Վերամուտ է դարձեալ։

   Կը հնչեն զանգերը ու դպրոցները կը վերաբանան իրենց դռները։

   Ամէն տարիքի աշակերտներ, գունաւոր պայուսակներ իրենց շալակին, երամ-երամ կը բռնեն դպրոցի ճամբան։

   Հայկական վարժարաններէ ներս, մեզի համար, ամէնէն էական դասապահերը հայերէնի պահերն են, ուր իրարու կը հանդիպին հայ աշակերտն ու հայերէնաւանդ ուսուցիչը՝ զրոյցի նստելու համար մեր գրականութեան, մշակոյթին, պատմութեան եւ ոսկեղնիկ լեզուին շուրջ։

   Այս յօդուածաշարքն ալ, իր կարգին, վերամուտի առիթով հրապարակային զրոյց մըն է՝ ընդմէջ յօդուածագրին ու մեր բոլո՜ր հայերէնաւանդ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն։ Զրոյց մը, որուն կրնան միանալ նաեւ գրասէրներ, ընթերցասէրներ, մշակութասէրներ, իրենց մայրենիին սիրահար կամ իրենց լեզուին մաքրութեան նախանձախնդիր երէց թէ կրտսեր հայորդիներ։ Հաւաքական պտոյտ մըն է ասիկա՝ դէպի մեր լեզուին գանձատունը, ուր բառերու աշխարհը կը բանայ իր խորհուրդները եւ հրաշալիքներ կը պարզէ մեր դիմաց։ Պտոյտ մըորուն ընթացքին քիչ մը ջուր պիտի ըմպենք մեր մշակութային ու տոհմիկ ակունքներէնքիչ մը պիտի երջանկանանք մեր ինքնութեամբ։     

 

*

 

   Իմ սիրելի ընթերցողները հիմա կրնան կարծել, թէ առողջապահական կամ բժշկական յօդուած մը գրած եմ։

   Քաւ լիցի։ Ատոր ո՛չ կարողութիւնը, ոչ ալ իրաւունքը ունիմ։ Ես կը մնամ իմ համեստ կալուածին մէջ ու կը շարունակեմ դեգերիլ մեր մայրենի լեզուին դարաւոր գանձատան կտուրին տակ։

   Խելացի եւ ուշադիր ընթերցողը նկատեց անշուշտ, որ վերնագրիս չորս բառերը առողջապահական կալուածին պատկանելու իրենց հիմնական նմանութեան կողքին՝ իրարու կ’առնչուին երկրորդ պատճառով մըն ալ. բոլորին մէջ ալ կ’երեւի «բ» կամ «փ» տառը։

   Բառերու այս ընտրութիւնը կատարած եմ դիտաւորեալ կերպով, որպէսզի պահ մը կանգ առնենք նմանաձայն «բ» եւ «փ» երկու բաղաձայններուն վրայ ու ջանանք բառնալ ուղղագրական այն դժուարութիւնները, որոնք կը ցցուին մեր առջեւ՝ ամէն անգամ որ «p» հնչիւնով հայերէն բառ մը գրել պարտաւորուինք։

   Սկսինք «բ»-էն, որ հայերէնի այբուբենի երկրորդ տառն է ու կը կոչուի«բեն»։

   Իմ սիրելի Մալխասեան բառարանը զարմացուց զիս՝ երբ ստուգեցի որ «բեն»-ով սկսող բառերուն յատկացուցեր է ճի՛շդ 100 եռասիւնակ էջ։ Սա կը նշանակէ, թէ մեր լեզուին մէջ ունինք առնուազն ՎԵՑ ՀԱԶԱՐ բառ, որ կը սկսի «բեն»-ով։ Պատկառելի թիւ է ասիկա։ Կ’առաջարկեմ ձեզի՝ մտքի արագ մարզանք մը ընել ու փորձել գտնել «բեն»-ով սկսող 40 բառ…։

   Բառասկիզբին ե՞րբ «բ» պիտի գրենք ու ե՞րբ՝ «փ», ատիկա օրէնքի մը չի հպատակիր անշուշտ։

   Արեւելահայ մեր արիւնակիցները, արեւելահայերէնի հնչիւնային հարազատութեան բերումով՝ բնաւ շփոթի չեն մատնուիր այս երկու տառերուն դիմաց։ Նախակրթարանի հայաստանցի երեխան կամ պատանին երբ ականջ կու տայ իր ուսուցչուհիին՝ անսխալ կը գրէ բադ, բաղնիք, բարեւ, բանակ, բերան, բանալի, բանաստեղծ բառերը, հաստա՛տ համոզումով ու աներկբայօրէն։

   Մինչդեռ, նոյնը չէ պարագան սփիւռքի մէջ։ Մեր աշակերտներուն գլխուն վրայ դամոկլեան սուրի պէս մի՛շտ կախուած է «բ»-ն «փ»-ին հետ շփոթելու հաւանականութիւնը…։ Ընթացիկ ու սովորական երեւոյթ է՝ մեր երկրորդական վարժարաններու բարձրագոյն կարգերուն մէջ տեսնել մեծաթիւ աշակերտներ, որոնք կը գրեն փաղնիք, փանակ կամ փանալի…։ Պատճառն այն է, որ մենք՝ արեւմտահայերս, դարերու ընթացքին կորսնցուցեր ենք այս երկու բաղաձայններուն հնչիւնային իւրայատկութիւնները եւ զանոնք վերածեր ենք հարիւր տոկոսով նոյնահնչիւն տառերու։ Մեր կամքէն անկախ ու անզգալաբար՝ կատարուեր է լեզուական եղափոխութիւն մը, եթէ կ’ուզէք՝ ձախաւեր բնաշրջում մը, որուն յոռի հետեւանքները կը կրենք ազգովին, ամբողջ սփիւռքի տարածքին։

   Ափսոսանքը դարման չի բերեր սակայն։ Հարկ է սորվիլ եւ իւրացնել այն բոլոր քերականական առկայ օրէնքները՝ որոնք գէթ մասամբ կրնան լուսաւորել մեր ճամբան դէպի «բ»-ի բացաստանը կամ «փ»-ի փեթակը…։

   Խօսքը կը վերաբերի բառամէջի «բ»-երուն։

   Զորօրինակ, առնենք ԱՐԲԵՆԱԼ բայը։ Այս բառը աւելի յաճախ կը գործածուի«հարբենալ» կամ «հարբիլ» ձեւով եւս ու կը նշանակէ «գինովնալ՝ ոգելից ըմպելիի ազդեցութեան տակ»։ Բոլորդ ալ տեսած էք անկասկած հարբած մարդիկ,— գինեմոլնե՛ր,— որոնք կէս-գիշերին օրօրուելով ու կիսախուփ աչքերով տուն կը վերադառնան գինետունէն՝ հի՜ն ու ծանօթ եղանակ մըն ալ մրթմրթալով իրենց քթին տակէն…։ Ասոնց համար ժողովուրդը կ’ըսէ.«Լոլիկ դարձեր է»…։ Հարբեցութիւնը եթէ սովորամոլութեան վերածուի՝ տուներ կը քանդէ, կ’աւրէ ընտանեկան բոյներու երջանկութիւնն ու խաղաղութիւնը։ Զգո՜յշ։

   Միւս կողմէ, «արբենալ» բառը մեր մտածողութեան ու գրական արտայայտութիւններուն մէջ զգեցած է նաեւ դրական իմաստ մը՝ հրապուրուիլ, կլանուիլ, չափազանց խանդավառուիլ նշանակութեամբ։ Երբ երաժշտական բացառիկ, երազային ու արտակարգօրէն դիւթիչ ձեռնարկի մը ներկայ ըլլանք, կը գոչենք.«Ամբողջ սրահը արբեցաւ՝ ի տես երէկուան համերգին»։

   Ինծի կը թուի, թէ «արբենալ»-ը մեր լեզուին հնագոյն բառերէն է։ Կ’ուզեմ որ յիշէք Ս. Պատարագի այն հատուածը՝ երբ պատարագիչը սկիհն ի ձեռին կ’արտասանէ գրաբարով. «Արբէ՛ք ի սմանէ ամենեքեան (խմեցէ՛ք անկէ ամէնքդ), այս է արիւնն իմ նորոյ ուխտի, որ յաղագս ձեր եւ բազմաց հեղանի՝ ի քաւութիւն եւ ի թողութիւն մեղաց»։

   Անշուշտ, հետագայ դարերու ընթացքին, մեր նախահայրերը շինած են «արբ»արմատով նորիմաստ գոյականներ ու ածականներ ալ, որոնցմէ կրնանք թուել արբշիռ (գինով), արբունք (պատանիներու տարիքի հասունութիւն),գինարբուք (կերուխում, խրախճանք), ջրարբի  (ջուր խմած ու ոռոգուած) եւ արիւնարբու (արեան ծարաւի) բառերը, բոլորն ալ գործածական ու գեղեցիկ։

    Եւ հիմա հարցումը.

   -Ի՞նչ հիմամբ «արբենալ»ը կը գրենք «բ»-ով։

   ա) Օրէնքը կ’ըսէ, թէ «Ր» գիրէն ետք «Բ» կու գայ։ Օրինակ՝ արբանեակ, բորբոքիլ, դարբին, լիրբ, , երբ, Խարբերդ, նուրբ, սուրբ, որբ, հարբուխ։ Բացառութիւն են փրփուր, արփի, երփներանգ, տարփանք բառերը։

   Դժուարիմա՞ց բառեր են վերջին երեքը։ «Արփի»-ն իգական տարածուն անուն է, կը նշանակէ արեւ, արեգակ։ «Երփներանգ»-ը բարդ բառ մըն է, կազմուած՝ «երփ» (գոյն) եւ «երանգ» (գոյն) արմատներով։ Կը նշանակէ գոյնզգոյն։ Իսկ «տարփանք»-ը բուռն սէրն է՝ փափաքը, աւելի ճիշդ՝ սեռային բուռն կիրքն ու ցանկութիւնը։ Այս բառը մեր լեզուին մէջ կը գործածուի նաեւ «տռփանք» ձեւով։ Ունինք «տարփածու» բառը, որուն կը հանդիպինք առաւելաբար սիրային վէպերու մէջ, եւ որով կը հասկնանք այն տղամարդը, որուն կապուած է աղջիկ մը (կամ կին մը) սաստիկ սիրով, արտաամուսնական ապօրինի կապով մը…։

   բ) «Մ» գիրէն ետք ալ «Բ» կու գայ։ Օրինակ՝ ամբարտակ (ջուրի պատնէշ), ամբարտաւան (գոռոզ), ամբոխ, ապստամբ, ըմբոստ, դամբարան (գերեզման), ըմբոշխնել (ճաշակել, վայելել), թամբ (ձիու մէջքին վրայ դրուած համետ), լամբ, թմբուկ, խումբ, ռումբ, համբուրել, ըմբռնել, կաղամբ, համբաւ, ճամբայ, սմբուկ, քաջութեամբ (գործիական հոլովի մասնիկը) եւ այլն։ Բացառութիւն են փամփուշտ եւ ամփոփ։

   գ) «Ղ» գիրէն ետք եւս «Բ» կու գայ։ Օրինակ՝ աղբ, աղբիւր, եղբայր, ողբերգութիւն, բողբոջ եւ այլն։ Բացառութիւն են փողփողիլ (ծածանիլ) եւ յղփանալ (առատօրէն ուտելով՝ լիապէս կշտանալ)։

   դ) «Զ» գիրին ալ «Բ» կը յաջորդէ.— զբաղիլ, զբօսանք, սկիզբ։

*

   Եթէ Մաշտոցի ստեղծած այբուբենի երկրորդ տառը «բ»-ն էր, ապա վերջընթեր տառն ալ «փ»-ն էր։ Անունը՝ «փիւր»։ Մալխասեան բառարանին մէջ անիկա գրաւած է 56 էջ։ Բառարանը նկատել կու տայ, որ այս գիրը պէտք է հնչել կամ արտասանել «փակ շրթունքները ուժով պայթեցնելով»։

   Հիմա դա՛րձեալ մտային մարզանք մը ըրէ՛ք.— գտէ՛ք «փիւր»-ով սկսող 20 բառ։

   Բառասկիզբի «փիւր»-երուն մասին, բնականաբար, մասնաւոր օրէնք չկայ։ Բառամէջի «փիւր»-երը սակայն կը հպատակին որոշ օրէնքներու։

   ա) «Ա» տառէն ետք «Փ» կու գայ։ Օրինակ՝ չափափսէ, դափնի, գաղափար, թափառիլ, թափուր (պարապ, դատարկ), սափրիչ, ծափել, յափշտակել, մրափել (քնանալ), կափարիչ, սափոր, փափուկ, տարափ (յորդ անձրեւ), սարսափ եւ այլն։ Բացառութիւն են խաբել, բաբախել, արաբ, շաբաթ, տաբատ, ձաբռտուք, Աբրահամ, Աբիսողոմ բառերը, ինչպէս նաեւ «աբար» ածանցով աւարտողները՝ վստահաբար, հայրաբար, գիտակցաբար, բարեբախտաբար, գրաբար եւ այլն։

   բ) «Ո» ձայնաւորէն ետք ալ ընդհանրապէս «Փ» կու գայ։ Օրինակ՝ տրոփիւն, խոփ(արօրին սրածայր երկաթը), ցոփ (զեխ, շուայտ, անառակ), ամփոփ, սփոփել (մխիթարել, ամոքել), կոփել (դարբնել, մրճահարել) եւ այլն։ Բացառութիւն են Յակոբ, Յոբ, Սերոբ անունները։

   գ) «Ե»-էն եւ «ՈՒ»-էն ետք ալ «Փ»-ն տիրապետող է։ Օրինակ՝ Եփրատ, Եփրեմ, եփել, սեփական, շերեփ, տուփ, թուփ եւ այլն։

   «Փ»-ն տառադարձութեան եւ փոխառեալ բառերու մէջ կը համապատասխանէ լատինական ph բաղադրեալ բաղաձայնի հնչիւնին։ Philippe-ը կու տայ «Փիլիպպոս», Joseph-ը կու տայ «Յովսէփ», philosophy-ն կու տայ «փիլիսոփայութիւն»։

   Հիմա շատեր պիտի սկսին տրտնջալ, գանգատելով նախ օրէնքներու առատութենէն, ապա նաեւ այդ նոյն օրէնքները զանցող ու բռնաբարող բացառութիւններէն…։

   Գիտե՛մ։ Իրաւունք ալ կու տամ իրենց։ Նոյնիսկ կը լսեմ դժգոհներուն սրտին տրոփիւնը…։

   Բայց կը հրաւիրեմ զիրենք մերձենալու մեր մայրենի լեզուին՝ քիչ մը աւելի՛ գուրգուրանքով, քիչ մը աւելի՛ պատասխանատուութեամբ ու լայնասրտութեամբ։

   Ֆրանսերէնի, գերմաներէնի ու…չինարէնի ուղղագրութիւնը նուազ բարդ չէ, քան հայերէնինը։

   Առնենք պատահաբար՝ վերը յիշատակուած «հարբուխ» բառը։ Անոր անգլերէն catarrh կամ Ֆրանսերէն catarrhe հոմանիշները միթէ՞ ծուղակ չեն լարեր զանոնք գրել ուզող անգլիախօսին կամ ֆրանսախօսին…։

   Ամէնօրեայ կանոնաւոր ընթերցումը (որ մեծապէս կը նպաստէ բառերուն արտաքին ձեւ-պատկերները իւրացնելու գործին), զուգորդուած՝ վերեւ յիշատակուած օրէնքներուն, պիտի թոյլ տայ ձեզի մօտէ՛ն ճանչնալու թէ՛ «բեն»ը, թէ՛ «փիւր»ը հաւասարապէս, իրենց առանձնայատկութիւններով եւ զատորոշելի դիմագծութեամբ։

Լեւոն Շառոյեան