Միացեալ Նահանգներ մտահոգուած են, որ Բերձորի միջանցքը երեք շաբաթէ աւելի փակուած է` ստեղծելով ծանր մարդասիրական կացութիւն: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ յայտարարած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայքըլ Քարփենթըր:

«Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն մտահոգուած մնալ, որ Լաչինի միջանցքը երեք շաբաթէ ի վեր փակուած կը մնայ` ստեղծելով մարդասիրական ծանր կացութիւն մը: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Միջազգային Կարմիր Խաչին այս ընթացքին մարդասիրական կենսական օգնութիւն ցուցաբերելուն համար, սակայն Ատրպէյճանին ու Ռուսիոյ կոչ կ՛ուղղենք անմիջապէս վերականգնելու հասանելիութիւնը», գրած է ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը: