Հայրենիքի Փկութեան Շարժման համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան 28 Մարտին Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման հանրահաւաքի ընթացքին իր ելոյթին մէջ յայտնեց, որ վերջին 10 օրերու ընթացքին վարչապետի աթոռը ստանձնող անձը եւ ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը անգամ մը եւս հաստատեցին, որ մենք շատ արագ առանց թուրքի Հայաստան պէտք է ունենանք: Ան յիշեցուց, որ 10 օր առաջ Արագածոտնի մարզին մէջ վարչապետի աթոռը ստանձնող անձը ըսաւ, որ մենք թուրքը թշնամի կ’ընկալենք, թուրքը մեզի կ’ընկալէ եւ շատ կարեւոր է հասկնալ այն մեկնակէտը, թէ ուրկէ սկսած է մեր թշնամութիւնը: «Կը հասկնայ ՞ք ինչ կ’ըսէ․ կասկածի տակ դնելով մէկ ու կէս միլիոն հայերուն բնաջնջումը` կը փորձէ ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ուրանալ հայոց պահանջատիրութիւնը, սա է այսօրուան իշխանութիւնը», մեկնաբանեց ան: Իսկ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարին երբ լրագրողը հարցուց, որ Թուրքիան մեր թշնամի՞ն է, պատասխանեց, որ պէտք է մեր մօտեցումներուն մէջ շտկումներ ընենք: «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, ամէն ինչ պարզ է եւ յստակ․ ով որ կ’ուրանայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կը հրաժարի հայոց պահանջատիրութենէն, կ’ուրանայ Արցախի 3 պատերազմներուն զոհուած 10 հազար հայու արիւնը, կը հրաժարի Արցախէն, ան հայ ժողովուրդի թշնամին է եւ վերջ», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան: Ան դիտել տուաւ, որ այս պահէն սկսեալ ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի շէնքը Թուրքիոյ դեսպանատունն է Հայաստանի մէջ, իսկ խորհուրդի քարտուղարը Թուրքիոյ դեսպանը եւ Թուրքիոյ շահերը սպասարկողը: Հետեւաբար, ՀՀ քաղաքացիները Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարին հետ պէտք է վերաբերին իբրեւ Թուրքիոյ գործակալ Հայաստանի մէջ: Սաղաթէլեան արձանագրեց, որ Հայաստանի մէջ կայ 2 քաղաքական գիծ․ մէկ գիծը Նիկոլն է եւ իր խմբակը, որոնք 3 տարի առաջ, խաբելով ժողովուրդը, կեղծ լոզունգներու տակ եկան իշխանութեան, ծրագրուած յանձնեցին Արցախը, երկրորդ ուղղութիւնը այն տեսակն է, որ կ’ուզէ պահպանել մեր ազգային արժէքները: