Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային Եփրատ վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչաց կազմին, Հինգշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2021-ի առաւօտեան, ազգային Եփրատ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան ցուցահանդէս-փառատօն,
ներկայութեամբ պետական եւ կրթական պատասխանատուներու եւ աշակերտներու ծնողներուն։
Աշակերտները յաջորդաբար ներկայացուցին խմբային պարեր, ասմունքներ եւ երգեր, որոնք մեծ խանդավառութիւն եւ հաճելի մթնոլորտ ստեղծեցին։
Պատասխանատու հիւրերը իրենց խօսքերուն մէջ բարձր գնահատեցին վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչուհիներուն աշխատանքը, վեր առնելով պիոներական շարժումին (թալաէհին) դերը մատղաշ սերունդի ազգային, կրթական եւ մարզական դաստիարակութեան մէջ։ Անոնք վեր առին երկրիս վսեմաշուք նախագահ Պաշար Ալ Ասատի խոհեմ ղեկավարութեան հովանիին ներքեւ պիոներական շարժումին շարունակուող զարգացումը։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ աշակերտութեան ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէսին բացումը։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն