Կիրակի, 1 Սեպտեմբեր 2019-ին, տնտեսագէտ եւ սուրիական-հայաստանեան գործարար խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեան կոչ ուղղեց Սուրիոյ կառավարութեան հացի եւ վառելանիւթի նպաստը չեղեալ համարելու, փոխարէնը պաշտօնէութեան աշխատավարձը 60 առ հարիւր բարձրացնելու:

Զաքի «Ուաթան»ի թղթակիցին յայտնեց, որ կառավարութիւնը լուրջ քայլ պէտք է առնէ հացի եւ վառելանիւթի նպաստը ջնջելու համար, մանաւանդ, որ 2019-ին սուրիական պետութեան հաշուեկշիռէն 791 միլիառ ս.ո. յատկացուած է սոյն նպաստին համար, փոխարէնը առաջարկելով որ սոյն գումարը յատկացնէ պաշտօնէութեան աշխատավարձի 60 առ հարիւր բարձրացման: Ան դիտել տուաւ, որ սա տնտեսական շարք մը հարցեր պիտի լուծէ:

Ետալեան յայտնեց, որ Ընկերային Հարցերու եւ Աշխատանքի Նախարարութիւնը կարելիութիւն ունի մասնաւոր հատուածի պաշտօնէութեան աշխատավարձը եւս մասնակիօրէն բարձրացնելու: Անոր համաձայն, աշխատավարձերու յաւելումը երկրին տնտեսութեան անիւը յառաջ կը մղէ եւ սուրիական շուկային մէջ դրական տեղաշարժ կը ստեղծէ: