Թօփճեանները յոգնակի մարդիկ են, ոչ միայն որովհետեւ անոնց նախնին, որուն կրցեր ենք հասնիլ՝ Ֆիլիփ Թօփճեանը երեք կիներ ունեցեր է՝ Լուլուն, Անէթան եւ Մէճիտիէն, որոնց երեքին ջանքերով ծներ են վեց մանչեր եւ երկու աղջիկներ, այլ նաեւ որովհետեւ անոնք սիրած են կեանքը լայնօրէն ապրիլ, ցմրուր ըմպելով քաղցրութիւնն ու դառնութիւնը միաժամանակ, ճիշդ սեւ սուրճին պէս՝ դառն, բայց աննկարագրելիօրէն համեղ:
Թօփճեանները յոգնակի են նաեւ անոր համար, որ անոնց ապրած կեանքը,- գոնէ անոնցմէ ոմանց ապրած կեանքը կրնայ անիրական թուիլ, ինչպէս եղած է կեանքը շատերու, որոնք անցած են Համաշխարհային Ա. Պատերազմի դժոխքէն: Այդպէս են Ֆիլիփ Թօփճեանին եւ անոր ամէնէն կրտսեր տղուն՝ Արմէնին կեանքերը:
Ֆիլիփին առաջին երկու կիները մահացեր են. երրորդ կինն ալ կրնար իրմէ առաջ մահանալ, համոզուած է Ֆիլիփ Թօփճեանը, եթէ այդ քահանան …
-Անիծուի՛ այդ գողը,- կը մռնչէր Ֆիլիփ ցաւերուն մէջ:
Երկու շաբաթ առաջ սերժանթ Ֆիլիփը եկեր էր հեւալով, բաճկոնին կոճակները բաց, վրան գլուխը փոշի, անկողին ինկեր եւ ա՛լ չէր ելեր։
Ֆիլիփ Թօփճեանը կը զգար, որ պիտի մեռնէր, այս անգամ ի՛նք պիտի մեռնէր կնոջմէն առաջ, եւ ատիկա ոտքի ցաւին չափ խորունկ եւ մեծ ցաւ կը պատճառէր իրեն։
Զինք դէպի մահ քաշողը ոտքը չէր, որ օրէ օր կը փտէր, այլ՝  քահանան.
-Շան որդի տէրտէրը անիծեց,- կ’ըսէր ակռաները ցաւէն սեղմելով,- եւ քանի տէրտէր է, Աստուած իրե՛ն մտիկ կ’ընէ, թէեւ ե՛ս եմ իրաւունքովը։
Սերժանթ Ֆիլիփը գող քահանան հալածեր է Սալիպէի նեղ թաղերէն մինչեւ գերեզմաններու ամայքը, որ շատ ծանօթ վայր էր քահանային համար, իսկ սերժանթին՝  խորշելի։ Հոն է, որ ոտքը տապանաքարի մը զարկեր ու հասակով գետին փռուեր է, մինչ քահանան կծիկը դրեր է, բախտը օրհնելով։
-Անիծեց … Ոտքի ելլեմ, ցոյց կու տամ այդ շան որդիին ի՞նչ ըսել է գողնալը…
-Մեղք ունի, մարդ Աստուծոյ, կը բաւէ,- կ’ըսէր աստուածավախ ու եկեղեցասէր կինը, որ ամէն Կիրակի չորս զաւակները հաւաքած եկեղեցի կ’երթար։
Բայց ոչ այս Կիրակի։ Ֆիլիփին վիճակը ծանրացեր է. աչքերը փակ են, բայց կոպերը ցաւէն կը թրթռան։ Տասնապետը, որ նաեւ սենեկապանի դեր կը կատարէ, աֆիոնի գլանիկ մը փաթթեր, վառեր եւ մեծաւորին բերանը դրեր է. ցաւը թեթեւցնելու ամէնէն արագ միջոցն է. ու երբ գլանիկը իյնայ սերժանթին շրթունքներէն, տասնապետը կը հասկնայ, որ երկու ժամ գոնէ ցաւ պիտի չզգայ իր մեծաւորը։
Անիթան անկողինը դրեր է բակը, լեմոնի ծառին տակ, փոքրիկ աւազանէն քիչ մը անդին. թէեւ գիտէ, որ ամուսինը կը սիրէ լիվանին մէջ երկննալ, բայց գիտէ նաեւ, որ լեմոնին ծաղիկներուն  հոտը «սիրտ կը բանայ»։
Երեք տղաքը լիվանին անկիւնը քաշուեր են. չեն խաղար. կը սպասեն, որ մայրիկը հրաման տայ քովի բակը երթալու։ Հայրիկին «պառկելէն» ի վեր Անիթան աւելի թոյլատու դարձեր է. ամէն անգամ, որ սերժանթը արթննայ եւ տասնապետը կանչէ, Անիթան աչք-ունքով զաւակները դուրս կը ղրկէ, դրացիներուն բակը, ուր կիները զիրենք անսովոր գուրգուրանքով կը պահեն:
Ի՞նչ գողցեր էր քահանան, մոռցուեր է. ինչո՞ւ օսմանեան բանակի հայ սերժանթ Ֆիլիփը անպայման կ’ուզէր բռնել զինք, այդ ալ մոռցուեր է։ Եւ մնացեր է մահը, որ վերջ պիտի դնէ ոչ միայն սերժանթ Ֆիլիփին կեանքին, այլ իր ամուսնութիւններու շարանին։
Ո՞վ պիտի խնամէր եօթ մանչերն ու միակ աղջիկը. Անիթա՞ն. բայց ինք եւս կը մեռնէր ամուսինէն քիչ ետք։ Արդէն առաջին կնոջ երկու մանչերը՝ Կարապետն ու Խոսրովը հասուն երիտասարդներ են. նոյնքան  հասուն է երկրորդ կնոջ՝  Լուլուին մանչը՝  Բարսեղը։ Անիթային տղաքն են որ մատ մըն են տակաւին եւ խնամքի կարօտ։
Անիթան տխրութեամբ նայեցաւ զաւակներուն, մինչ երեք տղաքը իրենց քրոջ ձեռքէն բռնած արտորանքով բակէն դուրս կ’ելլէին. վազեց անոնց ետեւէն ու փսփսալով ըսաւ մեծին՝ Գրիգորին, արաբերէն.
-Չուշանաք. տասնապետը կը ղրկեմ, անմիջապէս կու գաք։
Հալէպ ծնած մեծցած Անիթան հայերէն չէր գիտեր. այդ օրերուն ո՞ր հայը հայերէն գիտէր, կամ տան մէջ հայերէն կը խօսէր. բոլոր Տէօքմէճիները, Էքմէքճիները, Ֆաթթալները, Նահհասները եւ մնացեալ հին հայերը Սուրբ Գիրքը արաբերէն կը կարդային, եւ Քառասնից Մանկանցին մէջ արաբերէն պատարագ կը լսէին։
– Եկեղեցին կնիկներուն գործն է,- կ’ըսէր սերժանթ Ֆիլիփը եւ Կիրակի առտուները սրճարան կ’երթար,- էրիկմարդ ըսածդ զէնք վերցնող պիտի ըլլայ։
Տան մէջ գտնուող ամէնէն հին նկարին մէջ սերժանթ Ֆիլիփը կը հաստատէ, որ այս «մաքուր» բաժանումը կնիկ-էրիկմարդ գործերու միայն խօսք չէ, այլ համոզում է եւ ապրելակերպ. պեխերուն ծայրերը դէմքէն դուրս երկարած, մեծ զէնքը գիրկը եւ աչքերը կարեւոր կէտի մը լարած, սերժանթ Ֆիլիփը իրապէս եկեղեցի գացողի պիչիմ չունի։
Օր մըն ալ Անիթան կիրակնօրեայ զգեստները հագցուց զաւակներուն եւ տարաւ եկեղեցի, ուր իրենց հայրը, իր ամբողջ շքեղութեամբ կը քնանար փայտէ նեղ անկողինի մը մէջ։
Մեծը՝ Գրիգորը, (իմ մօրենական մեծ հայրիկս, որուն տեսած չեմ դժբախտաբար) յաճախ պիտի յիշէր այդ պահը, իր խորունկ ուրախութիւնը՝  հայրիկը լաւացեր է եւ ի՜նչ հանգիստ կը քնանայ, յետոյ նոյնքան խորունկ զարմանքը՝  բայց ինչո՞ւ հոս է, ինչո՞ւ տուն չի գար … Երկա՜ր ատեն պիտի փնտռէ հօր խոժոռ ներկայութիւնը, բամբ ձայնը եւ իրենց վախը ի լուր թաղին մէջ արձագանգող անոր ոտնաձայներուն։
Տարիներ ետք հեռաւոր եւ անծանօթ մնացած զարմիկ մը պիտի կազմէր Թօփճեաններուն տոհմածառը եւ հոն նշէր Ֆիլիփին մայրը։ Բայց ո՞վ էր հայրը, ուրկէ՞ Հալէպ հասեր էր, այդ օրերուն ո՞ւր էին ընտանիքին մնացեալ անդամները, որոնք շատ հաւանաբար թիւ պիտի կազմէին մէկ ու կէս միլիոնին մէջ։
Կարապե՞տ էր հայրը … թերեւս. թէ ոչ ինչո՞ւ Ֆիլիփը իր անդրանիկ մանչը Կարապետ պիտի կոչէր, եւ վերջին զաւկին, միակ աղջկան պիտի տար մօր անունը՝  Մարիամ։
Մնացեր են երկու խմբանկարներ սերժանթ Ֆիլիփին «անմահութիւն» ապահովող. եւ  մնացեր է թոռնիկներէն մէկը, որ իր անունը կը կրէ հպարտօրէն՝ Ֆիլիփ Թօփճեան կրտսեր, մեծ Ֆիլիփին ամէնէն փոքր մանչուն՝ Արմէն Թօփճեանին միակ զաւակը:
Իսկ Արմէն Թօփճեա՜նը …
Անոր պատմութիւնը այլ խորք եւ տարածք ունի: Յետոյ կը պատմեմ:
Մարուշ Երամեան