Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 28-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնակատարութիւններուն համար 2 Սեպտեմբերին` ժամը 11:30-էն 14:00-ին Ստեփանակերտի «Վերածնունդ»  հրապարակի վրայ պիտի կազմակերպուի ռազմական ճարտարագիտական եւ սպառազինութեան ցուցահանդէս, որու ընթացքին պիտի ներկայացուին նաեւ սեփական արտադրութեան նոր զինանմուշներու ցուցադրութիւն:

«Վերածնունդ» հրապարակին վրայ պիտի կազմուի դաշտային խոհանոց` մեր համերկրացիներուն եւ հիւրերուն կարելիութիւն ընձեռելով համտեսել  զինուորական ճաշ:

ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւն