«Արմէնփրէս».- ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 23 Օգոստոսին ընդունած է ՀՀ-ի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սեյիտ Քազեմ Սաճատիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ վերջինիս դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով:
ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-իրանական գործակցութեան ընթացքն ու հեռանկարները, կարծիքներ փոխանակուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ միջազգային զարգացումներուն մասին:
Դաւիթ Տօնոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպանին` Հայաստանի մէջ պաշտօնավարութեան ընթացքին հայ-իրանական յարաբերութիւններու ամրապնդման ու գործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման համար, մաղթելով յաջողութիւն հետագայ աշխատանքային գործունէութեան մէջ: