6 Սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան Շուշի քաղաքին մէջ Արցախի Հանրապետութեան գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, մարմնամարզի, սփիւռքի եւ երիտասարդութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովին միջեւ համագործակցութեան յուշագիր ստորագրուած է:
Երկու հայկական հանրապետութիւններու խորհրդարաններու յանձնաժողովներուն միջեւ համագործակցութեան յուշագիր ստորագրոած էր էր 2012-ին, զայն թարմացնելու, ամբողջացնելու անհրաժեշտութիւն յառաջացած էր սակայն: Արցախի Ազգային Ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Սարգսեանի խօսքով` յուշագիրին միջոցով մշակուած է, որուն շնորհիւ համակարգուած կ՛աշխատին երկու հանրապետութիւններու համապատասխան յանձնաժողովները` անկախ գործող իշխանութեան կազմէն: «Յուշագիրը նախ քաղաքական նշանակութիւն ունի, այն իմաստով, որ 1998-ին երկու հանրապետութիւններու Ազգային Ժողովներուն միջեւ կնքուած համաձայնագիրին հիման վրայ համապատասխան յանձնաժողովները կնքած են յուշագիր, որով ոչ միայն տը ֆաքթօ կ՛աշխատինք, այլեւ տը իւրէ միմիանց կը ճանչնանք», ըսած է Արմէն Սարգսեան` առանձնացնելով նաեւ մասնագիտական ոլորտի գործակցութիւնը:

ՀՀ Ազգային Ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, մարմնամարզի, սփիւռքի եւ երիտասարդութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Մխիթար Հայրապետեան յայտնած է, որ յուշագիրը չափազանց կարեւոր քայլ է երկու խորհրդարաններուն համար` եւ քաղաքական, եւ խորհրդանշական առումով: «Մենք փաստօրէն սերտ համագործակցութեան նոր մակարդակի կը հասնինք, որովհետեւ այս փաստաթուղթը ոչ միայն խորհրդանշական է եւ հռչակագրային, այլեւ բովանդակային: Յստակօրէն առանձնացուած են գործնական քայլեր, որոնց հիման վրայ 2012-ին հիմք դրուած համագործակցութիւնը այս պահէն սկսեալ նոր մակարդակի կը բարձրանայ», ըսած է Մխիթար Հայրապետեան:

Յուշագիրին կնքումին ներկայ եղած են Արցախի Հանրապետութեան գիտութեան, կրթութեան եւ մարմնամարզի նախարար Նարինէ Աղաբալեան, ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, ՀՀ եւ ԱՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ, լրագրողներ:

Նարինէ Աղաբալեան իր արտասանած խօսքին մէջ կարեւոր համարած է յուշագիրին կնքումը համագործակցութեան խորացման տեսանկիւնէ. «Մեծ ակնկալիքներ ունիմ յատկապէս գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտներու համագործակցութենէն` յատկապէս օրէնսդրական կարգաւորման առումով», յայտնած է ան:
Լեռնիկ Յովհաննիսեան դիտել տուած է, որ երկու հայկական հանրապետութիւններու օրէնսդիր մարմիններուն համագործակցութիւնը ունի ռազմավարական նշանակութիւն:
Նախարարը առանձնացուցած է պատմամշակութային ժառանգութեան, նաեւ թատրոնի եւ շարժանկարի բնագաւառում օրէնսդրական կարգաւորումներու անհրաժեշտութիւնը. «Արցախի մէջ անհրաժեշտ է առաջացել շարժանկարի մասին օրէնքի ընդունում: Կարեւոր է այդ բնագաւառէն ներս երկու խորհրդարանական յանձնաժողովներու աշխատանքը: Վերջին տարիներուն Արցախը դարձած է շարժանկարի համար հետաքրքրական վայր, արտասահմանեան տարբեր ընկերութիւններ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն», ըսած է Լեռնիկ Յովհաննիսեան` անդրադառնալով նաեւ մշակոյթի համաչափ զարգացման հարցին եւ երիտասարդութեան մասին օրէնքի բացակայութեան:

Յուշագիրի ստորագրումէն յետոյ տեղի ունեցած է ՀՀ եւ ԱՀ ԱԺ համապատասխան յանձնաժողովներու միատեղ նիստ:

Տաթեւիկ Աղաջանեան