«Տորիըն» մրրիկին պատուհասները, Հոնկ Քոնկի ցոյցերը, Եմէնի վրայ նորագոյն յարձակումի մը պատճառած հարիւրաւոր զոհերը, Քալիֆորնիոյ ծովափին պատահած նաւային արկած մը, Թեքսասի մէջ գործազուրկ զինեալի մը կրակոցներէն ինկած զոհերն ու վիրաւորները, Լիբանան-Իսրայէլ զինեալ միջադէպերը, Միջերկրականի մէջ գաղթականներու փրկութեան աշխատանքները, Գերմանիոյ կարգ մը նահանգներու մէջ ընտրութիւնները, Եւրոպական Միութենէն Անգլիան դուրս բերելու նպատակով Պորիս Ճոնսընի քայլերն ու մինչեւ իսկ Հենրիկ Մխիթարեանի «Արսենալ»էն իտալական կազմի մը փոխանցումը եւ Գերմանիոյ մէկ կենդանաբանական պարտէզին մէջ Փանտա տեսակի արջու մը աշխարհ բերած երկուորեակները Սեպտեմբերի առաջին օրերուն իրենց արդար տեղերը գրաւեցին միջազգային ու հայկական մամուլի լրատուութեանց մէջ։
Այս ու նմանօրինակ նորութիւններ օրը օրին ու վայրկեան առ վայրկեան կը գրաւեն մամլոյ լուսարձակները, եւ հանրութեան կարծիքը կ’ուղղեն հոս-հոն։ Սա մամուլի առաքելութեան մաս կը կազմէ։ Մենք կը նախընտրենք մե՛ր լուսարձակները պահ մը կեդրոնացնել միջազգային իրադարձութեան մը վրայ, որ արձանագրուեցաւ Կիրակի, 1 Սեպտեմբերին, Վարշաւայի մէջ, եւ որոշ արձագանգներ գտաւ ամերիկեան, եւրոպական, արաբական եւ իսրայէլեան մամուլին մէջ, սակայն անհրաժեշտ չափով չգրաւեց հայկական քաղաքական ու մամլոյ աշխարհներուն ուշադրութիւնը, որ այլապէս, եւ արդա՛րօրէն, առաւելաբար բեւեռուած էր Արցախի անկախութեան հռչակման տարեդարձին վրայ, առանց մոռնալու Ամուլսարը, Երեւանի աղբերու անվերջանալի «զուգերգ»ը եւ դատական հին-նոր հարցերու «շարասիւն»ը։
Վարշաւայի մէջ, պետական բազմաթիւ պետերու եւ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, նշուեցաւ Բ. Աշխարհամարտի պայթումին 80-րդ տարեդարձը։ 80 տարի առաջ, այդ օրը, հիթլերական՝ նացի Գերմանիոյ օդուժը յարձակում գործած էր լեհական քաղաքի մը վրայ, պատճառելով շուրջ երկու հազար զոհ եւ մեծ քանդում. այդ յարձակումը պատմութեան մէջ արձանագրուած է իբրեւ Բ. Աշխարհամարտի պատրոյգը վառող դէպք. յաջորդ վեց տարիներուն, Ռուսիայէն մինչեւ Ատլանտեանի ափերը տարածուող եւրոպական երկիրներ, Միջին Արեւելքն ու հիւսիսային Ափրիկէն ապրեցան դժոխային պատերազմ մը, որուն զոհ գացին աւելի քան 70 միլիոն մարդ։ Մնացեալը արդէն պատմութիւն է։ (Ի դէպ, այսօրուան աշխարհի «մանր պատերազմ»ներուն հետեւանքով գաղթական դարձած է աւելի քան 70 միլիոն հոգի, զոհերուն հաշիւը պահողները… կորսնցուցած են հաշիւը)։
Արդար ըլլալու համար, Վարշաւայի մէջ նախատեսուած հաւաքը, նախօրեակին, որոշ արձագանգ գտաւ հայկական մամուլին մէջ. մեկնաբանութիւններ ու բացատրութիւններ տրուեցան, թէ նախագահ Փութին ինչո՞ւ Վարշաւա չ’երթար, վարչապետ Փաշինեան հրաւիրուա՞ծ է, թէ՞ չէ հրաւիրուած այդ հաւաքին (ան չգնաց, իսկ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ հայութիւնը հսկայական ներդրում ունեցած է հիթլերական Գերմանիոյ դէմ արձանագրուած յաղթանակին մէջ, մասնակցելով խորհրդային բանակին)։
***
Մեր՝ հայութեան դիտանկիւնէն, Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցած յուշահանդէսը չափազանց կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ, ի շարս այլ բաներու՝ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթըր Շթայնմայըրի պատմական մէկ յայտարարութեան պատճառով։ Կրնանք խղճի ամենայն հանդարտութեամբ անտեսել այս յուշահանդէսին առիթով ի յայտ եկած բանավէճերը եւ Արեւելք-Արեւմուտք հակաճառութիւնները, սակայն իրաւունք չունինք ցատկելու Գերմանիոյ նախագահին յայտարարութեան վրայէն։ Շթայնմայըր, առանց երկմտելու կամ բառերը ծամծմելու, հիթլէրեան յարձակումը որակեց ՈՃԻՐ, այդքանով չբաւականացաւ, այլեւ քաջաբար ներողութիւն խնդրեց լեհ ժողովուրդէն՝ այդ ու հետեւող յարձակումներուն հետեւանքներուն համար։ (Հաւաքին ներկայ-բացականերուն պատկերն ու այլ մանրամասնութիւններ եւս անտեսելի չեն, սակայն մեր դիտանկիւնէն՝ նուազ շահեկան)։
Կ’արժէ ընդգծելով արձանագրել, որ Լեհաստան, հիթլէրեան յարձակումին առաջին զոհը ըլլալէ անդին, մէկն է այն երկիրներէն, որոնք մարդկային եւ նիւթական ամենածանր կորուստները ունեցան նացիներու արշաւանքներուն հետեւանքով, թէեւ անոր կորուստները նորագոյն աշխարհին մէջ յաճախ նսեմացումի ենթակայ կ’ըլլան, հրեաներու ողջակիզումը շատ աւելի մեծ տեղ կը գրաւէ (այլապէս արդար պատճառներով), իսկ անգլիացիք կը պարծենան, որ գերմանական բանակները չկրցան ոտք դնել կայսերական կղզիին վրայ, թէեւ ոտնատակ ըրած էին պատմական մրցակից՝ հզօր Ֆրանսան։
Իսրայէլեան մամուլը բնականաբար ի՛ր հայեցակէտով արձագանգ եղաւ Շթայնմայըրի յայտարարութեան, յիշեցնելով, որ հրեաներն ալ մեծագոյն վնասուողներէն էին։ Սակայն գիտենք, որ Գերմանիա 70-ական տարիներէն ի վեր այս գիծին վրայ հաշտ վերաբերմունք ունի իր պատմութեան հետ, ընդունած է հրեաներու ցեղասպանութեան մէջ իր մեղքը, նիւթական ու բարոյական հատուցումներ կատարած է։
***
Գերմանիոյ օրուան նախագահը՝ Եոաքիմ Կաուք, 2015-ին, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին օրերուն հաստատեց, որ Թուրքիա Ցեղասպանութիւն գործած է հայոց դէմ, ակնարկեց կայսերական Գերմանիոյ մեղսակցութեան, ինչ որ գոհունակութեան ալիք մը բարձրացուց հայութեան մէջ (սպասումի մէջ ենք, որ Մերքէլի կառավարութիւնը համապատասխան քայլեր որդեգրէ…)։ Ան չտատանեցաւ «Եղեռն», «ցաւալի դէպքեր» ու նմանօրինակ խուսափողական եզրաբանութիւններու միջեւ, այլ ոճիրը կոչեց իր իսկական անունով՝ ցեղասպանութի՛ւն, որ իրեն հետ կը բերէ հետեւանքներուն ծանրութիւնն ու արդար հատուցման հրամայականը։
Ա. Աշխարհամարտին, իթթիհատական ցեղասպանին դաշնակից պետութեան մէկ ժառանգորդին կողմէ նման հաստատում երկար մեկնաբանութիւններու չկարօտեցաւ, չի կարօտիր նաեւ հիմա, իսկ Վարշաւայի մէջ Շթայնմայըրի կատարած յայտարարութիւնը համապատասխան է իր անցեալին հետ հաշտուելու Գերմանիոյ վարքագիծին, վարքագիծ՝ որ յստակ կը դարձնէ, թէ պետութիւն մը չի կրնար խուսափիլ անցեալի իր սխալներէն ու ոճիրներէն, ո՛վ որ ալ գործած է զանոնք. կայսերական, նացի, ատենաուըրեան, Քոհլեան կամ այլ վարչակարգեր անքակտելի շարունակականութիւն կը կազմեն, նացիին գործած ոճիրին պատասխանատու է նա՛եւ այսօրուան Գերմանիան, 30 տարի առաջ վերամիացա՛ծ Գերմանիան, որուն նախագահը չի վարանիր ներողութիւն խնդրելու իր նախորդներուն ոճիրներուն համար, չ’ըսեր, թէ անոնք գործուած են այլ դիմագիծերով իշխանաւորներու կողմէ, կամ՝ նման հարցերու լուծումը պատմագէտներու պէտք է վստահիլ, դուրս դնել այժմէական հարցերու օրակարգէն (ուշագրաւ է, որ նացիական հովերը վերստին սկսած են փչել Գերմանիոյ մէջ եւ այլուր, այլազան պատճառաբանութիւններով…)։
***
Թուրքին գործած ցեղասպանութեան զոհ՝ պահանջատէր հայութիւնս, ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է գոհունակութեամբ ողջունենք Գերմանիոյ նախագահին սրտբաց խոստովանութիւնն ու ներողամտութեան հայցը։ Այս յայտարարութիւնը նորագոյն հաստատումը կը հանդիսանայ եւ քաղաքական հիմնաքար մը կը դառնայ մեր այն կեցուածքին, որ Թուրքիոյ այսօրուան իշխանութիւնները, նաեւ թուրք ժողովուրդը ա՛յնքան յանցաւոր են ու պատասխանատու՝ ցեղասպանութեան ու հետեւանքներուն, որքան նոյնինքն ցեղասպանութիւնը ծրագրած ու գործադրած Իթթիհատական կառավարութիւնն ու անոր «մոգական գաւազան»ով շարժող ամբոխները, նա՛եւ զանոնք կանխած՝ սուլթանական իշխանութիւնները, որոնց քաջալերանքով՝ խուժանը տասնամեակներ շարունակ աներեւակայելի ոճիրներու դիմեց հայութեան դէմ, ոչնչացուց իր մարդկային տարրական իրաւունքները հետապնդող օսմանահպատակ հայ զանգուածներ, քար ու քանդ ըրաւ հայուն շէները, փճացուց, այսօ՛ր ալ կը շարունակէ փոշիացնել մեր պատմական հողերուն վրայ կերտուած դարաւոր ժառանգութիւնները։ Իսկ այս օրերուն, թրքական ու ազերիական բանակներուն միացեալ ռազմափորձերը այլապէս կը յուշեն համաթուրանական հովերը, որոնք նոր ջերմութիւն կþապրին Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ասդին…
Բնականաբար Թուրքիոյ կողմէ ոճիրին ճանաչումն ու ներողութեան խնդրանքը առաջին քայլերը պիտի ըլլան մեր հողային եւ այլ արդար պահանջներուն հատուցման ճամբուն վրայ։ 28 տարի առաջ իրենց անկախութիւնը վերստին նուաճած Արցախն ու Հայաստանը, անոնց սեւեռող հայութիւնը չեն կրնար իրենց տաք օրակարգէն դուրս ձգել այս պահանջատիրութիւնը, անոր ի նպաստ չօգտագործել Շթայնմայըրի ու նմաններու խոստովանութիւնները, որքան ալ որ հրատապ հարցերով ծանրաբեռնուած ըլլայ մեր «անմիջական օրակարգ»ը։
Սարգիս Մահսերէճեան