ՎԱՐՁԱԿԱԼԱԿԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԵՐՈՒ ԵՒ ԼԻԱԶՕՐԱԳՐԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ
Պատերազմի ծանր տարիներուն, մարդիկ հապճեպով գաղթեցին։ Անոնք նոյնիսկ չհասցուցին իրենց կալուածները վաճառել եւ կամ անորոշութեան մէջ ըլլալով չկրցան վճռել վաճառելու հարցը։ Այս կացութեան մէջ անոնք իրենց կալուածներու բանալիները յանձնեցին ապահով հարազատի կամ բարեկամի մը։ Իսկ երբ անոնց բացակայութիւնը երկարեցաւ, անոնց կամքով կամ կամքին հակառակ, անոնք, որոնց մօտ կը գտնուէին տան կամ խանութի բանալիները՝ փորձեցին օգտուիլ կամ օգտակար դառնալ սեփականատիրոջ եւ կալուածը վարձակալեցին։ Ժամանակ մը ետք յստակացաւ, որ վարձու տուողը այս գործընթացը կատարելու իրաւունք չունի, հետեւաբար դատական խնդիրներ յառաջացան։
Առ այդ, առաջքը առնելու համար նմանօրինակ խնդիրներու մէջ իյնալուն, կալուած մը վարձելէ առաջ թելադրելի է.
ա.-Վարձակալութեան տրուելիք կալուածին կալուածային յայտը պահանջել եւ ոչ թէ սեփականագիրը։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ կրնայ կալուածատէրը փոխուած ըլլալ եւ այդ մէկը յստակ կ’ըլլայ միայն յայտին եւ ոչ թէ սեփականագիրին մէջ։ Առաւել պէտք է կալուածի յայտը օրուան թուականը կրէ, ապա թէ ոչ նոյն սխալին մէջ ինկած կ’ըլլանք։
բ.-Եթէ վարձակալութեան յանձնողը տեղեկացնէ, որ ինք կալուածատէրը չէ, սակայն կալուածատիրոջմէ լիազօրագիր  ունի, այս պարագային վերավաւերացուած (նոր թուականով) լիազօրագիր պահանջել, որովհետեւ կրնայ կալուածատէրը վստահորդը մեկուսացուցած ըլլալ, հետեւաբար ստորագրուած պայմանագիրը օրինական ուժ չ’ունենար։
Լիազօրագրին մէջ ստուգել թէ վարձու տալու իրաւունք վերապահուած է անոր։
գ.-Եթէ կալուածին մէջ իրեր կան, այդ մէկը անպայման պէտք է յիշատակել վարձակալութեան պայմանագիրին մէջ եւ կամ յաւելուած գիրով մանրամասնութեամբ արձանագրել (օրինակ յիշուի կահկարասին կամ ելեկտրական գործիքներն ու սարքերը (սառնարան, հեռուստացոյց, եւ այլն), անոնց ինչ վիճակի մէջ ըլլալը (նոր են, մաշած են, կտրուած են, գործածութենէ դադրած են, եւ այլն)։
դ.-Պայմանագիրին ներքեւ երկու կողմերուն կողքին թող երկու վկաներ եւս ստորագրեն, այդ մէկը աւելի կ’ամրագրէ պայմանագիրը։
ե.-Հարկ է, որ պայմանագիրը վաւերացուի պետական համապատասխան գրասենեակներու կողմէ։ Այս մէկը շատ գործ կը խնայէ խնդիրներ ծագելու պարագային։
ԼԻԱԶՕՐԱԳՐԵՐ
Փոխադրամիջոցներու սղութեան եւ պենզինի ապահովման դժուարութիւններու մեր ապրած պայմաններուն մէջ լիազօրագիր տալու գործը աւելի կազմակերպուած կատարելու եւ քանի մը անգամ դատարան երթալ-գալու խնդիր չունենալու համար կարեւոր է իմանանք որ.-
ա.-Լիիրաւ (ընդհանուր) լիազօրագիր տալու պարագային հարկ է, որ կողմերու անհատական տոմարագրական յայտը ձեզի հետ ունենաք, իսկ մասնակի լիազօրագրերու պարագային անձնագիրի պատճէնը բաւարար է։
բ.-Լիիրաւ (ընդհանուր) լիազօրագրերը ապահովական արտօնագիր կը պահանջեն, որ 12-18 օր ժամանակի կը կարօտի, հետեւաբար եթէ այս գործին համար քանի մը օրուան համար եկած էք Սուրիա, հարկ է ձեր առաջին գործը այդ ըլլայ։
գ.-Մասնակի լիազօրագիրը եթէ յատուկ կալուածի մը կը վերաբերի, զանիկա ծախելու, վարձակալելու կամ անվճար փոխ տալու իրաւասութեան բովանդակութեամբ, հարկ է ունենալ.
ա.-Ապահովական գրասենեակի վաւերացում։
բ.-Կալուածին յայտը։
Ի դէպ աւելցնենք, որ ապահովական գրասենեակներէ արտօնագիր ստանալը պարագայական պայման է, այսինքն՝ երկրի ապրած պայմաններուն բերումով այս ընթացքը որոշուած է, հետեւաբար պայմաններու փոփոխութեամբ կրնայ այս մէկը չեղեալ համարուիլ։ Այս ուղղութեամբ նորութիւններ արձանագրուելու պարագային մամուլով տեղեակ կը պահենք մեր ընթերցողները։
Փաստաբան  Մարիա Գաբրիէլեան