Յիսունական եւ վաթսունական թուականները իրար ագուցող եօթը տարիներու ընթացքին, երբ տակաւին Հալէպ կը բնակէր, Նոր Գիւղի ճամբորդատար ինքնաշարժներու հրապարակէն ուղղակի մզկիթ տանող բանուկ ճամբուն վրայ՝ նպարավաճառ Խորէնին խանութին եւ Գարակէօզեան եղբայրներու վաճառանոցին արանքը ծուարած՝ նեղլիկ, բայց կոկիկ ժամագործի խանութ մը կը բանեցնէր Խմբապետ Սագօն։
Խմբապետին խանութին ցուցափեղկին վրայ, արդէն տասնութ տարեկան հասակին իր մէջ ուռճացող գեղանկարիչի տաղանդը ի գործ դնելով՝ Օննիկ մօրեղբայրս, հայերէն եւ արաբերէն տառերով ցուցագրած էր խանութին անունը՝ «ժամագործ Սարգիս» եւ «Սաաթի սարգիս»: Անունին ներքեւ նկարած էր գրպանի ոսկեգոյն ժամացոյց մը՝ կիսաբաց կափարիչով եւ երկար շըղթայով: Կանուխ տարիքէն գծագրութեան, գեղանկարչութեան եւ, քանի մը տարի ետք, նաեւ փորագրութեան ու քանդակագործութեան արուեստներուն մէջ անստգիւտ հմտութիւն ցուցաբերած էր բազմակողմանի տաղանդներով օժտուած՝ վաղամեռիկ Օննիկ քեռիս: Բայց այս պատմութիւնը Օննիկ մօրեղբօրս չի վերաբերիր: Շարունակենք ուրեմն…
Սագօն խմբապետի անպաշտօն տիտղոսով պարգեւատրուած էր Նոր գիւղի մարզասէր պատանիներու եւ երիտասարդներու կողմէ: Մարզական որեւէ գործունէութեան չէր մասնակցեր: Չէր կրնար մասնակցիլ. մանուկ տարիքին, ինքնաշարժի անագորոյն արկած մը՝ հիւանդանոցին մէջ իր բուժման յանձնառու անձնակազմին անճարակութեան հետ դաւակցելով՝ պատճառ դարձած էր, որ Սարգիսի թերաճ ողնաշարը չափազանց կորանայ եւ անհեթեթ ու այլանդակ կուզով մը հաշմէ իր մատղաշ կռնակը: Վիրաբուժական այդ ձախաւեր գործողութեան արդիւնքներէն մէկն ալ այն եղաւ, որ Սարգիսին թոքերը թերաճ մնան: Այս՝ եւ ծխախոտի իր մոլութիւնը պատճառ դարձան, որ քառասունը հազիւ ետին ձգած՝ հոգին աւանդէ մեծահոգի Սագօն: Ասով հանդերձ իր կարճատեւ կեանքի ընթացքին, այդ քուազիմոթոեան կուզին բեռը՝ կռնակէն եւ թոքերէն աւելի՝ Սագոյին հոգեվիճակին վրայ կը ճնշէր:
Խմբապետը ֆիզիքապէս մասնակից չէր որեւէ մարզական գործողութեան, սակայն ամէն Կիրակի կարելի էր զինք տեսնել Աճուռ Թառլայի մօտակայքը գտնուող ՀՄԸՄ-ի թիթեղապատ մարզադաշտին մէջ՝ շրջապատուած մարզասէրներով եւ զինք շատ սիրող ու յարգող մարզիկ տղոցմով: Սագօն այդ տղոց ո՛չ թէ մարմնական, այլ՝ հոգեկան մարզիչն էր: Կը խրախուսէր ու կ’ոգեպնդէր զիրենք: Մօտէն կը հետեւէր անոնց մարզական գործունէութիւններուն: Իրենց յաջողութիւններուն մէջ բաժին ունենալու ներքին գոհունակութիւնը մասամբ մը կը լեցնէր խեղաթիւր մարմնին իր սրտին մէջ բացած անհուն պարապը: Այդ տղոց յաղթանակները թեւեր կու տային մարմնապէս անկար մարզիկի իր երեւակայութեան ու զինք կը բարձրացնէին մրցանակաբաշխման աստիճաններու կատարը:
Ի հեճուկս կուզին պատճառած ֆիզիքական եւ հոգեկան տուայտանքին, խմբապետը երբեք չէր տրտնջար: Ուր որ ըլլար – հաւաքոյթներու մէջ, մարզադաշտը, բարեկամներու կամ ազգականներու այցելութեան պահերուն – ինքզինք բոլորին հետ հաւասար կը դասէր: Իր ինքնավստահ կեցուածքին ի տես, շուրջինները, կամայ թէ՛ ակամայ, իր հետ կը վարուէին այնպէս ինչպէս պիտի վարուէին որեւէ անձի հետ, որուն իրանը բաղկացնող ակներեւ մասերը ո՛չ բնախօսական զարտուղութեանց ո՛չ ալ մարդոց անճարակութեան զոհ գացած էին:
Սագօն առաջին վարպետս էր եւ ես՝ իր առաջին աշկերտը: Երրորդ եւ չորրորդ դասարաններուն յաջորդող ամրան արձակուրդներուն, օրը երկու-երեք ժամ իր ժամագործի խանութը կ’աշխատէի: Տախտակամածը կ’աւլէի եւ թացկեկ քուրջով մը կը փայլեցնէի ժամացոյցները, ապակեայ ափսէներն ու ցուցափեղկը: Քիչ մըն ալ ժամացոյց նորոգել կը սորվեցնէր ինծի Սագօն: Ձեռքին անբաժան կաստը՝ ժամացոյցի ներքին սարքին մէկ մանրակէն միւսին ուղղելով՝ կ’ըսէր.
– Երբ ժամացոյցը լարել սկսիս, լարիչ ձողիկին ատամնաւոր ծայրը, իր կարգին, կը սկսի դարձնել զինք վակժուժող այս փոքրիկ կեռանիւը, որ կը դարձնէ այս մեծ զսպանակի սռնակին ագուցուած ատամնաւոր ձողիկը՝ ինքն իր վրայ ոլորելով եւ պնդացնելով զսպանակը. զսպանակին կեդրոնի ձողիկին վրայի այս միւս՝ աւելի մեծ, ատամնաւոր կազմածը կը դարձնէ այս մեծ կեռանիւը, որ կը կառավարէ իրարու վակժուժուած միւս երեք կեռանիւները։ Այսպէս՝ բոլոր մանրակները իրարու հետ կշռութաւոր ներդաշնակութեամբ կը գործեն՝ րոպէ առ րոպէ, վայրկեան առ վայրկեան եւ ժամ առ ժամ ու մեզ հաղորդ կը պահեն մեր կեանքի անտեղիտալի յառաջխաղացքին հետ:
Անշուշտ Սագօն այսպիսի անհեթեթ բառակոյտեր չէր թխմեր տաս-տասնըմէկ տարեկան մանուկի դիւրաշփոթ գլխուս մէջ, ոչ ալ այդ ընելու համար հարկաւոր բառապաշարը ունէր: Իրականութեան մէջ, Խմբապետին արհեստագիտական լեզուն հայերէնի, արաբերէնի եւ ֆրանսերէնի խառնուրդ բան մըն էր, որ կը գործածուէր ընդհանրապէս բոլոր հալէպահայ արհեստաւորներուն կողմէ: Դեռ յիշողութեանս մէջ դրոշմուած կը մնայ յանկերգի նմանող իր մէկ պատուէրը՝ «վիտան շատ ուժով մի դարձներ, լաշխա կ’ըլլայ»: Ըսել կ’ուզէր՝ պտուտակը շատ մի պնդացներ, որ ակռապլիկ չըլլայ. կամ ուրիշ խօսքով՝ պտուտակը շատ մի դարձներ, որ ատամնաւոր ոլորտները չմաշին:
Այսուհանդերձ, սխալ պիտի ըլլար ենթադրել, որ Սագօն տգէտ կամ անուս անձ մըն էր: Միայն նախակրթարան աւարտած էր, բայց ամէն օր՝ այդ տարիներուն տակաւին Հալէպ հրատարակուող «Արեւելք» օրաթերթը ծայրէ-ծայր կը կարդար, ներառեալ այդ թերթին մէջ լոյս տեսնող թերթօնները, որոնք, հետեւողական կերպով՝ հետաքրքիր ընթերցասէրներուն կը հրամցնէին օրական երկու էջ, առնուած՝ հայ եւ օտար դասական վէպերէ: Ան նաեւ կարդացած էր եւ կը շարունակէր կարդալ բազմաթիւ վէպեր: Ինք եւ իր երէց եղբայրը՝ Ասատուր, շատ կանուխ տարիքէն որբացած եւ ապաւինած էին իրենց առաքինի հօրեղբօր՝ պարոն Կարապետ Մագսուտեանի եւ անոր ազնիւ տիկնոջ՝ մօրաքրոջս՝ Զուարթ Սողոյեան-Մագսուտեանի ծնողային խնամքին: Կը բնակէին երազային Նոր Գիւղի Զաւարեան թաղի համեստ տուներէն մէկուն մէջ: Իրենց տունէն հազիւ քանի մը տասնեակ քայլ անդին, նոյն թաղին մէջ կը գտնուէր հայ մանուկներու մատղաշ սրտերուն եւ մտքերուն մէջ հայեցի ինքնութիւն եւ մշակոյթ ներմուծելու ազգանուէր գործին նուիրուած Զաւարեան նախակրթարանը՝ իր ազգանուէր ուսուցչական կազմով եւ համանուն գրադարանով, ուր նաեւ արուեստի դասատու էր վերոնշեալ Օննիկ մօրեղբայրս: Ամէն Կիրակի, Սարգիս «Զաւարեան» գրադարան կը վերադարձնէր այդ շաբթուան ընթացքին կարդացած գիրքերը եւ տուն կը վերադառնար նոր գիրքերով:
Անցան քանի մը տարիներ, օր մըն ալ Խմբապետը Հալէպէն Պէյրութ փոխադրուեցաւ: Քանի մը շաբաթ չանցած՝ Պուրճ Համուտի Սանդրալ դրամատան կողքի թաղին մէջ, Օդոմոթրիսի երկաթուղագիծին դիմաց, ժամագործի խանութ մը բացաւ: Այս անգամ, սակայն, ցուցափեղկին մակագրութիւնը ուրիշ գծագրիչ մը պէտք է գեղագրէր. Օննիկ մօրեղբայրս քանի մը ամիսէ ի վեր՝ քսաներեք տարեկան հասակին՝ երկնային արուեստի կաճառի անդամ հռչակուած էր։ Այդ օրէն ի վեր Նոր Գիւղի հեքիաթային գիշերներու աստղածորան երկնակամարը աւելի երազային ու հրաշագեղ դարձեր էր…
…………
1967-ին սուրիական պետութիւնը որոշեց որդեգրել արաբացման համատարած եւ ծանրակշիռ քաղաքականութիւն մը, որուն զոհերէն մէկը հանդիսացաւ հայապատկան ուսումնարաններու ինքնավարութիւնը: Այս նոր իրավիճակը պատճառ դարձաւ, որ հայապատկան դպրոցներու վերաբացումը յետաձգուի քանի մը շաբաթով, մինչեւ որ Ազգային Առաջնորդարանը եւ Ուսումնական Խորհուրդը՝ պետական իշխանութիւններու հետ իրենց ոգի ի բռին վարած բանակցութիւններուն ընդմէջէն յաջողէին հայ դպրոցի հայեցի նկարագիրը փրկել ամբողջական ուծացումէ: Ըստ յիշողութեանս, հայազգի տնօրէնները իրենց հանգամանքը պարտադրաբար պիտի զիջէին պետութեան կողմէ նշանակուած արաբ տնօրէններու, իսկ իրենք պէտք է գոհանային տեսակ մը փոխտնօրէնի պաշտօնով: Նոյն բանակցութիւններու ընթացքին Առաջնորդարանը եւ Ուսումնական Խորհուրդը նաեւ յաջողեցան պետութիւնը համոզել, որ շաբաթը գոնէ մէկ-երկու դասապահ յատկացուի հայերէն լեզուի եւ հայերէնով դասաւանդուած կրօնագիտութեան: Այս վերջինը հայոց պատմութիւն պէտք է հասկնալ: Գտնուեցան արաբ տնօրէններ, որոնք հայ գաղութին հանդէպ իրենց տածած համակրանքէն կամ բնածին ծուլութենէն մղուած, իրենց յանձնառութիւնները գրեթէ ամբողջութեամբ զիջեցան հայազգի փոխտնօրէններուն: Սակայն, այս բարեացակամ կամ ծոյլ արաբ տնօրէններու խումբին ուղղակի հակապատկեր խումբ մը տնօրէններ, հրահրուած՝ փոքրամասնութիւններու հանդէպ սնուցած իրենց հակակրանքէն կամ զուտ հայատեացութենէ (թո՞ւրք էին արդեօք, ո՞վ գիտէ…)՝ իրենց բացարձակ կամքը պարտադրեցին հայ փոխտնօրէններուն եւ ուսուցչական կազմերուն: Բարեբախտաբար արաբ տնօրէններու այս երկրորդ փաղանգը փոքրամասնութիւն կը կազմէր:
Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը անմասն չմնաց վերոնշեալ վերիվայրումներէն: Ծնողքս, չուզելով որ ուսումիս ընթացքը խոչընդոտուի, զիս Պէյրութ ղրկեց, ուր քանի մը շաբաթ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան երկրորդականը յաճախեցի՝ ակնապիշ սպասելով հալէպահայ դպրոցներու վերաբացումին: Պէյրութ անցուցած այդ եօթը-ութը շաբաթներս ապրեցայ մեզի ազգական ազնիւ ընտանիքի մը հետ: Շատ բարեդէպ զուգադիպութեամբ մը նոյն շէնքին մէջ կը բնակէր Խմբապետ Սագօն: Զինք շա՜տ կարօտցեր էի: Երեկոները դասային պարտականութիւններս աւարտելէ ետք, Խմբապետը իր յարկաբաժինէն վար կ’իջնէր մեր ազգականին տունը եւ մէկ-երկու ուրիշ դրացիներու հետ՝ խօսիլ-խնդալով, համով-հոտով ժամանակ կ’անցընէինք: Երբեմն դպրոցէն արձակուելէ ետք, Սագոյին խանութը կ’երթայի, ուր բաւական երկար ատեն կը զրուցէինք հինէն նորէն, քիչ մը ամէն բանէն: Կիրակի օրերը միասին սինեմա եւ ճաշարան կ’երթայինք: Մէկ խօսքով, մտերիմներ դարձեր էինք:
Պէյրութ գտնուած միջոցիս, օր մըն ալ Խմբապետը ինծի յայտնեց, որ մէկ շաբաթով Հալէպ պիտի մեկնի: Հոն՝ մայրս եւ մօրաքոյրս քանի մը «յարմար» աղջիկներու ծնողներուն հետ աղջիկտեսի ժամադրութիւն առեր էին, եւ Սագօն պիտի տանէին տունէ-տուն աղջիկտեսի, որպէսզի «յարմարագոյն» աղջկան հետ, ծնողաց համաձայնութեամբ, նշանախօսութիւն կնքէր եւ Տիրոջ կամքով, կամ աւելի ճիշդը, իրար հաւնելու պարագային՝ ամուսնութիւն ալ կնքէին:
Հալէպէն ի վեր, Սագօն իր ձեռագործ գեղեցիկ վանդակներու մէջ գոյնզգոյն ու անուշիկ սարեակներ պահել կը սիրէր: Պէյրութի իր յարկաբաժինին մէջ ալ սարեակ մը կը պահէր այդ վանդակներէն մէկուն մէջ: Հալէպ երթալու նախօրեակին, իր յարկաբաժինին եւ խանութին բանալիները ինծի յանձնեց եւ խնդրեց, որ իր բացակայութեան ջրեմ եւ կերակրեմ սարեակը, նաեւ՝ եթէ առիթ ունենամ, դպրոցէն արձակուելէ ետք, յետմիջօրէներուն մէկ-երկու ժամ խանութը բանամ եւ յաճախորդներէն ժամացոյցի նորոգութեան պատուէր ապահովեմ եւ նորոգուած ժամացոյցները իրենց տիրոջ յանձնեմ: Սագօն այդ սարեակը շատ կը սիրէր։ Ամէն երեկոյ վանդակը առաստաղին ամրացուած կեռէն վար կ’առնէր, դուռը կը բանար եւ ցուցամատը սարեակին կուրծքին տակ դրած կը սպասէր, որ թռչնիկը թառին վրայէն իր մատին վրայ ոստնէ։ Յետոյ ցուցամատը սեղանին կը մօտեցնէր, որպէսզի սարեակը սեղանին վրայ ցատքէ, եւ դէմ-դէմի, փոխն ի փոխ սուլելով՝ մարդ եւ թռչուն երկխօսութեան կը բռնուէին:
Թռչնիկներու ուտելու եւ խմելու սովորութիւններուն մասին շատ բան չէի գիտեր: Անհոգաբար խորհելով, թէ Հալէպ երթալէ առաջ Սագոյին տուած կուտն ու ջուրը գոնէ երկու-երեք օր կը գոհացնեն սարեակին սննդական կարիքները, առաջին երկու օրը թռչնիկին ո՛չ ջուր տուի, ո՛չ կուտ: Երրորդ օրը ազգականիս յարկաբաժինէն Սագոյին յարկաբաժինը բարձրացայ։ Փականքին բռնակը դարձուցի եւ կամացուկ մը դուռը բացի: Գլուխս կիսով մը ներս մտցուցի եւ ականջներս սրած մտիկ ըրի՝ յուսալով սարեակին դայլայլը լսել, բայց ձայն ծպտուն չլսեցի: Սիրտս, որ աստիճաններէն վեր բարձրանալու պահուս արդէն սկսեր էր քիչ մը աւելի արագ տրոփել, հիմա սովորականէն երկու անգամ աւելի արագ կը բաբախէր: Խեղճ, անմեղ թռչնիկին քարացած ու ցուրտ սատակը վանդակի տախտակամածին վրայ կը հանգչէր:
Ոճիր գործած էի: Սպանած էի վանդակուած, ինքնօգնութեան անատակ արարած մը, որուն սնունդ մատակարարելու պարտականութիւնը ինծի յանձնարարուած էր: Անձիս հանդէպ նողկանք եւ ատելութիւն կուտակուեցաւ սրտիս մէջ: Առաջին քանի մը վայրկեաններուն, յուզումս այնքան անտանելի էր, որ նոյնիսկ չմտածեցի, թէ ինչպէ՛ս Սագոյին պիտի յայտնէի իր սիրելի սարեակին մահը: Այդ շաբթուան մնացեալ օրերը ա՛լ դպրոց չգացի: Չէի կրնար մարդու երես նայիլ: Ինծի այնպէս կը թուէր, թէ բոլորն ալ տեղեակ էին գործած ոճիրէս։ Աղէտէն չորս օր ետք, Սագօն Պէյրութ պիտի վերադառնար: Ճամբորդատար ինքնաշարժներու կեդրոնը կը գտնուէր իր խանութին հանդիպակած կողմը, նոյն ճամբուն վրայ: Ես ալ արդէն դպրոց երթալու տեղ, ամբողջ ժամանակս խանութը կ’անցընէի: Այնպէս որ, երբ Հալէպէն եկող ինքնաշարժը խանութին փողոցը մտաւ, վազելով գացի եւ սպասեցի, որ Սագօն ինքնաշարժէն իջնէ: Դէմքիս արտայայտութենէն անմիջապէս կռահեց կացութեան լրջութիւնը: Գլուխս կախած՝ առանց իրեն նայելու կը փորձէի խօսիլ. բառերը երկաթի սրածայր կտորուանքներու պէս, չորցած կոկորդս կը ճանկռտէին: Սագօն չզայրացաւ, չպոռաց-չկանչեց, ոչ ալ յանդիմանեց զիս. միայն ուզեց գիտնալ պատճառը՝ «ի՞նչ եղաւ»: Խոստովանեցայ: Արդէն իր խանութին առջեւ էինք: Ներս մտանք: Խմբապետը նստաւ իր գործի աթոռին վրայ: Երկար ատեն ոչինչ ըսաւ: Երբ սկսաւ խօսիլ, ձայնին մէջ ատելութեան կամ նոյնիսկ սոսկ հիասթափութեան շոշորթն իսկ չկար: Միայն ըսաւ, որ սարեակը շատ կը սիրէր եւ հիմա շատ պիտի կարօտնար զայն: Զգացած էր հոգեվիճակս եւ կ’ուզէր զիս սփոփել: Երանի բարկանար, պոռար-կանչէր, նոյնիսկ ապտակէր զիս: Բայց ասոնց տեղ, այդ բարեսիրտ, մեծահոգի մարդը, մէկդի դրած իր կոտտացող ցաւը, կը փորձէր զիս մխիթարել: Տասնվեց տարեկան անփորձ պատանիի հոգեկան նեղլիկ աշխարհս ընդլայնեցաւ եւ բիւրեղացաւ այդ օր: Սագօն ինծի սորվեցուցած էր ներողամտութեան հզօրութիւնը:
Երկու շաբաթ ետք, հայրս տեղեկացուց, որ դպրոցները բացուէր էին եւ ատենը եկած էր Հալէպ վերադառնալու: Ինչպէս քիչ մը վերը նշած էի, կ’ուզէի օր առաջ Հալէպ վերադառնալ: Բայց հիմա, երբ կ’ողջագուրուէի զիս այնքան ազնուօրէն հիւրընկալած ազգականներուս եւ Սագոյին հետ, յուզումի ալիքներ կը բարձրանային կոկորդէս վեր եւ աչքերուս ու կոպերուս արանքէն կայլակ առ կայլակ դուրս թորելով՝ յուշիկ վար կը սահէին վտիտ երեսէս:
Զիս Հալէպ տանող ինքնաշարժի պատուհանէն, երբ ականատես եղայ հորիզոնին վրայ փայլփլող Հալէպի առաջին աղօտ լոյսերուն, անհո՜ւն, անզուգակա՜ն երջանկութիւն մը զգացի եւ արտասովոր անդորրութի՜ւն մը համակեց ամբողջ էութիւնս: Կը վերադառնայի սիրելի ծննդավայրս, ուր կ’ապրէին սիրելի ծնողքս, քոյրս, եղբայրս եւ սիրելի ընկերներս: Ինչպէ՞ս գիտնայի, որ այդ օրէն երկու տարի չանցած, անվերադարձ պիտի բաժնուէի այդ բոլորէն:

Արա Մխսեան