Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850 ամեակին առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինումով, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Մատենադարանը գիտաժողով մը կազմակերպած է, Ուրբաթ 26 Մայիս 2023ին: Նախորդ օրը՝ Հինգշաբթի 25 Մայիս 2023ին, Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, որ Երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի կողմէ, Շնորհալի Հայրապետի 800 ամեակին առիթով ստացաւ մեծ սուրբ հայրապետին տիտղոսը, Սրբազան Համերգով հանդէս պիտի գայ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ:

Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն միաբաններ, Դպրեվանքի Ընծայարանի ուսանողներ, լիբանանահայ մտաւորականներ եւ հրաւիրեալներ: Շնորհալի Հայրապետի 850-ամեայ յիշատակը արժանաւորապէս ոգեկոչելու նպատակով գիտաժողովի զեկոյց-ուսումնասիրութիւնները մօտիկ ապագային հատորով մը լոյս պիտի ընծայուին:

Կը հրաւիրենք մեր մտաւորականները, որպէսզի 850 ամեակը արժեւորեն եւ մասնակցին՝ ուսումնասիրական աշխատասիրութեամբ մը: Աշխատութիւնները յղել հետեւեալ հասցէին.- arekagan1@gmail.com: Նոյն հասցէին հետ կապ պահել գիտաժողովի մասնակցութեան եւ ընդհանրապէս 850 ամեակի նշումին առնչուած տեղեկութիւններու համար: