ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ ՀՅԴ 132 Ամեակի տօնակատարութեան նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, ՀՅԴ ԱՄՆ Արեւմտեան շրջան այցելած էր իր համայնքային հանդիպումներու շարքին Շաբաթ, 18.Փետրուարի առաւօտեան Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն ընկերակցութեամբ մտերմիկ նախաճաշ-հանդիպում ունեցաւ ազգային եկեղեցական միաւորներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութեան կեդրոնին եւ ՀՕՄի հիւրընկալութեամբ: Հանդիպումին ներկայ էին ՀՕՄի, Համազգայինի, Ազգային Վարչութեան, Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան և Երիտ-պատանեկան միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցան միտքերու փոխանակութիւն հայութիւնը եւ համայնքը յուզող տարբեր հարցերու շուրջ: Բըրբէնքի կեդրոնի մէջ եւս առանձին մէկ այլ հանդիպում տեղի ունեցաւ, ուր Յակոբ Տ. Խաչատուրեան Կեդրոնական կոմիտէի երիտասարդական հարցերու ներկայացուցիչ Զոհրապ Գահուէճեանի ընկերակցութեամբ հանդիպեցաւ երիտասարդական, պատանեկան և ուսանողական միաւորներու ներկայացուցիչներուն հետ: