«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան արտօնութեամբ Վան քաղաքի հիւսիսարեւմտեան շրջանին մէջ կատարուած պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած է ուրարտական դարաշարջանի մարդկային կմախք:
Պեղումներուն մասնակցած են թուրք հնաբաններ` Իսթանպուլի համալսարանէն: Անոնց համաձայն, կնոջ կմախքը, որ եղած է առանց գանկի, 2700 տարուայ է:

Աշխատանքները կատարուած են այն տարածքին վրայ, ուր գոյութիւն ունեցած է Ուրարտուի մայրաքաղաք Տուշպան:

Վանի տարածքին տարիներ շարունակ տեղի ունեցած են նման աշխատանքներ:
2017-ին Վանայ լիճի յատակը յայնտաբերուած է 3000-ամեայ պատմութիւն ունեցող ամրոց: Ըստ թուրք մասնագէտներուն, այդ ամրոցը նոյնպէս կը պատկանէր Ուրարտական ժամանակաշրջանին:
Յիշեցնենք, որ Վանի Հայկական Թագաւորութիւնը գոյութիւն ունեցած է մ.թ.ա. 9–6–րդ դարերուն: