ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան Yerkir.am-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ արտասահմանէն Հայաստանի պատուիրակութիւններու դիմաւորումին եւ աջակցութեան շատ մը աշխատանքներ դաշնակցական կառոյցները յաճախ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինին հետ համաձայնութեամբ կ’իրագործեն: Սաղաթէլեան անդրադառնալով մամուլի այն հրապարակումին, թէ Դաշնակցութիւնը պառակտումի եզրին է, դիտել տուաւ, որ Նիկոլ Փաշինեանի ԱՄՆ այցելութեան նախօրէին Արեւմտեան Ամերիկայի դաշնակցական կառոյցը հայ համայնքին հետ հանդիպումը բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար ոչ մէկ ջանք խնայած է:
«Մենք մէկ որոշումով կրնանք այդ մէկը դադրեցնել, բայց կ’աշխատինք ի շահ մեր պետութեան: Սոյն որոշումները իբրեւ պառակտում կը դիտարկեն, որովհետեւ Հայաստանի մէջ Դաշնակցութիւնը իբրեւ ընդդիմադիր կ’ընդունուի , իսկ արտասահմանէն ներս Հայաստանի իշխանութիւններուն ջերմ ընդունելութիւն ցոյց կը տրուի, բայց իրականութեան մէջ այդպէս չէ», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:
Ան յիշեցուց Դաշնակցութեան բազմաթիւ յայտարարութիւնները, թէ` ուր որ Հայաստանի շահը կայ, հայ ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանութեան հարցը կայ, Դաշնակցութիւնը պատրաստ է իր ողջ ներուժով, համահայկական միջոցներով ու Հայ Դատի գրասենեակներով նեցուկ կանգնելու, որովհետեւ Հայ Դատի գրասենեակներու հիմնադրութեան նպատակը հայ ժողովուրդին պաշտպանութիւնն ու Հայ Դատին հետապնդումն է:
Սաղաթէլեան ըսաւ. «Իշխանութիւնները կու գան ու կ’երթան, իսկ հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ մնալ, զարգանալ եւ հզօրանալ. այս առումով մենք մեր պետութեան օգտակար դարձած ենք եւ պիտի շարունակենք նոյն ընթացքը»:
Առ ի գիտութիւն Դաշնակցութեան պառակտումը փափաքողներուն եւ նման լուրեր տարածողներուն, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչը անգամ մը եւս յայտնեց, որ Դաշնակցութեան մէջ թեւեր չկան, Դաշնակցութեան մէջ բաժանումներ չկան, Դաշնակցութեան մէջ հիներ եւ նորեր չկան. «Ի զուր թող չփնտռեն», ըսաւ ան:
Ան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը 30-է աւելի երկիրներու մէջ կազմակերպական միաւորներ եւ տասնեակ հազարաւոր անդամներ ունի, հետեւաբար այլակարծութիւնները բնական են, միշտ եղած են եւ պիտի շարունակեն ըլլալ:
«Դաշնակցութեան ներքին ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի մէջ որեւէ այլ կուսակցութիւն չունի», ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան: