ՀՀ ԱԺ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւորներ, ՀՀԿ Գործադիր մարմինի անդամներ՝ Տարօն Մարգարեան ու Տիգրան Աբրահամեան Արցախ կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին հանդիպած են Արցախի խորհրդարանի ընդդիմադիր երեք ուժերուն՝ ՀՅԴ-ի, «Արդարութիւն» եւ «Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութեան» ներկայացուցիչներուն հետ։
 
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է Արցախի շուրջ ընթացող գործընթացներու, անվտանգային սպառնալիքներու, Արցախի եւ Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերու գործակցութեան հետ առնչուած հարցեր։
 
Կողմերը կարեւոր համարած են Հայաստանի ու Արցախի համար առաջնային օրակարգ համարուող հարցերու շուրջ դիրքորոշումներու ներդաշնակումը, որուն հետ առնչուած քաղաքական խորհրդակցութիւնները ե՛ւ խմբակցութիւններու, ե՛ւ կուսակցական մակարդակով պարբերական բնոյթ կը կրեն։