Ի՞ՆՉ ԴԵՐ ՈՒՆԻՆ ԲՈՅՍԵՐԸ, ԾԱՌԵՐՆ ՈՒ ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐԴՈՒ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Որոշ բոյսեր, բացի օդը մաքրելու իրենց յատկութենէն, ունին նաեւ տան կենսուժը բարելաւելու ուշագրաւ յատկութիւն: Գոյութիւն ունին բնակարանային յատուկ բոյսեր, որոնք կրնան օգնել տան մէջ հանդարտ մթնոլորտ յառաջացնելու։
Շատ մը հիւանդութիւններու յառաջացման հիմնական պատճառը օդի ապականումը կրնայ ըլլալ, եւ եթէ մարդիկ կարելիութիւն չունին ողջ  մոլորակին օդը մաքրելու, առնուազն կրնան իրենց բնակարաններուն օդը մաքուր պահել՝ բոյսերով հարստացնելով զանոնք։
Բոյսերը եւ բոլոր կենդանի օրկանիզմները, ներառեալ մարդը,  բնութեան մասնիկներ են։
Կենդանի էակներուն, այդ կարգին  մարդուն գոյութիւնը անկարելի կը դառնար առանց բոյսերուն։ Ահա թէ ինչո՛ւ բոյսերը առանձնայատուկ դեր ունին երկրագունդին վրայ։
Բոլոր օրկանիզմներէն միայն բոյսերն ու որոշ մանրէներ ընդունակ են կլանելու արեւային ջերմուժը, որուն շնորհիւ օդը կը մաքրեն ածխաթթուներէն եւ զայն թթուածինով կը հարստացնեն։
Բոյսերը, բացի որպէս սնունդ եւ բնակարաններու կամ այլ իրեր շինելու մէջ որպէս հիմք ծառայելէ, կ’օգտագործուին
նաեւ բժշկութեան մէջ՝ իրենց պարունակող բուժիչ նիւթերուն շնորհիւ։
***

ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՅԻՆ ԲՈՅՍԵՐՈՒՆ ԽՆԱՄՔԸ

Մասնագէտներուն համաձայն, առողջ բնակարանային բոյսեր ունենալու համար անհրաժեշտ է յաճախ  զանոնք ջրել խաշուած բանջարեղէնի, բրինձի կամ հաւկիթի ջուրով: Այդ ջուրը հարուստ է հանքային նիւթերով եւ կենսանիւթերով, որոնք դրական ազդեցութիւն կ’ունենան բոյսի աճման ընթացքին վրայ: Բայց բոյսերը ջրելը եւ մշակելը մեքենական աշխատանք պէտք չէ դարձնել եւ իւրաքանչիւրին պէտք է առանձնայատուկ մօտեցում ցուցաբերել: Օրինակ, Ալովերան դնել լայն թաղարի մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ միայն հողը ջրել, քանի որ բոյսին շատ ջուր պէտք չէ հասնի: Գարեջուրին մէջ թաթախուած բամբակով շաբաթը մէկ անգամ կարելի է մաքրել բոյսին կանաչ տերեւները: Անոնք աւելի փայլուն եւ դիմացկուն կը դառնան:
Եթէ բնակարանային ծաղիկի տերեւներուն հիմնական մասերը դեղնած են, կը նշանակէ, որ արմատներուն մօտ առատ ջուր  հաւաքուած է։ Ցօղունի երկայնքով դեղնած տերեւները կը վկայեն բարձր խոնաւութեան մասին։ Եթէ բոյսի մը տերեւները կծկուած են, թոռմած, կախ դարձած եւ չեն ուղղուած լոյսին, ուրեմն օդափոխութիւնը բնական չէ, արմատները դժուարութեամբ կը շնչեն։ Ուստի պէտք է խառնել հողը, որպէսզի հողի մակերեսին յառաջացած սպիտակ կեղեւը բոյսին շնչառութիւնը չխանգարէ։ Եթէ ծաղիկին տերեւները դէպի վար կը թեքին, ուրեմն ջրել է պէտք, իսկ եթէ ծաղիկին տերեւներուն եզրերը կը չորնան ու կը  փշրուին, ուրեմն անհրաժեշտ է ծաղիկին մօտ տափակ ամանով ջուր դնել։
Եթէ բոյսին տերեւներուն վրայ անգոյն բիծեր յայտնուած են, տերեւները կորսնցուցած են իրենց բնական գոյնը եւ  կը թափին, ուրեմն սենեակին օդը շատ չոր է։
Ծաղիկները ջրելու  կարիքը կայ թէ ոչ կարելի է իմանալ սրածայր փայտիկով։ Փայտիկը խրել մինչեւ թաղարին յատակը։ Եթէ հանելէն ետք չոր ըլլայ, վրան չերեւին հողի կտորներ, ուրեմն պէտք է ջրել։ Ծաղիկները ջրելու պահուն, ջուրի շիթերը վերէն  դէպի թաղարին եզրերը ուղղել, որպէսզի ցօղունն ու արմատը չնեխին։
Բոյսերը պէտք է ջրել սենեակի ջերմաստիճանը ունեցող ջուրով, որուն լաւ կ’ըլլայ աւելցնել քանի մը  կաթիլ քացախ կամ կիտրոնի հիւթ։ Բոյսերուն տերեւները անհրաժեշտ է երկու կողմէն լուալ հանքային ջուրով։ Նախընտրելի է ծաղիկները աճեցնել փայտեայ թաղարներուն մէջ։ Պարբերաբար խառնել թաղարի հողին վերի շերտը։
Անհրաժեշտութեան պարագային հողին աւելցնել մաքուր աւազ կամ սոճիի մանրուած տերեւ։ Պայծառ օրերուն ծաղկող բոյսերը հանել պատշգամ,  անոնք յաւելեալ օդ եւ լոյս ստանալով, աւելի արագ եւ առողջ կ’աճին։ Եթէ հիւրասենեակին մէջ յաճախ կը ծխէք, պէտք է 5-8 կանաչ բոյս դնել, որպէսզի ծխախոտի ծուխէն ձերբազատիք։ Այս պարագային պէտք է աւելի  յաճախակիօրէն խառնել հողը, որպէսզի թաղարին երեսը յառաջացած բորբոսագոյն հողը  արգելք չըլլայ բոյսերու բնական աճին։