Ստորեւ կը ներկայացնենք «Գանձասար»-ի հարցազրոյցը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ, որ սուրիահայութեան դիմագրաւած երկրաշարժի ծանր օրերուն ամէն ճիգ ի գործ դրաւ փութալու Բերիոյ Հայոց Թեմի զաւակներուն օգնութեան։ 
«Գանձասար»-Աստուած օգնական, սրբազան հայր։ Կը խընդրենք մեր ընթերցողներուն համառօտ ակնարկով ներկայացնէք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի շրջանները, եկեղեցիներն ու ազգային վարժարանները։
Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը կը գործէ  ծխական տասներկու շրջաններու ընդմէջէն, ինչպէս՝ Լաս Վեկաս, Սան Ֆրանսիսքօ, Ֆրեզնօ, Օրէնճ Քաունթի, Էնսինօ, Մոնթեպելլօ, Հոլիվուտ, Փասատինա, Կլենտէյլ, Քրեսենթա Հովիտ, Քոլորատօ եւ Ռիվըր Սայտ, որոնցմէ շատեր հայահոծ են եւ կը գործեն եկեղեցի-դպրոց-հայ կեդրոն աւանդական կառոյցով:
Օրինակ՝ Էնսինոյի հայաշատ գաղութին մէջ կենդանի ներկայութիւն ու շնչաւորող ոգի են Ս. Նահատակաց եկեղեցին եւ Ազգ. Ֆերահեան երկրորդական վարժարանը, որուն նախակրթարանն ու Մանկամսուր-մանկապարտէզը անջատ կառոյցներ են, կը գտնուին Նորթ Հիլզի մէջ եւ կը գործեն իբրեւ Ս. Նահատակաց Ազգ. Մարի Գապայեան նախակրթարան եւ Ս. Նահատակաց ՀՕՄ-ի Ազգ. Աշխէն Փիլաւճեան Մանկամսուր-մանկապարտէզ: Մոնթեպելլոյի մէջ կը գործէ հոգեւոր տուն Ս. Խաչ Մայր տաճարը, որուն հովանիին տակ հայապահպանման գործին մեծ նպաստ կը բերեն Ազգ. Մեսրոպեան Երկրդ. վարժարանն ու Ազգ. Րան եւ Գոհարիկ Կապրիէլ Մանկամսուր-մանկապարտէզը, Հոլիվուտի մէջ՝ հոգեւոր ու ազգային կեանքի պահպանման եւ աշխուժացման մեծ նպաստ կը բերեն Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցին, Ազգ. Ալեք Փիլիպոս երկրորդական վարժարանն ու Ազգ. Մարի Փոստոյեան Մանկամսուր-մանկապարտէզը:
Շարունակենք թուումը՝ ըսելով, որ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ հոգեւոր եւ ազգային կարեւոր ներկայութիւն են Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական միջնակարգ վարժարանն ու նոյնանուն Մանկամսուր-մանկապարտէզը, Կլենտէյլի մէջ՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որուն հովանիին տակ հայեցի կրթութիւն կը ջամբեն Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան միջնակարգ վարժարանն ու մանկապարտէզը եւ Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Մանկամսուր-մանկապարտէզը:
Օրէնճ Քաունթիի մէջ հայկականութեան խորհրդանիշի վերածուած կը գործեն Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին եւ Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան նախակրթարանն ու Մանկամսուր-մանկապարտէզը, իսկ Ֆրեզնոյի հայութեան հոգեւոր, ազգային ու մշակութային ծառայութիւն կը մատուցէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, Լաս Վեկասի մէջ՝ Ս. Կարապետ եկեղեցին, Փասատինայի մէջ՝ Ս. Սարգիս եկեղեցին, իր հովանիին տակ ունենալով շրջանին մէջ գործող Ազգ. Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Մանկամսուր-մանկապարտէզը, իսկ Քրեսենթա Հովիտի մէջ՝ Ս. Տրդատ եւ Աշխէն մատուռը: Պատկերը ամբողջացնելու համար աւելցնենք, որ մեր եկեղեցիներուն կից կը գործեն Ս. Գրոց երիտասարդական խումբեր եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններ, որպէսզի երիտասարդ, պատանի եւ մանուկ տարիքի մեր զաւակները սնուին ու աճին հոգեւոր ու հայեցի կրթութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ քաղաքացիական կեանքի մէջ եւ ընկերային գետնի վրայ իրենք զիրենք ամրապնդեն հայօրէն:
Ինչ կը վերաբերի թեմի ընդհանուր պատկերին՝ նշենք, որ Արեւմտեան Թեմը կը պարզէ ծաղկուն իրավիճակ: Անցեալ տարի ունեցանք նկատառելի ձեռքբերումներ, երբ նախ Մոնթեպելլոյի Ազգ. Մեսրոպեան երկրորդական վարժարանի նոր մարզադաշտին հիմնարկէքը կատարեցինք, ապա Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ կից հողն ու եկեղեցին գնեցինք՝ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանը ընդարձակելու նպատակով: Աւելցնենք անվարան, որ կրթական այս տարեշրջանին, Ազգ. Խնամակալ մարմինի եւ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի տնօրէնութեան միացեալ ջանքերով նոր հողատարածքի կառոյցին մէջ բացուեցան յաւելեալ դասարաններ, ուր ընդունուեցան նորագիր աշակերտներ՝ բարձրացնելով Արեւմտեան Թեմի Ազգ. վարժարաններու աշակերտութեան թիւը: Ներկայ դրութեամբ, մեր թեմի բոլոր Ազգ. վարժարաններու աշակերտներուն թիւը կ’անցնի չորս հազարը:
Կրթական գործունէութեան ծիրէն ներս, մօտիկ անցեալին ապահովեցինք Օրէնճ Քաունթիի մեր դպրոցին՝ Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան նախակրթարանը միջնակարգի բարձրացնելու բարերարութիւնը, որուն շնորհիւ մօտիկ ապագային դպրոցը կ’ունենայ նոր դասարաններ եւ ուրեմն կ’ապահովէ իր աշակերտութեան վերելքը դէպի միջնակարգ ուսման կարելիութիւններ:
Յուրախութիւն բոլորիս, որ մեր հաւաքական ճիգերուն իբրեւ արդիւնք, այս տարի նաեւ բարեբախտութիւնը ունեցանք գնելու Ազգ. Շամլեան վարժարանի հանդիպակաց հողաշերտը, որուն վրայ գոյութիւն ունին եկեղեցական կառոյց ու համալիր: Այս զոյգ շէնքերը մօտիկ ապագային կը կոչուին աշխատանքի՝ շրջանին մէջ հայկական նոր եկեղեցի եւ նոր մանկամսուր-մանկապարտէզ ունենալու մտադրութեամբ:
«Գ.»-Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք թեմի ազգային կեանքը։ Միջին Արեւելքէն վերջին տարիներուն գաղթած հայորդիներ որքանո՞վ ներգրաւուած են ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ։ 
«Թ.Ս.Եպս.Տ.»- Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը 2023 տարուան ընթացքին, բազմաբնոյթ ձեռնարկներու ճամբով կը պանծացնէ իր անկախ Վիճակ ըլլալու 50-րդ տարեդարձը: Յայտնենք, որ մինչեւ 1973, ան կը գործէր Արեւելեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի հովանիին տակ որպէս մէկ թեմ: Արեւմտեան Թեմ ըսելով մենք կը խօսինք ոչ թէ միաձեւ գաղութի մը կամ ընկերութեան մը մասին, այլ աշխարհի բոլոր շրջաններէն դէպի Լոս Անճելըս եւ Արեւմտեան Ամերիկա փութացած հայ ժողովուրդի տարբեր բեկորներու մոզայիք համայնապատկերին մասին: Սա կը նշանակէ, որ Արեւմտեան Ամերիկան այսօր ամէնէն գունաւոր պատկերը կը ներկայացնէ մեր ազգի զանազան հատուածներու աւանդութիւններուն ու ժողովրդային կերտուածքին, որոնք ի յայտ կու գան եկեղեցւոյ, ազգային կառոյցներու, միութիւններու եւ կազմակերպութեանց գործունէութեանց ճամբով:
Իբրեւ թեմ՝ միշտ կը փորձենք առաւելագոյնս ներգրաւել մեր ժողովուրդի զաւակները, որոնցմէ շատ-շատեր Միջինարեւելեան գաղութներէն հասած ըլլալով, մեծ մասամբ հայախօս են, այլեւ միութենական կեանքով ապրողներ եւ այս պատճառով ալ աւելի շուտ կը մերուին լոսանճելըսահայութեան կեանքի զանազան օղակներու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու մէջ: Հակառակ այս իրողութեան, շրջանին մէջ իրողապէս գոյութիւն ունի նաեւ մեծաթիւ զանգուած մը հայորդիներու, որոնք զանազան պատճառներով իրենք զիրենք հեռու կը պահեն Արեւմտեան Ամերիկայի եկեղեցական, ազգային, մշակութային ու միութենական կեանքէն, թէեւ համագաղութային առումով միշտ եղած են նախաձեռնութիւններ՝ ներգրաւելու հեռու մնացողները, բայց այնպէս կ’երեւի, որ բաւարար չեն եղած այդ փորձերը, որովհետեւ տակաւին մեծ է թիւը հայութեան կեանքին ուղղակի չառնչուող հայ ընտանիքներու եւ անհատ մարդոց:
Տեղին է շեշտել, որ թեմի կեանքը յետ-քովիտեան շրջան թեւակոխելէ ետք  աշխուժացած է. ներկայիս, ծխական շրջաններու եւ եկեղեցիներու մէջ արդէն անարգել կը կազմակերպուին համերգներ, որոնց ներկայ կ’ըլլան մեծաթիւ հայեր, կամ՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ համալիրին մէջ մօտաւորապէս 6000 հոգի ներկայ եղած էր անցեալ տարուան Ս. Զատկուան տօնին: Մեր ժողովուրդը յաճախ խուռներամ բազմութեամբ կը ներկայանայ մեր տօնախմբութիւններուն, որովհետեւ ծարաւը ունի հայկականութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի, իսկ մենք տարբեր-տարբեր ձեռնարկներով ու նախաձեռնութիւն-ծրագիրներով ազգային կեանքի մէջ ներգրաւուած կը պահենք մեր ժողովուրդը: Որպէս մեր թեմի ընդհանուր ուղղութիւն՝ մեր մնայուն ճիգն է միասնական ու առողջ մթնոլորտի մէջ պահել մեր ծխական համայնքները, ազգային վարժարաններն ու ազգի զաւակները:
Վստահ ենք, որ աներեւելի մեծ թիւ մը հայորդիներու հաղորդ կը մնայ մեր գործունէութեան եւ կ’ամրապնդէ իր կապը եկեղեցւոյ ու ազգային ինքնութեան հետ ընդհանրապէս թեմի «Եկեղեցին Հայկական» հեռատեսիլային կիրակնօրեայ յայտագիրին ու մանաւանդ՝ մեր ջանքերով 2021-ին հաստատուած Ազգ. Առաջնորդարանի նկարազարդ, երկլեզու «Կիլիկիա» պաշտօնաթերթին միջոցով, որ կ’ընդգրկէ հոգեւոր, գրական, մշակութային, աշակերտական, մանկապատանեկան, լրատուական եւ զանազան բաժիններ:
«Գ.»-Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն, ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմը, Ձեր առաջնորդութեան օրերուն նաեւ, նկատառելի աշխատանք տարաւ օժանդակելու սուրիահայութեան, ամոքելու անոր ցաւը եւ զօրակցելու պատմական այս գաղութի գոյերթին։ Հակառակ աշխարհագրական հեռաւորութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի զաւակները տագնապեցան սուրիահայութեան հետ, զօրավիգ կանգնեցան ու յոյս ներշնչեցին անոր։ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը ձեւով մը կամուրջ հանդիսացաւ՝ պատերազմի օրերուն Բերիոյ Հայոց Թեմին զաւակներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն իրազեկ դարձնելով իր ժողովուրդի զաւակները։  Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն ետք ալ, սրբազան հայր, փութացիք սուրիահայութեան օժանդակութեան աշխատանքի կազմակերպման:
Ձեր կարծիքով, ի՞նչ է եկեղեցւոյ դերը աշխարհագրական տարբեր տարածքներու մէջ ապրող մեր ազգի զաւակներուն մերձեցման մէջ։ 
«Թ.Ս.Եպս.Տ.»-Եկեղեցին ունի բազմազան առաքելութիւններ, զորս կեանքի կը կոչէ զանազան ձեւերով եւ միջոցներով: Որպէս Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ, ըստ մեզի, Եկեղեցւոյ կատարելիք ու ծաւալելիք մարդասիրական ծառայութիւնները կը գտնուին առաջնակարգ դիրքի վրայ: Այսօր Եկեղեցին հաւատքի տուն, մշակութային կեդրոն եւ հոգեւոր ապրումներու շտեմարան ըլլալուն առընթեր, ո՛չ այնքան ամբողջական կը տեսնենք, եթէ նշեալ գործունէութեանց մէջ ներկայ չեն մարդասիրական ծառայութիւնները, անշուշտ ըստ պայմաններու եւ յարմարութեանց:
Ա՛յս հաւատքով է, որ մեր՝ առաջնորդ ընտրութեան առաջին իսկ օրէն, մեզի զօրակից ունենալով Ազգ. Վարչութիւնն ու Կրօնական Ժողովը, զանազան հիմնադրամներ հաստատեցինք, շնորհիւ մեր առատաձեռն բարերարներուն ու անոնց վստահութեան եւ այդ հիմնադրամներուն ճամբով 2020-էն սկսեալ բազմաթիւ զօրակցութիւններ կատարեցինք  Արցախի եւ Հայաստանի վիրաւոր զինուորներուն, նահատակներու ընտանիքներուն, Լիբանանի նաւահանգիստի պայթումէն տուժած լիբանանահայութեան եւ քանի մը շաբաթ առաջ երկրաշարժի հարուածներու տակ ինկած սուրիահայութեան: Ահագնադղորդ երկրաշարժը մենք եւս զգացինք, որովհետեւ այդ պահուն անձնապէս կը գտնուէինք Անթիլիաս, Լիբանան: Անմիջապէս մօտեցանք Վեհափառ Հայրապետին եւ հաւաստիացուցինք, որ անմիջական օգնութիւն կրնանք հասցնել մեր թեմէն դէպի աղէտեալ հայ գաղութ, Բերիոյ Հայոց Թեմին միջոցով հնարաւորինս ամոքելու համար ցնցուած սուրիահայութիւնը:
Քանի մը օր ետք երբ վերադարձանք մեր ծառայութեան կեդրոնը՝ Լոս Անճելըս, անյապաղ կերպով ձեռնարկեցինք հանգանակութեան մը եւ մէկ ամսուան մէջ հաւաքեցինք մօտաւորապէս 250.000 տոլար, որ պարբերաբար կ’առաքենք տագնապահար թեմ: Լիայոյս ենք, որ մեր ժողովուրդի ցաւերն ու տագնապները առաւելագոյն չափով կը մեղմանան, իսկ կարիքներն ու տարրական պահանջները գոհացում կը գտնեն այս նպատակին համար կատարուած այն բարերարութիւններով, զորս մեր ժողովուրդը վստահեցաւ մեզի եւ մենք կը փորձենք տեղ հասցնել:
Յայտնենք նաեւ, որ Սուրիոյ տագնապի առաջին օրերուն, Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ գոյացաւ ՍԱՐՖ (SARF) անունով համախմբում մը՝ մեր եկեղեցական, ազգային ու միութենական կառոյցներու զօրակցութեամբ: Մարմինը լայնամասշտապ նուիրահաւաք եւ հանգանակութիւն կատարեց հայ գաղութի զաւակներուն համար, Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած արիւնալի պատերազմի օրերուն, որպէսզի վերականգնին յետ-եղեռնեան մայր գաղութ Հալէպի հայապատկան շէնքերը եւ վնասներ կրած «Տէրունի Թեմ»-ի հայութեան տրամադրուի անհրաժեշտ օգնութիւնը:
Իբրեւ վերջին խօսք՝ ուժ եւ կարողութիւն կը մաղթենք ինչպէս Սուրիոյ համայն հայութեան, այդպէս ալ Միջին Արեւելքի մեր բոլոր գաղութներու զաւակներուն: Իմացէ՛ք, որ որպէս հաւաքականութիւն՝ մենք ձեր կողքին ենք: Այս առիթով, որդիական սիրով կը շնորհաւորենք ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հալէպին տուած յուսադրական վերջին այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ կը կիսենք առաջնորդ ընտրութեան ուրախութիւնը Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանի՝ որպէս Հովուի՝ անձնուրաց ու բարի, յոյժ գնահատելով նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի «Գանձասար» թերթի հետեւողական աշխատանքն ու իր ժողովուրդին պէս պատնէշի վրայ մնալու տոկունութիւնը: Թող որ Արարողին հսկող աչքը չթարթուի ձեր բոլորին վրայէն:
«Գ.»-Շնորհակալութիւն, սրբազան հայր։ Մեր մաղթանքն է, որ թեմերու ազգային, կրթական, մարդասիրական ծառայութեանց ծիրէն ներս գործակցութիւնը յարաճուն զարգացում ապրի՝ ի նպաստ մեր ազգի զաւակներու բարօրութեան, ապահովութեան եւ բարգաւաճման: 
Հարցազրոյցը կ’եզրափակենք Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի այս առիթով Թորգոմ սրբազանին մասին հետեւեալ վկայութեամբ.
«Ինծի համար մեծ ուրախութիւն եւ պարծանք է Թորգոմ սրբազանին նման հոգեւորական միաբանակից եղբայր մը ունենալը, որ իր կեանքը սիրայօժար եւ ամբողջական գիտակցութեամբ նուիրաբերած է Աստուծոյ. ինքնընծայում մը, որ կ’իրագործէ ու կ’արժեւորէ եկեղեցւոյ, ազգին ու ժողովուրդին ծառայելու ճամբով ու միջոցաւ: Առաջնորդ եղբայր մը, որ հաւատարիմ է իր եկեղեցականի ու կուսակրօնի կոչումին եւ մանաւանդ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր ուխտին, սկզբունքներուն, կառչածութեան եւ առաքելութեան:
Այս առիթով կ’ուզեմ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան, ժողովականութեան, ժողովուրդին եւ իմ անունով, մեր եզակի շնորհակալութիւնը յայտնել Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանին եւ իր միջոցաւ՝ իր Առաջնորդութիւնը վայելող Ազգային իշխանութեան ու սիրալիր ժողովուրդին ու բարերարներուն, որոնք Սուրիոյ ամենածանր ու դժուարին պայմաններուն մէջ,- երբ սուրիահայութիւնը եւ մանաւանդ հալէպահայութիւնը տարիներ տեւող կործանարար եւ քանդիչ պատերազմի եւ մօտ անցեալին երկիրը աւերող աղէտալի երկրաշարժին որպէս հետեւանք, գոյութենական պայքար կը մղէր եւ աներեւակայելի կենցաղային, տնտեսական ու ընկերային մարտահրաւէրներ, դժուարութիւններ ու տագնապներ կը դիմագրաւէր եւ տակաւին կը դիմագրաւէ,- իրենց կամաւոր եւ առատ նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ անմիջական նեցուկ եւ զօրավիգ եղան մեզի եւ տակաւին կը շարունակեն զանազան միջոցներով:
Ասիկա կը բխի քրիստոնէական եղբայրասիրութեան խոր հասկացողութենէն, Աստուածաշունչի ուսուցումներու գիտակից կառչածութենէն եւ սիրով գործի դրուած կենդանի հաւատքէն եւ այն համոզումէն՝ «Որ առատօրէն սերմանողը առատօրէն ալ կը հնձէ», «Աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը» եւ «Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ»:
Մենք բարձրօրէն կը գնահատենք մեր հոգեւոր եւ միաբանակից սրբազան առաջնորդ եղբօր քրիստոնէական ու մարդկային վեհագոյն կեցուածքը, որ միշտ պատրաստ է աստուածսիրութենէ մղուած՝ գթաշարժ ըլլալու օգնութեան կարօտ իր եղբայր ու քոյր ազգակիցներուն եւ Գերաշնորհութեան կը մաղթենք օրհնութեամբ, յաջողութեամբ եւ առողջութեամբ լի, բեղուն ու պտղաբեր առաջնորդական տարիներ եւ աստուածահաճ ու Քրիստոսակնիք ծառայութիւն»:
Հարցազրոյցը վարեց
Զարմիկ Պօղիկեան