Շաբաթ, 19 Նոյեմբեր 2022-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական Նուիրակ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան հովուական այցելութեամբ ժամանեց Լաթաքիա: Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէին Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան, Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ Գուրգէն Գալուստեան, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամ Պետրոս Յովհաննէսեան եւ հիւրաբար ժամանած Նազարէթ Տիշոյեան։
Սրբազան Հայրը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Լաթաքիոյ եւ Ծովափնեայ շրջանի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեանի, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի անդամներուն, դպիր-դպրուհիներուն, ինչպէս նաեւ Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտութեան կողմէ: Եկեղեցւոյ մուտքին Սրբազան Հայրը օրհնեց աւանդական աղն ու հացը, ապա մուտք գործեց եկեղեցի եւ գոհաբանական աղօթք մատուցեց։
Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին սաղմոսներ, շարականներ, ինչպէս նաեւ Ս. Պատարագէն քաղուած հատուածներ, որոնց աւարտին Սրբազան Հայրը իր հայրական յորդորներն ու պատգամը ուղղեց աշակերտութեան:
Նոյն օրը յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, ապա մատաղի պատրաստութեան համար ծիսականօրէն կատարուող աղի օրհնութիւն: Սրբազան Հայրը այս անգամ դիմաւորուեցաւ մեծաթիւ հաւատացեալներու կողմէ:
Ժամերգութեան աւարտին, հայրապետական նուիրակը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Կիրակնամուտի ժամերգութեան իմաստին եւ յատկապէս ճշմարիտ լոյսին, յարութեամբ մեզի տրուած աստուածային կեանքի յաւիտենականութեան, զօրութեան, ուրախութեան, երջանկութեան, ճշմարտութեան եւ հրաւիրեց ժողովուրդը, որպէս Քրիստոսի Յարութեան զօրութիւնը իր մէջ կրող հաւատացեալներ, իբրեւ երկնքի քաղաքացիներ, լոյսի եւ ցերեկուան որդիներ՝ նոյն հաւատքով, նոյն եռանդով եւ նոյն նախանձախնդրութեամբ ապրելու, պայքարելու եւ գործելու, միշտ կապուած մնալով եկեղեցւոյ ուսուցումներուն, վարդապետութեան եւ մեր ազգային, եկեղեցական, հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներուն։
Շաբաթ երեկոյեան, հայրապետական նուիրակը շքախումբով այցելեց Լաթաքիոյ մէջ գործող ՀԲԸՄ-ի եւ ՍՕ Խաչի երկու ակումբները: Շքախումբին մաս կը կազմէին Հոգեշնորհ Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Արժանապատիւ Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան, Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչ եւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի ներկայացուցիչներ, որոնք դիմաւորուեցան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լաթաքիոյ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետին, կազմին եւ ակումբէն ներս գործող անդամներուն կողմէ: Տեղի ունեցաւ աղի ու հացի օրհնութիւն: Կեդրոնի մուտքին, միութեան փողերախումբը Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով դիմաւորեց Հայրապետական Նուիրակը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լաթաքիոյ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ բժշկ. Նիկոլ Մատանի, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց միութեան աշխատանքներն ու ծառայութիւնները։ Այնուհետեւ, ներկայացուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը:
Աւարտին, հայրապետական նուիրակը  իր սրտի խօսքը ուղղեց: Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց միութեան աշխատանքները, պատասխանատուներն ու միութենականները եւ յատկապէս գեղարուեստական յայտագիրը ծաղկեցնողները, յիշեցնելով, որ այնքան ատեն որ մեր արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն կապուած գիտակից եւ նախանձախնդիր մշակներ ունինք, որոնք պատասխանատուութեան ոգիով կը պահեն, կը սորվեցնեն եւ կը փոխանցեն զանոնք յաջորդ սերունդներուն, վախնալու չենք, որովհետեւ անպայման կը յաջողինք ու կը յաղթանակենք։
Այնուհետեւ հայրապետական նուիրակը այցելեց Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի կեդրոն, ուր կը գործեն Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան գրասենեակը, Պատանեկան Միութիւնը, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը եւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը: Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբի եւ վերոյիշեալ բոլոր միութիւններու Լաթաքիոյ մասնաճիւղերու անդամներուն կողմէ: Կեդրոնի պատասխանատու, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան անդամ  Յարութիւն Գաբրիէլեան բարի գալուստ մաղթեց հայրապետական նուիրակին եւ անդրադառնալով Լաթաքիոյ մէջ գործող միութիւններու աշխատանքներուն, շեշտեց, որ բոլորս որպէս տիպար հայորդիներ մեր եկեղեցւոյ եւ ազգի արժէքներուն եւ սկզբունքներուն հանդէպ ամբողջական հաւատարմութեամբ կ’ապրինք եւ կը գործենք։
Ներկայացուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութենէն ետք հրաւիրուեցաւ Սրբազան Հայրը, որ իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց բոլոր միութիւններու պատասխանատուներուն եւ անդամ-անդամուհիներուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր պատասխանատուութեան գիտակցութեան մէջ իրեն վստահուած ծառայութիւնը ի գործ դնելու հրաւիրուած է եւ այս մէկը բոլորէս կը պահանջէ ամբողջական նուիրում, զոհողութիւն եւ անձնուէր ծառայութիւն։
Նկատի ունենալով տիրող դժուար պայմանները եւ մարտահրաւէրները, Սրբազան Հայրը նոյն միասնականութեան ոգիով շարունակելու հրաւիրեց լաթաքիահայութիւնը, որպէսզի կարողանան պահել գաղութին մէջ գործող մէկ դպրոցը, մէկ եկեղեցին, իր երկու ակումբներով եւ բոլոր միութիւններով:
Աւարտին, Մակար Սրբազան իր պատուիրակութեամբ հրաւիրուեցաւ ՍՕ Խաչի գրասենեակ, ուր մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ վարչութեան անդամներուն հետ։
Կիրակի, 20 Նոյեմբեր 2022-ի առաւօտուն, Լաթաքիոյ մէջ աննախընթաց ցնծութեամբ յիշատակուեցաւ Աստուածամօր Տաճար Ընծայման եւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հոծ հաւատացեալներու ներկայութեան:
Այս տարի տօնը սփոփիչ եւ գօտեպնդիչ էր լաթաքիահայութեան համար: Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական Նուիրակ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան: Ս. Սեղանին կը սպասարկէին Լաթաքիոյ եւ Ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան եւ Արժանապատիւ Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան: Եկեղեցւոյ ղօղանջներուն ներքեւ եւ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց պատարագիչ Սրբազան Հայրը: Ան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Աստուածամօր տաճար ընծայման, ապա անոր Եղիսաբէթի այցելութեան:
«Երանի մենք ալ իրարու հանդիպման ու այցելութեան ժամանակ, ինչպէս Աստուածամօր ողջոյնը, օրհնութիւնը եւ բարիքը Եղիսաբէթին եւ անոր շրջապատողներուն, մեր ներկայութեամբ եւ մեր ողջոյնով, մեր վարքով ու յարաբերութեամբ՝ Քրիստոսի եւ Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը, զօրութիւնը, օրհնութիւնն ու բարիքները փոխանցողները ըլլանք, որպէսզի մեր սրտերն ու հոգիները ցնծան, ուրախանան եւ Ս. Հոգիի կրակով բոցավառ մղուին ինքնաճանաչումի, օրհնաբանութեան եւ աստուածպաշտութեան», աւելցուց սրբազան հայրը:
Քարոզի աւարտին, հայրապետական նուիրակը լաթաքիահայութեան փոխանցեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին շնորհաւորութիւնները, բարեմաղթութիւններն ու օրհնութիւնները, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ աղօթք վերառաքեց Սուրիական Հայրենիքին եւ անոր վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին:
Պատարագէն ետք, հայրապետական նուիրակը թափօրով դուրս եկաւ եկեղեցիէն եւ շրջափակէն ներս աւանդական մատաղօրհնէք կատարեց: Մատաղը պատրաստուած էր Լաթաքիոյ եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ:
Փողերախումբը դարձեալ ազգային երգերով ոգեւորեց ժողովուրդի զաւակները, տօնական ջերմ մթնոլորտ ստեղծելով:
Այնուհետեւ ի պատիւ Սրբազան Հօր տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ՝ մասնակցութեամբ Լաթաքիոյ բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչներուն, որոնք իրենց սրտի խօսքերուն ընդմէջէն արտայայտեցին իրենց հաւատարմութիւնն ու կապուածութիւնը հանդէպ Հայ Եկեղեցւոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Բերիոյ Հայոց Թեմին եւ հայրապետական նուիրակին:
Հաւաքական սիրոյ ճաշէն ետք, Սրբազան Հօր ձեռամբ եւ օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ Թաղական Խորհուրդի վերանորոգուած դահլիճին բացումը, որ իրականացած էր քանի մը բարերարներու նիւթական աջակցութեամբ եւ անձնական ճիգերով:
Առ ի գնահատանք եւ երախտագիտութիւն Լաթաքիոյ շրջանէն ներս եւ մանաւանդ հայկական գաղութին մէջ իր մատուցած բազմակողմանի եւ հսկայածաւալ օգուտին, բարերարութեան եւ ծառայութեան, դահլիճը կոչուեցաւ անցեալի Թաղական Խորհուրդի ատենապետ եւ պետական յայտնի գործիչ հանգուցեալ Պօղոս Ղազարեանի անունով: Բացման հանդիսութեան Սրբազան Հօր կողքին ներկայ էր նաեւ հանգուցեալի այրին՝ Տիկ. Մարօ Ղազէլեան-Ղազարեան:
Երկուշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2022-ի առաւօտուն, հայրապետական նուիրակը իր շքախումբով Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ուխտի օրուան առիթով տուած իր այցելութիւնը եզրափակեց այցելելով Լաթաքիոյ Ազգ. Նահատակաց վարժարան, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ վարժարանի Հոգաբարձութեան, տնօրէնուհի  Հուրի Տէիրմէնճեան-Գարամարտեանի եւ աշակերտներուն կողմէ: Աշակերտները ներկայացուցին արտասանութիւններ եւ ազգային երգեր, արտայայտելով իրենց սէրն ու կապուածութիւնը հայոց լեզուին եւ հայրենիքին:
Հայրապետական նուիրակը շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի Հոգաբարձութեան, ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնուհիին, որոնք նուիրումով կը ծառայեն հայ դպրոցին: Ան գնահատեց նաեւ իւրաքանչիւր ծնողք, որ իր զաւակը դպրոցին վստահելով գիտէ գնահատել Լաթաքիոյ մէջ գործող մարդակերտումի եւ հայակերտումի դարբնոց՝ Ազգ. Նահատակաց վարժարանը: Ապա, ան այցելեց մանկապարտէզի բաժին, որմէ ետք յատուկ հանդիպում ունեցաւ վարժարանի Հոգաբարձութեան, Տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ:
Հայրապետական նուիրակին հովուական այցելութիւնը լաթաքիահայութեան կեանքէն ներս անօրինակ ուրախութիւն եւ սփոփարար մխիթարանք ստեղծեց: Անոր խրախուսիչ պատգամները աւելիով գօտեպնդեցին լաթաքիահայերու սրտերը՝ յոյսով, յանձնառութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ գործելու, ծառայելու եւ ապրելու։
Մարինա Պօղիկեան