Կրկին վերամուտ է։ Բայց վերամուտ է ոչ միայն աշակերտին, այլ ամբողջ ընկերութեան համար: Այն ընկերութեան, որ կը հաւատայ, թէ իւրաքանչիւր սկիզբ առիթ է նոր կենսունակութեամբ լծուելու կրթական նոր տարեշրջանի մը։ Կը հաւատայ, որ գիտելիքը իւրաքանչիւր յաջողակ աշխատանքի երաշխիքն է։ Մեր օրերուն կ’ուժեղանան գիտելիքով եւ կը թուլանան անոր բացակայութեան։ Կը հարստանան գիտելիքով, կ’աղքատանան անոր պակասէն։ Կը մարտնչին գիտելիքով եւ կը պաշտպանուին գիտելիքով։
Ամառնային զուարթ ու հաճելի արձակուրդէն ետք, որ նաեւ առիթ մըն էր հարստացնելու մասնագիտական գիտելիքները, կրկին հասած է պահը վերադառնալու դպրոցական առօրեային ու մարտահրաւէրներուն։ Հասած է պահը ապագայ սերունդը կեանքին պատրաստելու, անոր նկարագիրը կերտելու։
Դիմատետրի էջերը ողողուած են դպրոցներու վերամուտի յայտարարութիւններով, որոնք կը յուշեն, թէ անգամ մը եւս կը բանան իրենց դռները հայ մանուկներուն եւ պատանիներուն դիմաց ու գրկաբաց կ’ընդունին զանոնք, խոստանալով ապահով միջավայր, ուր հայ մանուկը հասակ պիտի առնէ ու զարգանայ հոգիով ու միտքով։
Դաստիարակութիւնը, անտարակոյս, ազգի մը ամէնէն կենսական գործերէն մէկն է: Ան ամէնէն աւելի կ’ազդէ ժողովուրդի մը ճակատագիրին վրայ։ Այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք անխուսափելի հարցերու, որոնք կը խտանան հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան ու մեր ազգային դարաւոր ինքնութիւնը պահելու մարտահրաւէրներով, մեր աշակերտներուն արդիական դասագիրքեր հրամցնելու կարեւորութեամբ, ժամանակակից միջոցներով դասաւանդելու անհրաժեշտութեամբ։
Հայ Դպրոցը հայ մանուկին «երկրորդ տուն»ն է: Հետեւաբար հայ մանուկը դպրոցին մէջ եւս պէտք է գտնէ իր ծնողներուն սէրն ու գուրգուրանքը։ Այսօրուան հայ ուսուցիչին վստահուած է կրկնապատիկ ու նոյնիսկ եռապատիկ աշխատանք: Ան միայն գիտելիք փոխանցողը չէ, այլ անոր դերը բախտորոշ է հայ սերունդները իրենց ինքնութեան տէր դարձնելու, հայաճանաչման ճամբով զանոնք կապուած պահելու հայ մշակոյթին, ինչպէս նաեւ մտաւոր եւ բարոյական յատկանիշներով յանձնառու հայեր դարձնելու զիրենք:
Հայ դպրոցին մէջ աշխատիլ կը նշանակէ ծրագրել, դասաւորել, պատրաստուիլ, ըլլալ կամաւոր, կամաւորը պիտի տայ, բաժնէ գործ, գաղափար, հոգի: Հայ ուսուցիչը պէտք է ինքզինք շարունակ վերանորոգէ, վերաորակաւորման մնայուն ընթացքի մէջ պահէ։ Միայն իր գիտցածը, իր ունեցածը տալով բաւարարուիլը ճիշդ չէ։ Գիտութիւնը մնայուն զարգացման ընթացք մը կ*ենթադրէ։ Անհրաժեշտ է որ հայ ուսուցիչը խորացնէ իր գիտելիքները՝ քայլ պահելով տուեալ մարզէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն հետ։ Ուսուցիչի մը աշխատանքը այդքան ալ դիւրին չէ, ծով համբերութեան կը կարօտի։
Դպրոցի մը առաքելութիւնը կ’իրականանայ նաեւ ծնողներուն շնորհիւ։ Դաստիարակչական գործը կը սկսի ընտանեկան յարկէն: Ընտանիքը առաջին դպրոցը ըլլալով՝ կոչուած է մանուկը կրթելու, առաջնորդելու նուիրական աշխատանքին: Եթէ հայ ոգին ծնողքէն չփոխանցուի զաւակին, դպրոցը չի կրնար ամբողջացնել այդ պակասը։ Դպրոցին թափած բոլոր ճիգերն ու զոհողութիւնները ապարդիւն կը մնան, եթէ ծնողները ամբողջական գործակցութիւն չցուցաբերեն։
Հայ դպրոցը իր նպատակին հասնելու համար անհարժեշտ է ամուր պահել դպրոց-ծնողք-աշակերտ սերտ կապը։ Իւրաքանչիւրը գիտակցի իր դերին եւ պարտաւորութիւններուն։ Եթէ դպրոցն ու ծնողքը յաջողին փոխանցել աշակերտին ընտիր դաստիարակութեան կարեւոր տարրերը՝ ընտիր նկարագիրի տէր զաւակ կերտել, պատասխանատուութեան զգացումի գիտակցութիւն աւանդել, տիպար քաղաքացի պատրաստել եւ գիտութիւն ուսուցանել, անտարակոյս իւրաքանչիւրը կատարած կ’ըլլայ իր վսեմ առաքելութիւնը՝ ապագայատեսիլ հայ մարդու պատրաստութիւնը։
Կասկածէ վեր է, որ մե՛նք կը բարելաւենք մեր միջավայրը։ Ուստի, եթէ յաջողինք վերափոխել կրթական գործընթացը, կը յաջողինք բարեփոխել միջավայրը։
Մեծ հպարտութիւն է երբ հայ աշակերտը կրկին առիթ կ’ունենայ յաճախելու ՀԱՅ ԴՊՐՈՑ՝ իր հարազատ ու սիրելի երկրորդ տունը։
Շնորհաւոր ըլլայ բոլորին ուսումնական նոր տարին… Թող ան ըլլայ կրթական նուաճումներու եւ յաջողութիւններու տարի։
Բարի երթ կը մաղթենք Հայ Դպրոցին, Հայ Ծնողքին ու Հայ Աշակերտին։
Պէթի Քիլէրճեան