Հարիւր տարի առաջ ճիշդ այսօրուան պէս, Թուրքիան ու Ռուսաստանը մեր փոխարէն մեր ժողովուրդին ու պետութեան ճակատագիրը ճշդեցին: Հարիւր տարի անց, այսօր, ընդունինք կամ ոչ, բառերը ծամծմենք կամ ո՛չ՝ Ռուսաստանն ու Թուրքիան մե՛ր փոխարէն մեր պետականութեան հիմնական մասնիկներէն՝ Արցախի (ու նաեւ ինչ որ չափով ՀՀ-ի) ճակատագիրը կը ճշդեն…: Այսինքն հարիւր տարի առաջ ու ճիշդ հարիւր տարի ետք, պատմութեան հեգնական կրկնութեամբ, Հայաստանը միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ իրաւունքներ պաշտպանող ու պահանջող ենթակայ (subject) ըլլալէ աւելի առարկայ (object) է ըստ երեւոյթին…: Հարիւր տարի առաջ, Մոսկուայի համաձայնագիրը կնքող անձերը Թուրքիոյ ու Ռուսաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած պաշտօնական ներկայացուցիչները չէին, հետեւաբար իրաւասու չէին ո՛չ պայմանագիրը կնքելու, ո՛չ ալ առանց Հայաստանի իշխանութիւններուն մասնակցութեան, Հայաստանի պետականութեան առնչուած որոշումներ առնելու ու պարտաւորութիւններ բեռցնելու անոր: Այսօր, սակայն, Թուրքիան ու Ռուսաստանը մեր պետութեան եւ ժողովուրդին առնչուող որոշումներ կրնան առնել, նախ որովհետեւ միջազգային պայմանագրեր կնքելու իրաւասու են, երկրորդ՝ այդ պայմանագրերուն տակ թէկուզ անճարութենէ մեկնած Հայաստանի իշխանութիւններուն ստորագրութիւնը կարելի է տեսնել…: Այսինքն, եթէ հարիւր տարի առաջուան Մոսկուայի ու ապա Կարսի պայմանագրերը իրաւականօրէն ապօրինի ու անվաւեր հռչակելու յստակ փաստարկներ ունին, այսօրերուն կնքուած ու կնքուելիք պայմանագրերը ապօրինի նկատելու հաւանականութիւնները տեսականօրէն քիչ են, իսկ գործնականօրէն` գրեթէ անկարելի: Այս պայմաններուն տակ, Հայաստան օրէ օր կը կորսնցնէ իր գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը, կը վտանգուին մեր հաւաքական գոյութիւնն ու զարգացումը: Իսկ անոնք, որոնք գիտակցաբար կամ դիւրիմացաբար կը հաւատան, թէ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին վիճակը շատ աւելի բարենպաստ կրնայ դառնալ այլ պետութեան մը կազմին մէջ ներառուելով, կամ այլ (նոյնիսկ բարեկամ) պետութեան մը բացայայտ հպատակը դառնալով, ՉԱՐԱՉԱՐ կը սխալին ու մեծագոյն յանցագործութիւն կը հիւսեն: Ստրկամտութենէ ու ստորակայութեան բարթոյդէ շատ աւելի խոր ու վտանգաւոր երեւոյթի-մշակոյթի մը կրողներն են անոնք: Ստրուկը իր հոգիին խորքը տէրէն ազատելու մարմաջ ունի, իսկ մեզմէ ոմանք ճի՛շդ հակառակը՝ մեր մարդկային, անձնական ու հաւաքական արժանապատուութեան արմատէն՝ ազատութենէն ու ինքնիշխանութենէն կտրուելու, մեռնելու՛ կը տանին մեզ: «Մոսկուա»ն, «Կարս»ը, «Նոյեմբեր 10»ն մեր պատրանքներուն ապտակներն են. ինքնախաբէութեան եւ անգործութեան ապտակներ: Մահացու ապտակներ ե՞ն անոնք, թէ՞ ուշաթափութենէ սթափելու ապտակներ: Ուզեն թէ չուզեն, ընդունին թէ չընդունին, մեր հաւաքական գո՛րծն է որոշողը թէ ինչպիսի՛ ապտակներ են անոնք: Այո՛, ընտրութիւնը միայն ու միայն մե՛րն է, որոշումը բոլորիս՝ մահ կամ կեանք: Որոշե՛նք:

Գէորգ Յակոբճեան

16 Մարտ 2021, Երեւան