Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի փափաքին ընդառաջելով, 2017-2019 նստաշրջանին յառաջացած Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ շինարարական յանձնախումբը, Կալուածոց Հոգաբարձութեան ատենապետը եւ օրուան կապալարուն աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան Սրբազան Հօր հետ, Ազգ. Առաջնորդարանի գրասենեակէն ներս, ուր նախ բացատրութիւններ տրուեցան Մայր եկեղեցւոյ վերաշինութեան, վարչական եւ գործնական աշխատանքներուն մասին, յատկապէս յիշատակելի է, որ վերաշինութիւնը իրականացած էր ազնիւ ներդրումով Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահական պալատին, Սուրիոյ վերաշինութեան եւ վերականգնումի ընդհանուր շրջագիծէն ներս։

Ապա, հրապարակային այցելութիւն մը տրուեցաւ Մայր եկեղեցի, շքամուտքէն սկսեալ, եկեղեցւոյ ներքնամասը, զանգակատունը եւ յարակից շրջափակերը, ուր մանրամասն բացատրութիւն տրուեցաւ եւ գործնական աշխատանքերու ձեւն ու գործընթացը պարզուեցաւ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքով նախ ընդգծեց Մայր եկեղեցւոյ դրսեւորած կարեւորութիւնը ո՛չ միայն սուրիահայութեան, այլ համայն հայութեան կեանքէն ներս եւ բարձր գնահատեց օրուան թեմակալ Առաջնորդին գլխաւորութեամբ, շինարարական յանձնախումբին հսկողութեամբ եւ ազգային իշխանութեան քաջալերանքով իրականացած վերաշինութիւնն ու վերանորոգումը։

Նշելի է, թէ նախկին հնադարեան ոճով վերաշինուած եւ վերանորոգուած Մայր եկեղեցւոյ հանդիսաւոր վերօծումն ու վերաբացումը տեղի ունեցաւ 30 Մարտ 2019-ին, ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, պաշտօնական եւ ժողովրդային աննախընթաց մասնակցութեամբ։