Եր­կու­շաբ­թի, 2 Սեպ­տեմ­բեր 2019-ին, Սուր­իոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խա­րա­րու­թիւնը հան­դէս եկաւ հաղորդագրութեամբ յայտ­նե­լով որ. «Սուր­իա գո­հու­նա­կու­թիւն կը յայտ­նէ Լի­բա­նա­նի ազ­գա­յին դի­մադ­րու­թեան իսրայէլ­եան զի­նուո­րա­կան խմ­բա­կի մը դէմ իրա­գոր­ծած մաս­նա­կի գոր­ծո­ղութ­եան հա­մար: Դի­մադ­րու­թեան գործողութիւնը պատ­շաճ պա­տաս­խան մըն էր Լի­բա­նա­նի եւ ազ­գա­յին դի­մադ­րու­թեան գե­րիշ­խա­նու­թեանց դէմ իսրայէլեան շա­րու­նա­կա­կան յար­ձա­կում­նե­րուն»:
Հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ յիշ­ուե­ցաւ նա­եւ, որ «Սուր­իա կը վե­րա­հաս­տա­տէ իր զօ­րակ­ցու­թիւնը Լի­բա­նա­նի ազ­գա­յին դիմադ­րու­թեան եւ լի­բա­նան­եան բա­նա­կին, որոնք կողք-կող­քի կանգ­նե­լով Լի­բա­նա­նի գե­րիշ­խա­նու­թիւնը կը պահ­պա­նեն եւ իրենց կա­րե­լին ի գործ կը դնեն Լի­բա­նա­նի հո­ղե­րը ազա­տագ­րե­լու եւ դէմ դնե­լու տա­րա­ծաշր­ջա­նի լար­ուա­ծու­թիւնը սրող իս­րա­յէլ­եան յար­ձա­կում­նե­րուն»: