«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար 26 Մարտին խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն հետ հարցուպատասխանի ընթացքին անդրադարձած է ծերակուտականներուն` Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու կոչին` ուղղուած ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին: Աքար յայտնած է, որ երբ Մարտ եւ Ապրիլ ամիսները կու գան, այդ հարցը օրակարգի մէջ կը յայտնուի: «Պէտք է շատ լաւ հասկցուի, որ առանց տեղեկոյթի կարծիք չ’ըլլար: Եւ անոնք, որոնք կարծիք կը յայտնեն եւ պնդումներ ցոյց կու տան, նախ պէտք է տեղեկացուած ըլլան տուեալ հարցէն», ըսած է ան: Կրկնելով Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէն պարբերաբար արտաբերուող նոյնաբովանդակ միտքեր` ան ըսած է, որ այդ հարցին շուրջ իրենք բազմիցս խօսած, քննարկած ու պատմած են եւ պիտի շարունակեն պատմել: Աքարը, պնդելով, որ ԱՄՆ-ի ազգային արխիւին մէջ գրաւոր տեղեկութիւններ կան, բոլոր մտաւորականներուն, ԱՄՆ քաղաքական գործիչներուն, ինչպէս նաեւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն կոչ ուղղած է` նեղութիւն քաշելու եւ արխիւները ուսումնասիրելու: Այնուհետեւ Աքարը լրագրողներուն պատմած է ԱՄՆ ազգային արխիւէն 1603 էջնոց զեկոյցէն հատուած մը. «1919թ. ԱՄՆ նախագահ Վուտրօ Վիլսընի հրամանով ամերիկացի գեներալ Ճէյմս Հարպորտ զինուորականներէն եւ քաղաքացիական անձերէ բաղկացած մօտաւորապէս 50 հոգինոց պատուիրակութեամբ Թուրքիա եկած է եւ հոն 58 օր ուսումնասիրութիւններ կատարած է: Այդ զեկոյցին մէջ ըսուած է, որ հոս որեւէ ցեղասպանութիւն չէ եղած եւ երկու կողմերը (թուրքերն ու հայերը-խմբ.) շատ ծանր վիշտ ունեցածեն»: Թեմայով հետաքրքրուողներուն թուրք նախարարը խորհուրդ տուած է ուսումնասիրել ամերիկեան արխիւները: