Երեք­շաբ­թի, 11 Յու­նիս 2019-ին, Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Ազգ.Վար­չու­թեան ներկա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ դի­մա­ւո­րե­ցին Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի ընտրեալ Առաջ­նորդ` Գերշ. Տէր Մա­սիս Եպս. Զօպ­ու­եա­նը, իսկ Չո­րեք­շաբ­թի օր Առաջ­նոր­դին հետ մի­ա­սին ու­ղե­ւոր­ուե­ցան դէ­պի Սուր­իա:

Սուր­ի­ա­կան սահ­մա­նին վրայ, Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նոր­դը դիմաւորուեցաւ թե­մի Գործադիր Իշ­խա­նու­թեան` Ազգ. Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վին եւ Ազգ. Վար­չու­թեան ներկայացուցիչներուն, իսկ Հա­լէ­պի մուտ­քին` Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղիկո­սու­թեան Ազգ. Կեդր. Վար­չու­թեան Քա­ղա­քա­կան Ժո­ղովի ան­դամ տի­ար Հրաչ Յա­կոբ­եա­նի, Ազգ. Երեսփոխանա­կան Ժո­ղո­վի ան­դամ տի­ար Կա­րօ Իւզ­պաշ­եա­նի եւ Ազգ. Իշ­խա­նու­թեան ներկայացուցիչնե­րուն կող­մէ:

Նո­րըն­տիր Առաջ­նոր­դը այ­նու­հե­տեւ ժա­մա­նեց Հա­լէ­պի Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղե­ցի, ուր ծափողջոյն­նե­րով, եկե­ղեց­ւոյ զան­գե­րուն ղօ­ղանջ­նե­րով, ՀՄԸՄի եւ ՀՄՄ-ի փո­ղե­րա­խում­բե­րուն հն­չե­ցու­ցած եր­գե­րով դի­մա­ւոր­ուե­ցաւ ազգային մար­մին­նե­րու, հա­լէ­պա­հայ կազմակերպութիւն­նե­րու, միութիւններու, Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան եւ Կա­թո­ղի­կէ համանքապետ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, քրիս­տոն­եայ հա­մայն­քա­պետ­նե­րուն եւ հաւատացեալ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ:

Եկե­ղեց­ւոյ մէջ, Կա­նո­նա­կան աղօթ­քէն ետք բաց­ման խօսք ար­տա­սա­նեց Արժա­նա­պա­տիւ Տէր Յու­սիկ Աւագ Քա­հա­նայ Սեդ­րաք­եան, ապա Առաջնորդա­կան Ասան յանձ­նեց Գերշ. Տէր Մա­սիս Եպս. Զօպ­ու­եա­նին, անոր մաղ­թե­լով ծաղկ­եալ գոր­ծու­նէ­ու­թիւն Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մէն ներս:

Բա­րի գա­լուս­տի արա­բե­րէն խօս­քով, Ար­ժա­նա­պա­տիւ Տէր Խո­րէն Քա­հա­նայ Պէր­թիզլ­եան նորըն­տիր Առաջ­նոր­դը ներ­կա­յա­ցուց ժո­ղո­վուր­դին:

Ապա Ար­ժա­նա­պա­տիւ Տէր Մաշ­տոց Աւագ Քա­հա­նայ Արա­պաթլ­եան հայերէնով ըն­թեր­ցեց Առաջ­նոր­դին կեն­սագ­րու­թիւնը:

Այս առի­թով Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նոր­դը իր անդ­րա­նիկ պատ­գա­մը ուղղեց հա­ւա­տաց­եալ ժո­ղո­վուր­դին:

Գերշ. Տէր Մա­սիս դի­տել տուաւ, որ Լի­բա­նա­նի սահ­մա­նէն Սուր­ի­ա­կան Հայրե­նիք մտած պահուն, ամէ­նու­րեք բարձ­րա­ցած էր սուր­ի­ա­կան դրօ­շը, տա­րած­ուած էր սուր­ի­ա­կան բա­նա­կը եւ Հա­յոց Առաջ­նոր­դը կը դի­մա­ւոր­ուէր մեծ յար­գան­քով: «Այս բո­լո­րին ի տես գօ­տեպնդ­ուե­ցայ` սի­րով ծա­ռա­յե­լու Սուր­ի­ա­կան այն Հայ­րե­նի­քին, որուն ժո­ղո­վուր­դը ձեռք եր­կա­րեց ցեղասպանու­թե­նէն ճողոպրած հայութեան: Այս­տեղ հայ ժո­ղո­վուր­դը վերակա­ռու­ցեց իր տունը, գոր­ծա­րա­նը, բնա­կա­րա­նը ու հիմ­նեց միութիւններն ու դպ­րոց­նե­րը, դար­ձաւ պար­կեշտ քա­ղա­քա­ցի, աշ­խա­տե­ցաւ եւ սա­տա­րեց Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նի­քի ծաղ­կու­մին», ըսաւ Սր­բա­զան Հայ­րը, ապա բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տեց Սուր­իոյ իմաս­տուն նա­խա­գահ տոքթ. Պաշ­շար ալ Ասատը, որ նա­խա­գա­հա­կան պաշ­տօ­նը ստանձ­նե­լէն ի վեր երիտասարդա­կան շուն­չով կ՛ոգեւո­րէ ժո­ղո­վուր­դը եւ սէր ու յար­գանք կը տածէ քրիս­տոն­եայ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, յատ­կա­պէս հայ հա­մայն­քին հանդէպ:

Գերշ. Տէր Մա­սիս Զօպ­ու­եան շնոր­հա­կա­լա­կան եւ երախ­տա­գի­տա­կան խօսք ուղ­ղեց նախ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ապա թե­միս Երես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վին, որոնք խո­նարհ եւ հա­մեստ իր ան­ձը ար­ժա­նի նկա­տեցին Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նոր­դի պատմական գա­հին բարձրա­նա­լու: Ապա եղ­բայ­րա­կան ջերմ սի­րով յի­շեց թե­միս նախ­կին Առաջնորդ Գերշ. Շա­հան Սրբ. Արք. Սար­գիս­եա­նը, որ սրտ­բա­ցօ­րէն ծա­ռա­յեց իր հօ­տին`միշտ մնա­լով անոր կող­քին:

Սր­բա­զան Հայ­րը ող­ջու­նեց Ազգ. Իշ­խա­նու­թիւնը եւ անոր հո­վանի­ին տակ գոր­ծող բո­լոր մարմին­նե­րը, ող­ջու­նեց մեր ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր զա­ւակ­նե­րը անխ­տիր, յատ­կա­պէս նահատակնե­րուն ծնող­նե­րը` իր զօ­րակ­ցու­թիւնը յայտնե­լով անոնց: Ապա շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց զինք դի­մա­ւո­րե­լու եկած ժողովուրդին:

Գերշ. Տէր Մա­սիս Զօպ­ու­եան իր պատ­գա­մը եզ­րա­փա­կեց խօ­սե­լով յոյ­սի մասին, Աւե­տա­րա­նէն մէջ­բե­րե­լով Տի­բեր­իոյ լի­ճին եզեր­քը հրա­շա­լի ձկնորսու­թեան այն դէպ­քը, երբ Քրիս­տոս յարութե­նէն ետք աշա­կերտ­նե­րուն երեւ­ցաւ եւ հրաշք մը գոր­ծե­լով թե­լադ­րեց ամէն պարագանե­րու տակ ապաւի­նիլ Տի­րոջ եւ չյու­սա­հա­տիլ:
Եզ­րա­փա­կե­լով Տէր Մա­սիս ըսաւ. «Մի­աս­նա­բար պի­տի աշ­խա­տինք դարձ­եալ ծաղ­կեց­նե­լու այս գա­ղու­թը եւ թե­մը, յոյ­սով առաջ­նորդ­ուե­լու, աղօթ­քով գօտեպնդ­ուե­լու եւ լու­սա­ւոր աչ­քե­րով նա­յե­լու մեր ապա­գա­յին»:

Արա­րո­ղու­թիւնը աւար­տին հա­սաւ Առաջ­նորդ Սր­բա­զան Հօր «Պահ­պա­նիչ» աղօթ­քով եւ «Կիլիկ­իա» մաղ­թեր­քով:

Եկե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ, Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի նո­րըն­տիր Առաջ­նոր­դը Ազգ. Երես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վին եւ Ազգ. Վար­չու­թեան հետ մի­ա­սին շնորհաւորու­թիւն­ներ ըն­դու­նեց: