Երեքշաբթի, 3 Սեպտեմբեր 2019-ին, «Շամ Թայմզ» հաղորդեց, որ Դամասկոսի Միջազգային 61-րդ ցուցահանդէսի Քարիւղի Նախարարութեան տաղաւարին մէջ, Սուրիոյ Քարիւղի եւ Հանքային Հարստութեան Նախարարութեան եւ ռուսական ընկերութիւններու միջեւ պայմանագրեր ստորագրուած է:
Սուրիոյ կողմէ պայմանագիրը ստորագրած է Սուրիոյ քարիւղի ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն, երկրչփ. Պասսամ Թաամէ, իսկ Ռուսիոյ կողմէ՝ Ֆիլատա ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Օլիէք Քէրէլով եւ Մերքիւրի ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Տիմիթրի Կրին Քիեւ:
Այս առիթով,Սուրիոյ քարիւղի եւ հանքային հարստութեան նախարար Ալի Ղանէմ յայտնեց, որ պայմանագրերը ռուս-սուրիական գործակցութեան արգասիքն են, յատկապէս տնտեսական գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ 2018-ին Սուրիոյ Քարիւղի Նախարարութեան եւ Ռուսիոյ Ջերմուժի Նախարարութեան միջեւ ստորագրուած ճանապարհային քարտէզին: