«Ապառաժ».- ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»ի խմբագիր Վահագն Քարաքաշեան 3 Սեպտեմբերին այցելած է «Ապառաժ»ի խմբագրատուն:

Խմբագրութեան աշխատակազմին հետ հանդիպումին ընթացքին միտքեր փոխանակուած են երկու պաշտօնաթերթերու աշխատանքներուն եւ գործակցութեան մասին:

Յայտնենք, որ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագիր Վ.Քարագաշեան, սովորութեան համաձայն, Արցախի մէջ այս տարի անգամ մը եւս ձեռնամուխ եղաւ սփիւռքահայերու համար Արցախը բացայայտելու ծրագիրին:

Քանատայէն, Ամերիկայէն եւ Աւստրալիայէն Արցախ ժամանած 25 սփիւռքահայերուն համար «Հորիզոն»ը իւրայատուկ ծրագիր մշակած է Ստեփանակերտէն, Շուշիէն ու Գանձասարէն բացի հիւրեր առաջնորդելով Ասկերանի շրջանի Աստղաշէն համայնք:

Քարաքաշեան «Ապառաժ»ի հետ զրոյցին ընթազքին յայտնած է, որ Աստղաշէնի մէջ նախաձեռնուած է նաեւ մշակութային ծրագիր տեղւոյն արուեստի դպրոցի սաներուն մասնակցութեամբ: Աստղաշէնի այցելութիւնը ամենայիշատակելին է, որովհետեւ սփիւռքի մեր հայրենակիցները կարելիութիւն ունեցան գիւղացիներուն հետ, այլ տեսանկիւնէ ծանօթանալ Արցախ աշխարհին։

Աստղաշէնի նախաձեռնութեան մասնակցած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Ռիթա Մնացականեան եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արցախի գրասենեակի տնօրէն, «Հորիզոն»ի խմբագրական կազմի անդամ Հերմինէ Աւագեան:

Աւելցնենք, որ «Հորիզոն» շաբաթաթերթը Քանատայի մէջ կը հրատարակուի1979 թուականէն ի վեր: Իսկ 1984 թուականէն սկսեալ «Հորիզոն»ը նաեւ գրական բաժին ունի։

Լ.Թեւոսեան