«Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 6 Սեպտեմբերին անջատ հանդիպումներ ունեցաւ «Լիտիան Ինթըրնեշընըլ» ընկերութեան ժամանակաւոր նախագահ եւ գործադիր տնօրէն Էդուարդ Սելլըրսի եւ «Լիտիան Արմէնիա» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Հայկ Ալոյեանի, ինչպէս նաեւ՝ ջերմուկցիներու ներկայացուցիչներուն հետ։ «Լիտիան Ինթըրնեշընըլ»ի պատասխանատուներուն հետ հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին Ամուլսարի ծրագիրին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին առնչուող հարցեր: Յատկապէս անդրադարձ կատարուեցաւ Ամուլսարի հանքին վերաբերեալ իրականացուած միջազգային փորձաքննութեան եզրակացութեան, անոր վերլուծման արդիւնքներուն եւ ներկայացուած հարցերուն: