Երբ կը կարդաս հոգւով- սրտով
Կեդրոնացած՝ արթուն միտքով
Հարստացած նոր բառերով
Ճիգ կը թափես տոկուն կամքով
Կը հայանաս խելքով- խորքով:
Երբ կը կարդաս համով- հոտով
Հրաշք լեզուդ վայելելով
Հայատառին միշտ կառչելով
Դուն կը դառնաս հայ արմատով
Իրողապէս ողն ու ծուծով:
Երբ կը կարդաս անկեղծ սիրով
Օր ըստ օրէ զարգանալով
Մտապաշար ունենալով
Պիտի խօսիս սահուն ոճով
Հաստատապէս հայ մնալով:
Երբ կը կարդաս բուռն փափաքով
Մտքի հաճոյք ստանալով
Մեսրոպաշունչ ապրումներով
Պիտի ըլլաս սրտբաց կերպով
Գրասէր մարդ՝ բարի երթով:
Երբ կը կարդաս համբերանքով
Յոյժ կարեւոր նիւթ ընտրելով
Բառամթերք ամբարելով
Կը տարածես գանձեր գիրով
Հայասէրի ջերմ հպումով:
Գրիչ շարժողն իր վաստակով
Կարդացողն ալ իր մեծ դերով
Երկուքը նոյն նպատակով
Կը վկայեն ճարտար ձեւով
Թէ հայը կայ գիրով- գիրքով:
Մայրենիիդ մօտենալով
Նշխար լեզուիդ հոգ տանելով
Թարգմանչացի սուրբ խորհուրդով
Երկնաբարբառ աղօթքներով
Պիտ’ սփռես լոյս՝ մուտքով- ելքով:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան