Պոյնըս Այրեսի հայ համայնքը 23 Յունուարին ցոյց կազմակերպած է Պոյնըս Այրեսի Օփելիսքի մօտ՝ ցոյց տալու Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի Հանրապետութեան պաշարումը եւ 12 Դեկտեմբերէն Լաչինի շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկային ճգնաժամը: Այդ օրը տեղւոյն ժամը 17:00-էն սկսեալ, Արժանթինի բոլոր տարիքի հայ քաղաքացիները հաւաքուած են Հանրապետութեան հրապարակ՝ Արցախի շրջափակումը դատապարտող եւ միջանցքի անյապաղ բացումը պահանջող պաստառներով: «Լաչինի միջանցքը միակ մուտքն է կենսական պաշարներու համար, ինչպիսիք են սննդամթերքը, դեղորայքը եւ ելեկտրոնային աղբիւրները՝ հասնելու հոն ապրող 120.000 հայ բնակիչներուն (ներառեալ 30.000 երեխաներ եւ 20.000 տարեցներ), որոնք կ’ապրին այնտեղ», նշած են կազմակերպիչները: Անոնց խօսքին համաձայն, «Սա Ատրպէյճանի եւ անոր նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւս մէկ խաղն է` իրականացնելու ցեղային զտումներու ցեղասպանական նախագիծ տարածաշրջանի հայ բնակչութեան դէմ»: «Որպէս Արժանթինի հայ քաղաքացիներ՝ մենք կոչ կ’ուղղենք մեր երկրի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն համերաշխութիւն դրսեւորելու Արցախի բնակիչներուն հետ եւ բարձրացնելու իրենց ձայնը, համապատասխան պահանջներ ներկայացնելու միջազգային կազմակերպութիւններուն առջև, որպէսզի Ատրպէյճան դադրեցնէ անմարդկային վերաբերմունքը», յայտարարած են ցոյցի մասնակիցները: