննարկած ենք այն հարցերը, որոնք պէտք է համաձայնութեան գան։ Մենք ընդհանուր պատկերացում ունինք, թէ ինչպէս կարելի է ամենայարմարաւէտ ճամբով լուծել ինքնաշարժերու երթեւեկութիւնը կազմակերպելու հարցը։ Ռուսւան կ’աջակցի այդ աշխատանքին մինչեւ արդիւնքի հասնիլը։ Յոյսով եմ, որ ատիկա տեղի կ’ունենայ շուտով», ըսած է Լաւրով։ Ան նաեւ յայտնած է, որ Մոսկուան պատրաստ է խորհրդատուական ծառայութիւններ մատուցել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման երկու յանձնաժողովներու աշխատանքներու մասով։

«Այս հարցին մէջ կան որոշակի առաջարկներ, ես ուրախ պիտի ըլլանք քննարկելու ձեզի հետ», աւելցուցած է ան: Լաւրով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման, խաղաղութեան պայմանագիրի, ապագայ փաստաթուղթի դրոյթներու մասին եւս յայտնած է Ռուսիոյ կողմէ աջակցութեան պատրաստակամութիւնը: «Դուք լսած էք այս նիւթով բանակցելու հայկական կողմի, վարչապետ Փաշինեանի պատրաստակամութիւնը:

Մենք պատրաստ ենք օգնութիւն ցուցաբերելու՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի համաձայնութեամբ», ըսած է Լաւրով։ Իլհամ Ալիեւ, խօսելով Հայաստանի հետ առկայ հարցերու կարգաւորման գործընթացին մասին, ընդգծած է, որ Պաքուի դիրքորոշումը այս հարցին ուղղուած է տարածաշրջանի մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատումը։ «Վստահ եմ, որ այն ջանքերը, որ մենք գործադրած ենք, դրականօրէն պիտի ընդունուին նաեւ հայկական կողմէն, եւ երկարաժամկէտ առճակատումի վերջ պիտի դրուի։ Դրական կողմէն կը փափաքիմ նշել եռակողմ աշխատանքային խումբի աշխատանքի աշխուժ՝ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետներու նախագահութեամբ։

Սանկթ Փեթերպուրկի մէջ նոր հանդիպում տեղի ունեցած է», ըսած է Ալիեւ՝ յայտնելով, թէ հաղորդակցութիւններու բացման եւ ատրպէյճանական բեռներու եւ քաղաքացիներուն համար Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն անարգել մուտք ապահուելու ուղղութեամբ Նոյեմբեր 2020_ի հռչակագիրի կատարման գործնական քայլեր պէտք են: