Կ’որոշէ չափանիշները.

Ուրախութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է ըլլայ

Տարեդարձ մը ինչպէ՞ս պէտք է նշուի

Պսակ մը ինչպէ՞ս պէտք է տեղի ունենայ

Սեղան մը ինչպէ՞ս պէտք է պատրաստուի

Սիրածի մը նուէրը ինչպէ՞ս պէտք է ըլլայ

Գեղեցիկ աղջիկը ինչպէ՞ս պէտք է ըլլայ…

 

Թատերաբեմ մը կը դառնայ կրկնութիւններու ցուցադրութեան.

Մրցակցութեան նոր ասպարէզ մը

Ակռահատիկ, տարեդարձ, ամսեդարձ

Մէկը միւսէն բան մը աւելի

Եւ այդ աւելին կարեւոր է

Եւ աւելիին ցուցադրութիւնը՝ ալ աւելի

Մրցակցութիւն է չէ՞…

 

Մաղթանքներու ժապաւէնը.

Անոնց բառերը ուրիշինն են

Մէջի ոգին՝ ուրիշինը

Ընդհանրապէս տափակ

Ուղղուած մէկուն

Ցուցադրուած բոլորին…

 

Քողարկում.

Ներկայացում մը ամենայն կեղծաւորութեամբ

Մարդոց մօտ անկեղծութեան տպաւորութիւն ձգելով,

Կամ ամէն թախիծ ու նեղութիւն ծածկած՝

Լայն ժպիտով նկար մը տեղադրած,

Եւ կամ կեղծ սիրոյ նամակներ ետեւ-ետեւի

Աչք-աչքի մէջ դնել փորձուիլ չկրցած…

 

Մոլորուած ուղեցոյցը.

Դժուարութիւններու կիսուն հասած

Նկարներ կը տեսնես

Մէկը կ’ըսէ՝ «Ինչ որ քեզի է, ի վերջոյ քուկդ պիտի ըլլայ, մի՛ յոգնիր ի զուր»,

Միւսը՝ «Եթէ բան մը կ’ուզես ունենալ, չարաչար պիտի աշխատիս անոր համար»

Ուղեցոյցը մոլորուած

Խեղճ անհատը մոլորցուցած

Երկու ոտքը կօշիկի մը մէջ դրած

Ծովուն մէջտեղէն զինք առնելով,

Լուծումներու միւս ափն է հասցուցած…

 

Թեթեւցնենք այս ծանրութիւնը

Եւ ծանրանանք մենք փոխարէնը…

 

Քրիստ Խրոյեան