«Արմէնփրէս».-ՀՀ արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Պատասեան 26 Օգոստոսին ընդունած է ԵԱՀԿ տնտեսական եւ շրջակայ միջավայրի հարցերու համակարգող գրասենեակի գլխաւոր խորհրդական Անտրէ Մունտեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Յիշենք, որ եւրոպական կառոյցի հետ միատեղ մեկնարկած ծրագիրին ԵԱՀԿ-ը կ’աջակցի Հայաստանի մէջ փտածութեան դէմ պայքարի, մասնաւորապէս, փտածութեան դէմ մասնագիտացած իրաւապահ մարմին ստեղծելու գործընթացին:
Նախարար Պատասեան շնորհակալութիւն յայտնած է ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչներուն արդիւնաւէտ գործակցութեան համար եւ գործընկերներուն հետ քննարկած է փտածութեան դէմ պայքարի նպատակով ստեղծուելիք երկու նոր մարմիններու` Փտածութեան դէմ կոմիտէի եւ Փտածութեան կանխարգիլման յանձնաժողովի կազմաւորման կարգն ու գործիքակազմերը, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ գործող համանման մարմիններու լաւագոյն փորձին ու անյաջող պատմութիւններուն:
ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչ Անտրէ Մունտեան շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար եւ վերահաստատած է փտածութեան դէմ պայքարին աջակցելու ԵԱՀԿ-ի պատրաստակամութիւնը: