ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ

– 6 Փետրուարին Սուրիան ցնցած ահաւոր երկրաշարժին զոհուեցաւ ՀԵԸ-ի պասքեթի կրտսերներու խումբի խաղացող Ալպեր Թենէքէճեանը, բնակարանին փլուզման հետեւանքով։
-Սուրիոյ ֆութպոլի դաշնութիւնը ֆութպոլի Ա հաւաքականի մարզիչ նշանակեց Արժանթինցի նշանաւոր մարզիչ Հեքթոր Քոփերը: Անոր աշխատակազմին մաս պիտի կազմէ Եգիպտոսի հաւաքականի նշանաւոր դարպասապահ Իսամ Հատիրին որպէս դարպասապահերու մարզիչ:
-Ուրբաթ օր Ուասպէ – ճէյշ մրցումի ընթացքին Սուրիոյ հաւաքականի եւ ճէյշ խումբի խմբապետ Ահմատ ալ-Սալէհ կարմիր քարթ ստանալէ ետք իրաւարարին վրայ յարձակելով հարուածեց անոր: Դամասկոսի ակումբը յատուկ յաղորդագրութեամբ ներողամտութիւն խնդրեց իրաւարարէն, ինչպէս նաեւ պատժական տնօրինում սահմանելով դադրեցուց ալ-Սալէհի նիւթական վճառումները մինչեւ ցնոր տնօրինում:
-Սուրիոյ ֆութպոլի երթի փուլի աւարտին Ուասպէն 20 կէտերով գլխաւորեց աղիւսակը, անոր յաջորդեցին Ճէյշը, Ճապլէն եւ Հալէպի Ահլին 19 կետերով:
-Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Սուրիացի պիլիարտ խաղացող Մուհամատ Ալ-Սուֆին հասաւ համաշխարհային Պիլիարտի ախոյեանութեան աւարտական մրցումին, որ տեղի կ’ունենայ Լեհաստանի մէջ:

ՄԻՋԱԶԱՅԻՆ
ՍԱՆ ԺԷՐՄԱՆԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ ՄԵՍՍԻՆ ՊԱՀԵԼ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻՆ

Ֆրանսայի տարիներու ախոյեան Փարիզ Սան Ժերմանի մարզական տնօրէն Լուիս Քամփոսը հաստատեց, որ կը քննարկուի աշխարհի ախոյեան Արժանթինի հաւաքականի 35 տարեկան յարձակող Լիոնէլ Մեսսիի հետ համագործակցութեան երկարաձգումը: «Հիմա մենք կը քննարկենք Մեսիի նոր պայմանագիրը։ Բոլորս ալ կը փափաքինք որ ան շարունակէ մնալ մեր խումբին հետ։ Մենք ուրախ կը մնանաք, եթե ան երկարաձգէ պայմանագիրը»-, Քամփոսի խօսքը արձանագրած էր Telefoot-ը։ Աւելցնենք, որ Մեսսիի գործող պայմանագիրը ֆրանսական ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանի աւարտը։

ԱՆՍՕ ՖԱԹԻՆ ՊԱՀԱՆՋՈՒԱԾ Է ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԻՒՆԱՅԹԸՏԻ ԿՈՂՄԷ

Ըստ Diario Sport-ին, Անգլիական Մանչեսթըր Իւնայթըտի պատասխանատուները հետաքրքրուած են Սպանիոյ փոխախոյեան «Պարսելոնա»-ի եւ Սպանիոյ հաւաքականի յարձակող Անսօ Ֆաթիի ծառայութիւններով: Քաթալոնէական ակումբը ամռան հաւանաբար քննարկէ 20-տարեկան ֆութպոլիստի տեղափոխութիւնը եթէ ստանայ գրաւիչ առաջարկ մը: Անսօ Ֆաթին մշտական տեղ չունի սպանացի Չավիի գլխաւորած կազմին մէջ, եւ ան այլ առիթներվ ներկայացուցած է իր դժգոհանքը: Սպանիոյ ընթացիկ ախոյեանութեան Ֆաթին մասնակցած է 19 հանդիպումի եւ նշանակած է միայն ետեք կոլ: Անոր ծառայութիւններով հետաքրքրուած են նաեւ Պայերն Միուխէնը, Արսէնալն ու Թոթենհամը:

Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան