Երեքշաբթի, 4 Մայիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Հալէպի բոլոր լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները հրաւիրեց իֆթարի (արաբական Ռամատանի տօնին յատուկ ճաշ) «Նոր Սպիտակ» ճաշարանէն ներս, առ ի գնահատանք անոնց տարած հսկայ աշխատանքին, յատկապէս սուրիական պատերազմի օրերուն:
Սրբազան հայրը բարի գալուստ մաղթելով շեշտեց, որ Հալէպի լրագրողները երկրի եւ ժողովուրդի ճշմարիտ պատկերը կը փոխանցեն թէ՛ մեր հայրենակիցներուն, եւ թէ արտերկրին, միշտ անաչառ մօտեցումով իրողութիւնները լոյսին բերելով եւ վաւերագրելով:
Սրբազան հայրը շնորրհակալութիւն յայտնեց լրատուամիջոցներուն հայ համայնքի բոլոր աշխատանքներուն արձագանգելու անոնց պատրաստակամութեան եւ գործակցութեան համար եւս:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն ծանօթացման եւ գործակցութեան առիթներու ստեղծման:
Հալէպի պետական ռատիոյի եւ պակերասփիւռի կայաններու տնօրէն Ապտուլ Քարիմ Ապէիտ խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր եւ մաղթեց, որ լրատուամիջոցներու գործակցութիւնը նպաստէ լրատուական դաշտի զարգացման:
Իֆթարին ներկայ էին նաեւ Հալէպի լրատուամիջոցներու գրասենեակի տնօրէնը, հայկական լրատուամիջոցներու եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները:
Լուսանկարները՝ Ամէր Տրաուի եւ RS News-ի։