Անցնող օրերուն, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Դպրոցի Վարչութիւնը կազմակերպեց երաժշտական եօթ ելոյթներու շարք մը, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս, խանդավառելով մշակութասէր հալէպահայութիւնը: Համերգներուն հանդէս եկան ձայնամարզութեան եւ երաժշտական գործիքներու աշակերտները, որոնք իրենց գեղեցիկ կատարումներով հայկական եւ միջազգային երաժշտութեան գեղեցիկ ընտրանի մը ներկայացուցին հանդիսատեսներուն:
Երաժշտական համերգներու վերջինը յատկացուած էր վկայականաց բաշխման հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Հինգշաբթի 11 Մարտ 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ա. Մ. Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս: Հանդիսութեան ներկայ էին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը, հալէպահայ միութիւններու եւ երաժշտանոցներու ներկայացուցիչներ եւ երաժշտասէր հանրութիւնը:
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա օրուան հանդիսավար Մարինա Պօղիկեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Արցախի եւ Սուրիոյ նահատակներուն:
Բացման խօսք արտասանեց Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Դպրոցի Վարչութեան ատենապետ Արուս Շահինեան: Ան լուսարձակի տակ առնելով Համազգայինի Բարսեղ Կանաչեան Երաժշտական Դպրոցին առաքելութիւնը, յայտնեց, թէ երաժշտանոցը հիմնադրութեան օրէն սկսեալ կը նպատակադրէ երաժշտութեան հանդէպ սէրը վառ պահել նոր սերունդներուն մօտ, անոնց ծանօթացնելով միջազգային երաժշտական ստեղծագործութիւններուն, մանաւանդ Հայ մեծանուն երաժիշտներու կտորներուն, հայերէն երգերուն եւ երաժշտութեան:
Խօսքի աւարտին, ան Վարչութեան անունով շնորհակալական խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր հայրական հովանաւորութեան համար, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, որ միշտ նեցուկ կը կանգնի երաժշտանոցի գործունէութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ազգ. Միացեալ Վարժարանի Հոգաբարձութեան, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան Խնամակալութեան, երաժշտանոցի տնօրէն Ռուզան Պարսումեանին, ձայնամարզութեան ուսուցչուհի Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանին եւ ողջ ուսուցչական կազմին:
Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան շրջանաւարտ աշակերտները: 2019-2020 տարեշրջանին երաժշտանոցէն շրջանաւարտ դարձան հետեւեալ աշակերտները.-
-Արմէն Ասայեան (երգեհոն), ուսուցիչ՝ տիար Ճրճոս Պատրուք
-Ձայնամարզութեան աւարտական կարգէն՝ Նայիրի Տաւուտեան, Վեհան Պարսումեան, Մելինէ Պեզճեան, Տոքթ. Պերճ Գասապեան, Շուշիկ Ատուրեան-Քիւրումլեան, Դալար Պզտիկեան-Մաթոսեան, Սօսէ Սեմերճեան, Սոնա Սուլուքճեան-Թէրզեան, Ճորճ Պէրպէրեան եւ Ճոզէֆ Արըքեան:
-Ձայնամարզութեան յետ աւարտական կարգէն՝ Սիլվա Թաշճեան-Պարսումեան, Լուսի Յովհաննէսեան եւ Մարինէ Մարգարեան:
Ձայնամարզութեան ուսուցչուհի Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ ծաղկեցուց երգող աշակերտներուն կատարումները:
Շրջանաւարտները մէկական երաժշտական ստեղծագործութեամբ հանդէս գալով հրապուրեցին հանդիսատեսները եւ արժանացան ջերմ ծափողջոյններու:
Ապա տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխման հանդիսութիւն ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայութեամբ՝ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Պերճ Պօղիկեանի, երաժշտանոցի վարչութեան ատենապետ Արուս Շահինեանի եւ տնօրէնուհի Ռուզան Պարսումեանի: Վարչութիւնը այս առիթով շրջանաւարտներուն նուիրեց «Գոհար» համոյթին հրատարակած «Երաժշտութիւն-Պատմութիւն եւ Տեսութիւն-» բովանդակալից գիրքը:
Վարչութեան կողմէ ծաղկեփունջով գնահատուեցան ձայնամարզութեան ուսուցչուհի Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեան, երգեհոնի ուսուցիչ Ճրճոս Պատրուք եւ երաժշտանոցի տնօրէնուհի Ռուզան Պարսումեան:
Սրբազան Հայրը եզրափակիչ իր խօսքին ընդմէջէն նշեց, թէ հայ երգն ու երաժշտութիւնը երաշխիքն են մեր միութեան եւ յարատեւութեան: Ան իր ուրախութիւնը արտայայտեց, նշելով որ հալէպահայութիւնը հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն կառչած կը մնայ իր աւանդութիւններուն եւ ազգային արժէքներուն, որոնք ժառանգած ենք մեր մեծ մայրերէն: Կանանց տօնին առիթով Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց ազգանուէր ծառայութեան մղուած մայրերն ու կիները, անոնց մաղթելով կատարեալ առողջութիւն, որպէսզի լաւագոյնս դաստիարակեն մեր ժողովուրդի զաւակները, որոնք հաւաքական կեանքին մասնակցելով առաւել պիտի ծաղկեցնեն մեր կեանքը:
Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց վկայեալ աշակերտները եւ մաղթեց յառաջիկայ օրերուն զանոնք տեսնել զանազան հանդիսութիւններու բեմերուն վրայ: Ան գնահատեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը, երաժշտանոցի վարչութիւնը, տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, իրենց նուիրական աշխատանքին համար: Սրբազան Հայրը գնահատելով Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանին բծախնդիր աշխատանքը եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ աշակերտներու կատարումներուն իր մասնակցութիւնը, մաղթեց, որ բոլոր ուսուցիչները նոյնպէս մասնակից դառնան իրենց աշակերտներուն երաժշտական մակարդակը բարձրացնելու աշխատանքին:
Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան