ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ առանց որեւէ պատճառաբանութեան, այս անգամ Հայաստանի համար անբաղձալի անձ նկատուած է Ֆրանսայի ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Նժդեհ Գարագաւորեան:

Գարագաւորեան պէտք էր Հայաստան այցելէր 6-10 փետրուարին Սիւնիքի մէջ տեղի ունենալիք ՀՅԴ Երիտասարդական համաշխարհային համագումարին մասնակցելու: Համագումարին պիտի համախմբուին աշխարհի չորս ծագերէն ՀՅԴ-ի երիտասարդական միաւորներու ներկայացուցիչներ` միասնաբար ծրագրելու դաշնակցական երիտասարդութեան յառաջիկայի գործունէութիւնն ու ընելիքները:

Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ Հայաստանի համար անբաղձալի անձեր նկատուեցան ՀՅԴ-ի ղեկավարներ եւ ՀՅԴ Նետերլանտներու «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան անդամ Սիւնէ Աբրահամեան, կրկին առանց որեւէ բացատրութեան: