Մինչ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ պատրաստակամութիւն յայտնեց 2020-ին իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինը «Մեծ Ութնեակ»ի գագաթնաժողովին հրաւիրելու, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն յայտնեց, որ Թրամփի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի միջեւ հանդիպում մը կը նախատեսուի:
Ֆրանսական Պիարից քաղաքին մէջ տեղի ունեցած գագաթնաժողովին շրջագիծէն ներս գոյացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Թրամփ վերահաստատեց իր դիրքորոշումը՝ «Մեծ Ութնեակ»ի գագաթնաժողովին Ռուսիոյ մասնակցութեան շուրջ, զայն արդիւնաւէտ քայլ մը համարելով «միջազգային անվտանգութեան եւ տնտեսութեան համար»: Քրէմլին հրաւէրը մեկնաբանեց ըսելով. «Ռուսիոյ «Մեծ Ութնեակ» վերադարձը չի կրնար իրականանալ՝ սոսկ մէկ երկիրի հրաւէրով»:
Այս առումով աղբիւրներ յայտնեցին, որ Թրամփ շեշտեց Ռուսիոյ մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը, ուր առիթ պիտի ընծայէ Իրանի, Սուրիոյ եւ Հիւսիսային Քորիայի առնչուող հարցերը քննարկելու: